ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 24ին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ, տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ համակիրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ողջակիզման թանգարանին կից գտնուող «Փեն Փըսիֆիք» հանրային պարտէզէն սկսած եւ մինչեւ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարան երկարած Արդարութեան քայլարշաւին, որ կազմակերպուած էր հայկական եկեղեցիներու, քաղաքական կուսակցութեանց եւ կազմակերպութեանց ջանքերը մէկտեղած Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին կողմէ։
Մասնակիցներուն շարքին կային նաեւ ասորական, քրտական, հրէական, յունական, եզիտիներու, պաղեստինեան, իրլանտական եւ մարդկային իրաւանց աւելի քան 30 կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Արշաւէն առաջ, ելոյթներ ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեան եւ Տէյվիտ Ռիու։ Կարսեթի իր ելոյթին մէջ դատապարտեց Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը՝ շեշտելով, որ նման քայլարշաւներու եւ ցոյցերու պարզ նպատակը սուտերը ճշմարտութեամբ փոխարինելն է։ Ան աւելցուց, որ անարդարութեան դէմ կանգնելու արշաւը պէտք է լսուի Հոլիվուտի լեռներէն մինչեւ Արարատ, միաժամանակ կոչ ընելով, որ Միացեալ Նահանգները այսօր Սուրիայէն եւս գաղթականներ ընդունի, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք գաղթականներ դարձած հայերը ընդունած էր հարիւրամեակ մը առաջ։
Իսկ հիւպատոսարանին առջեւ հաւաքուած ժողովուրդին իրենց խօսքը ուղղեցին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ նահանգապետի տեղակալ Կեւըն Նիուսըմ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորեց եւ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի ատենապետ Սթիւ Զիմըր:
Իր արտասանած խօսքին մէջ, Շիֆ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը եւ նշեց, թէ անցեալի արհաւիրքները այսօր եւս կը սպառնան Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներուն, որոնք Սուրիա եւ Իրաք ապաստանած են կամ կ՛ապրին Արցախի մէջ, զուգահեռներ գծելով Օսմանեան կայսրութեան, ատրպէյճանական եւ «Իսլամական պետութեան» ոճիրներուն միջեւ։
Իր կարգին, Զիմըր շեշտեց նահանգի վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի աղդու կերպով դէմ դնել Թուրքիոյ մէջ դասաւանդուող ուրացման։
Հիւպատոսարանին առջեւ կայացած ձեռնարկը սկսաւ չորս յարանուանութիւններուն պատկանող կրօնականներու միացեալ աղօթքով, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները մեկնաբանեց Մարիա Քոզեթ ։
Հանդիսավարներն էին Հրաչ Աւետիսեան եւ Լարա Արմանի, իսկ ընթացքին ելոյթներ ունեցան Սիլվա Խաչիկեան, Ռաֆֆի Համբարեան, Արմիկ Խոտանեան եւ Ռաֆֆի Օրֆալի։
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «R-Mean», Ճոզէֆ Գրիգորեան, Արմենչիկ, Մարիա Քոզեթ եւ Յարութ Փամպուքճեան։