ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ
Արտառոց ժամանակներ ենք: Օդը՝ անթափանց աւազամրրի՛կ, ջուրերը՝ տի՛ղմ: Փոխան զատորոշելի բանակներու՝ համատարած սեւ դիմակաւոր ու հանդերձաւոր վարձկաններ, հրձիգ մարդասպաններ, անխնայ աւերող խափանարարներ: Գաղափարի, կշռադատումի տէր լրագրողներու աթոռները յափշտակած վարձկան անամօթ փողահարներ: Մօտիկ մեր անցեալին իսկ՝ շա՛տ օտարոտի եւ անշուշտ շփոթեցուցիչ նոր կարգեր:
Մեր Հայրիկը՝ Խրիմեանը, շուրջ դար մը առաջ միջազգային հարիսայի կաթսային դաժան թանձրութեանը իրազեկ՝ ողբաց թուղթէ մեր շերեփով հարիսայէն պատառիկ մը կորզելու ձախողանքը: Իսկ այսօ՞ր: Ցեղասպանութենէն դար մը ու արդէն երկու տարի ետք, ունի՞նք պատկերացում մը, թէ ճիշդ ի՞նչ կաթսայի առջեւ ենք: Հապա ի՞նչ թանձրութիւն, ի՞նչ շերեփ:
Այլ կերպ ըսուած՝ մեր մտահոգութիւնները, հարցականները, փափաքները առօրեայ տեսանելին, լսելին ու շօշափելին են՝ մեր գրութիւններէն, բեմերէն: Մեր մատները կը գալարուին, կը կրծենք մեր եղունգները: Բայց՝ յո՞ երթանք ու, մանաւանդ, ինչպէ՞ս պիտի երթանք: Իր բացակայութեամբ, ամէնուրեք ու ամէնօրեայ բարձրաղաղակուած են մանրամասն, լրջօրէն հետազօտուած ու հեռահաս ծրագրուած բաւականաչափ յստակ մայրուղի ու թիրախ:
Կ՛ըսեն՝ միշտ եղած ենք ծանօթ՝ որպէս յաջող առեւտրականներ: Եկէք ուրեմն պահ մը որդեգրենք մեր ամերիկեան ներկայ քաղաքական առեւտրամիտ առաջնորդութեան մեզի դիւրահասկնալի տրամաբանութիւնը: Որպէս անոր հաշուապահ՝ բանանք համահայկական ազգային պատմաքաղաքական-ընկերային գանձարանին ելեւմուտքի հաշուետետրը: Ո՞ւր է կանգնած անոր այսօրուան հաշուեկշիռը: Ապա հետեւաբար նաեւ՝ ի՞նչ հեռանկարներ:
Արտաքին ու ներքին էջերուն վրայ անշուշտ ծանրանիստ կ՛իշխէ Ցեղասպանութիւնը, մեծ «Ց»ն։ Մուտքի, այսինքն շահու էջին՝ հակառակ թուական մեր ահաւոր կորուստին, շատ երկիրներէ ու Հայաստանէն ներս բաւականին բազմացանք ու բարգաւաճեցանք: Արտաքին ճակատին վրայ, համեմատած մեր տակաւին փոքր թուաքանակին ու յարաբերաբար վտիտ նիւթական միջոցներուն, յատկապէս վերջին տարիներուն, մեր «Հարց»ի բաժինին նշանակալից դրական ներդրում մուծեցին հոգեւոր ու քաղաքական «բանալի» ու կարկառուն դէմքեր ու մարմիններ: Ինչպէս՝ Հռոմի կաթոլիկ քահանայապետը, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի նախագահները, քաղաքակիրթ պետութեանց, նահանգներու եւ քաղաքներու լաւատեղեակ ու գիտակից խորհրդարաններ, քաղաքագէտներ: Ներքին ճակատին վրայ եւս «Ց»ն եղաւ այն գետինը ուր հայկական պետութիւնը ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը դարձան միաձոյլ, ցոյց տուին լաւ համադրուած ու արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու համոզիչ կարողութիւն: Մանաւանդ՝ յստակ ձախողութեան մատնուեցան ի գին մեծ գումարներու վատնումի մը զղչալու անատակ Ժխտողին հսկայական հակադարձութեան ճիգը: Պահանջատիրութեան հայուն արդար գիտակցութիւնը անգամ մը եւս կոփուեցաւ, գուցէ եւ առաւել հզօրացաւ: «Ց»ն եղաւ ու կը մնայ աշխարհի համայն հայութիւնը համախմբող աներկբայ գործօնը:
