ՊՈԼԻՍ, «Արեւելք».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ ուղերձ մը յղած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը:
Ողջոյն յղելով Աթէշեանին եւ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն՝ Էրտողան ըսած է. «Այս տարի եւս յարգանքով կը յիշենք Ա. Համաշխարհային պատերազմի դժ-ուարին պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանցի հայերը եւ կը ցաւակցինք անոնց ժառանգորդներուն»:
Էրտողան նշած է, որ հայերը եւ թուրքերը, իբրեւ տարածաշրջանի 2 հին ժողովուրդներ՝ 1000 տարի ապրած են կողք կողքի եւ ուս ուսի, կիսելով նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ զարգացման գործին մէջ հայերուն ունեցած աւանդին: «Հայ համայնքը, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան, այնպէս ալ Թուրքիոյ հանրապետութեան գրեթէ 100ամեայ պատմութեան ընթացքին, արժանի զաւակներ դաստիարակելով՝ մեծ ներդրում ունեցած է մեր երկրի զարգացման գործին մէջ: Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս, հայերը, որպէս մեր երկրի հաւասար եւ ազատ քաղաքացիներ՝ ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին», ըսած է ան։
Էրտողանի խօսքով՝ իշխանութեան նպատակն է, որ դարեր շարունակ իրարու ուրախութիւնն ու տխրութիւնը կիսած այս երկու ժողովուրդները դարմանեն իրենց անցեալի վէրքերը եւ աւելի՛ զօրացնեն մարդասիրական կապերը: Ըստ Էրտողանի՝ այդ ուղղութեամբ վերջին 14 տարուան ընթացքին քայլեր առնուած են եւ իրականացուած են պատմական կարեւորութիւն ունեցող շարք մը բարեփոխումներ:
Էրտողան փորձած է վստահեցնել, որ օսմանցի հայերու յիշատակին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու միտող աշխատանքները պիտի շարունակուին ապագայի՛ն եւս:
«Մեր երկրին մէջ հայ համայնքին խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ երջանկութիւնը մեզի համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի: Մենք չենք հանդուրժեր մեր հայ քաղաքացիներէն ոեւէ մէկուն օտարացումը, մեկուսացումը կամ խորթ քաղաքացի ըլլալու զգացողութիւնը: Կը մաղթեմ, որ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կարճ ժամանակի ընթացքին իրենց աւարտին հասնին: Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն…։ Եւ ահա՛ կրկին կը յիշեմ 20րդ դարասկիզբին իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանցի հայերը: Ալլահէն (Աստուծմէ-Խմբ.) կը խնդրեմ, որ խաղաղութիւն պարգեւէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ մահացած միլիոնաւոր օսմանեան քաղաքացիներու հոգիներուն», եզրափակած է Էրտողան։