ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ – ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բայց ինչպէս թարմ օդ
Շնչառութեանս հետ
Կեանքս կը կիսես
Եւ աչքերս ինչպէս հեռու աստղ մոլորակին
Լոյսը կ՛ըմբոշխնեն
Ես քեզ կ՛ունենամ…
Մաշկիս տակ արեանս հոսքին մէջ
Եփրատի ջուր է…
Կը թաքցնեմ քեզ՝ ջուր, ինչպէս մեծ մայրիկ
Որ խմեց՝ Ծովինարին պէս
Եւ յղացաւ զիս՝ որ չէ տեսած
Հիմա կը շրջի հետս
Արեան տեսքով
Ծարաւս յագեցնող ջուրի միջոցով…
Ճառագայթի մը պէս
Որ սահմաններ անցնելու զօրութիւն ունի
Հողէն դուրս գալու ուժգնութիւն
Եւ սանձե՞լ այդ ուժը
Երբ արդէն գոյ է անջրպետէս ներս
Սրբութեան մը պէս
Անուշաբոյր տարածուող զերթ ոսկեփոշի
Հականեխող ներկայութիւն.
Ու որթատունկին խորհուրդով
Ծինային հրաշքով
Արեանս շրջանով
Սկզբնական Միւռոնով
Կը զգամ ջերմութիւնը պարգեւուած
Բոյն գտած ոսկրածուծի մէջ
Որ՝ կը շարժէ մատներս
Որոնք նորածին բառերս
Կը վերածեն յոյսի
Միասին կ՛անցնինք անարգել սահմաններ…
Եփրատի ջուր
Դարձար մեծ մայրիկ ու դարձար թոռ
Ամբարտակներ յաղթահարելով
Հասար ինծի՝ Միջագետք…
Մոլորակը գիտէ գաղտնիքն այս տարօրինակ
Արդար եւ անարդար
Հեռու աչքերէս՝ դուն ոսոխին ես
Թէեւ իմ մէջս…
Եւ հեռու ինձմէ ինչպէս արեւ
Որու՝ անգամ մահացող ճառագայթներով
Նահատակներուն աճիւնափոշին
Ծաղկեցաւ իմ մէջ
Հովի խորհախորհուրդ օրհնուած ջուրով,
Քմահաճ խաղով.
Ու հիմա մեծ մօրս երազին մէջ եմ
Իսկ ես՝ թոռանս
Ամէն բանի մէջ՝ մանրանկար տիեզերք
Մեր մարմինէն ներս, մարմինէն դուրս
Ժամանակէն ներս, ժամանակէն անդին
Տերեւի կամ աստղի մէջ…
Անտես այլմոլորակայիններու գոյութեան շշուկ
Որու հետ պէտք է հաշտուիլ
Որոնք թերեւս այս պահուս կը շրջին էջերուս վրայ
Իրենց բարութեամբ թելադրելով տառեր՝
Զետեղած իրենց երակներուն վրայ իբրեւ ծածկագիր
Աչքերու լոյս
Հարց կու տամ՝ դուն ինձմէ կ՛ելլե՞ս
Թէ՝ ինծի կու գաս…
Երամներու պէս աղաւնիներու
Որոնք հոգիներն են անոնց…
Անկոպտելի էք միայն դուք
Ինծի հետ էք ուր որ երթամ
Չէք փճանար, չէք այրիր
æուրին մէջ չէք խեղդուիր
Միասնաբար կ՛անցնինք
Անհունէ անհունը նուաճումներու…
Կը փոխադրէք կայծերէն՝ հրդեհ
Լոյսերէն՝ փայլակ
Երկինքէն՝ երկիր
Ծովէն՝ անապատ:
Եփրատէն կու գանք
Մենք վերափոխուած եւ մկրտուած
Աներեւոյթ կրակով, ջուրով եւ ուխտով…
Նոյնիսկ եթէ այրած են՝ կամուրջը անոր
Սահմանները փակած են ահաբեկիչներ…
Առանց խեղդուելու, առանց այրելու
Անապատի միայնութեան մէջ
Մենք միաձուլուած
Կը սաւառնինք մեր պանդուխտ երկրէն
Ձեր երկինքն ազատ:
Երկինքը՝ հոս երկրի վրայ:
Ու նոր երկինքներ…
Կը շրջիմ ձեզ հետ մոլորակէ մոլորակ, արեւներ անհուն…
Հարստացած հին ջուրով հողով
Գինիով Կանայի…
***
Պարտական Եմ
Հարիւր տարիներ առաջ խողխողուած
Նահատակ իմ քոյր, պարտական եմ ես
Հաշուետու քեզի, իմ կեանքով
Քու սուրբ արիւնիդ փոխարէն…
Նահատակ խրոխտ իմ եղբայր
Նախանձախնդիր իմ արմատ
Հրկիզուած տանջուած իմ պապիկ
Անգութօրէն զոհուած մամիկ
Պարտական եմ հաշիւ տալու ձեզի
Ողջակիզման ու յոյսին փոխարէն
Իմ կամքով ու վճիռով անփոփոխ
Առաքելութեամբ հզօր հաւատքի…
Նահատակ հայ մանկիկ պարտական եմ
Դեռ կեանք տալու եմ քեզի, քու չապրած,
Լոյսին չբացուած նոր գարուններուդ
Օրերուդ արեւներուդ փոխարէն…
Չենք մոռցած, երբեք չենք մոռնար.
Թող նզովուիմ եթէ մոռնամ:
Յիշատակը վերածած պայքարի
Կտակ պահանջատիրութեան
Անվհատօրէն կը քալենք
Տատասկոտ արահետներէն
Հաւատարմութեամբ պարտական ենք մենք
Մեր վարքով հաշուետու ձեզի…
***
Քարայրներու ընդյատակեայ
Խաւար որովայններուն մէջ
Նահատակները կ՛աղօթեն
Հողի շերտերէն կը ճախրեն վեր
Հոգիները կրակէ
Բոցեղէն լեզուներով…
Սուրբեր դաս-դաս
Սուրբեր խումբ-խումբ
Կայծկլտացող լոյսերու բոցակիզող մաքրութեան մէջ
Յստակ կ՛ուրուագծուին դիմագիծերը
Օդին մէջ շշուկներ
Գարնանային զեփիւռին միախառնուած
Կ՛երգեն շարական
Կը ճեղքուի երկնակամարի կաս-կապոյտ վարագոյրը
Երկինք փառքով կը դիմաւորէ
Արդէն իսկ սրբադասուած հոգիները
Սրբութեան սրբոց խորաններէն, կամարներէն ներս
Երամներով, շարան-շարան
Դեռ կը բարձրանան
Հրեղէն լեզուներով, բոցեղէն պարիսպներով
Սուրբեր դաս-դաս
Սուրբեր խումբ-խումբ…
Քարանձաւի լռութենէն դուրս
Ձայն մը կ՛աղաղակէ յստակ ահեղագոռ
Ան, որ ամբողջ տիեզերքը վեր կը բռնէ
Բնաւ չթողուր, որ հոգիները ձեր մնան վար…
Հալէպ