Այսուհանդերձ, վերեւի դրական այս մուտքը որքանո՞վ հնարաւոր է ընկալել որպէս նախատիպար, որպէս նախատեսում հաշուեկշիռի գալիք թեքումին: Հետեւաբար ո՞ւր եւ ի՞նչ ճամբով եւ ուղութեամբ կատարել ճիգի եւ կեդրոնացումի մեր հիմնական ներդրումը:
Պատասխանի մը համար, պարտաւոր ենք նախ սառը քննարկել հաշուեկշիռին ելքի անհաճոյ էջը: Արտաքին մեր ճակատին վերեւ սպառնալից կանգնած է անծանօթութեան դաժան դեւը: Հայաստանը ու հայը համաշխարհային մեծ զանգուածներուն համար «Մեծ Անծանօ»չն են, անճանաչելին են: Այս իրականութիւնը անհնար է վանել զայն անտեսելով, արհամարհելով կամ ինքնախաբէական որեւէ օրօրով: Ազգային մեր գանձարանին դարաւոր հարուստ աւանդն ալ աւաղ, գրէթէ լրիւ հայերէն ու անցեալին մէջ պարուրուած, մեզմէ զատ համաշխարհային այսօրեայ մեծ շուկային վրայ կը մնայ անհասանելի, աննշմար: Ուրկէ՝ հետեւաբար էապէս գրեթէ անկշիռ ու մանր փոխարժէքի անոր հանգամանքը: Այս անճանաչելիութիւնը Աքիլլէսի մեր խոր խոցելի կրունկն է անկասկած: Հասկնա՛նք:
Ճանաչումը անվիճելի հիմն է ամէն կարգի ընթացիկ հոլովոյթներու, յարաբերութեանց, գործառնութեանց: Միայն անկէ կրնան բխիլ, աճիլ ու յարատեւել մեր նկատմամբ ամէն հետաքրքրութիւն, գնահատանք, համակրանք, ապա եւ զօրակցութիւն, առեւտուր, ներդրում, զբօսաշրջութիւն, եւ այլն: Անոր համար ստիպողական անհրաժեշտութիւն են միջազգային տարողութեամբ կրկնակի յստակ յաջողութիւններ ու յաղթանակներ, շարունակական դրական տեսանելիութիւն: Բնական ու անվիճելի իրականութի՛ւնը ահա: Քաջալերական էր անոր լաւ իրազէկ ըլլալը յայտնաբերող Հայաստանի նախագահին ու վարչապետին վերջերս ունեցած իրարայաջորդ արտայայտութիւնները:
Քաղաքական շրջանակներուն ու մանաւանդ ժողովրդային զանգուածներու յիշողութիւնը կը տառապի կարճատեւութեան տխուր հիւծախտէն: Մանաւանդ երբ անիկա կը վերաբերի անծանօթի մը: Յաւելեալ բարդութիւն մըն է «Ց» բառին վերջին ժամանակներուն միջազգային բեմին վրայ կրած արժէզրկումը, նոյնիսկ ապականումը, քաղաքական ստոր շահագործման որպէս ոտնագնդակ ու զոհ: Ուրկէ եւ՝ ժողովուրդներու աճող անտարբերութիւնը, նոյնիսկ արհամարհանքը «Ց» բառին նկատմամբ, ընդհանրապէս: Ըլլալով «Անծանօ»չը եւ ըլլալով անսկզբունք քաղաքագէտներու հաշիւներուն պատանդը՝ մեզի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ կասեցնել «Ց»ի նշանակութեան ցաւալի այս նահանջը: Հրանդ Տինքի զոհաբերումը յառաջացուց սկզբնական բազմազգի պոռթկում, անցողակի կերպով նշմարուեցաւ միջազգային շրջանակներէն, սակայն անոր հայկական ամբողջական աղերսը այսօր հիմնականին մէջ ապաստան գտած է գրէթէ միայն մեր նեղ միջավայրէն ներս, փայլանեան խիզախ հռետորութեան առընթեր: Անճանաչելիութեան դիւրաբեկ զոհերը: Մինչ այդ, Թուրքիան կը շարունակէ յաջող խաղալ իր «արխիւ»ները քննելու իր «հրաւէր»ին մեր մերժումի քարտը:
Ապա եւս ներքին ճակատին վրայ: Այստեղ՝ «Անծանօ»չ մը ըլլալու ենթագիտակից կրծող զգացումը, այսօրեայ համաշխահային բեմին վրայ, մեր յաջողութեանց եւ յաղթանակներու յարատեւ ու տեսանելի բացակայութեան հետ համաքայլ, հաշուեկշիռը անդուլօրէն կ՛առաջնորդեն լուռ բայց անողոք մաշումի ճամբով: Բացառութիւն չէ նոյնիսկ մեր վերջին ժամանակներու մեծ իրագործումը՝ Արցախի ազատագրումը, որ համրօրէն կ՛աղօտանայ կուտակուող անցեալի մշուշին մէջ: Մաշում՝ հայ նոր թէ հին սերունդներուն ազգային հպարտութեա՛ն, հետեւաբար գիտակցութեա՛ն, լաւատեսութեա՛ն, աշխատունակութեա՛ն, համագործակցութեա՛ն, թիւի՛ն: Հայ զանգուածներ նոյնիսկ ալ չեն վարանիր թրքական համադամներ գնելէ եւ հաճոյալի կուլ տալէ: Կործանարար այս շղթայի իրականութիւնը շտապ վանելը, կամ անարդարանալիօրէն պարզամիտ լաւատեսութեամբ վիճարկելը միայն կը բարդացնէ անողոք կացութիւնը: Ահա՛ ուրեմն հաշուեկշիռին տակաւ կուտակուող բացին սարսափազդու սպառնալիքի ժանիքը:
Այս պայմաններուն մէջ , ուրեմն, յո՞ երթանք, եթէ տակաւին լրջօրէն մտադիր ենք երթալու: Երթա՛նք, բայց մանաւանդ չմոռնանք Շերեփը: Ի՞նչ շերեփ:
Ձեւակերպենք թիրախն եւ ուղին: Արտաքին շուկային վրայ՝ ներկայ ու արդիական հասկացողութեանց մատչելի եւ միջազգայնօրէն շատ ըմբռնելի «լեզուով» շարունակական յաջողութեանց, արդիւնաւէտ իրագործումներու, անվիճելի բայց անարիւն յաղթանակներու միջոցաւ ապահովել Հայաստանի եւ հայուն համաշխարհային լայնատարած, յարատեւ եւ շօշափելի տեսանելիութիւնը, ճանաչումը եւ անոնցմէ բնականօրէն բխելիք համակրանքն ու բազմակողմանի եկամուտները: Ահա՛ թիրախը: Բայց ի՞նչ ուղիով, իմա՝ ի՞նչ շերեփով…:
Նոյն թիրախը՝ նոյնքան ազդու ներքին շուկային վրայ՝ վերականգնելու համար ազգային հպարտութիւնը, յաջողակի եւ յաղթողի արդարացի գիտակցութիւնը, արդիւնաւէտ կերտելու կարողութեան վստահութիւնը, ապագայի նկատմամբ արմատական լաւատեսութիւնը, լրջութիւնն ու վճռակամութիւնը: Բայց տակաւին, ի՞նչ ուղի, ճիշդ ի՞նչ շերեփ…:
Շերեփին անբեկանելի մետաղէ ձուլման մէջ տեղ պիտի չունենան եւ չեն կրնար ունենալ, կը ներէք, անցեալի ու ընթացիկի անվերջ ծամծմուած միտքերու գրաւոր յանկերգները, բեմական բարձրաղաղակ հաճոյախօսութիւնները ու մանաւանդ՝ զոհի, ողբի եւ խնդրարկուի մեր չոր արմատացած մտապատկերը, մտածելակերպը, բառամթերքը, երգ ու խօսելակերպը: Այդ բոլորէն, ամէնուրեք եւ բացայայտ կը բացակայի հատու արդիական շերեփը: Ներկայի թէ՛ արտաքին թէ՛ ներքին շուկաներուն համար ալ նոյնքան ազդու, հզօր կոփուած ու ծանրարժէք շերեփին սքանչելի էութիւնը, յատակագիծը եւ գործածակերպը զարմանալիօրէն մեզի տուաւ «Ց»ի զոհ մեր առաջին մտաւորականներէն շատ յստակատես ու հեռատես երիտասարդ մը, աւելի քան դար մը առաջ: Մեր դասական մտածողութեան միայն վարժ շատերու համար դժուար հասկնալի, այսուհանդերձ շատ կենսական, շատ իրագործելի եւ իւրայատուկ ուղին դարբնող Շերեփին բովանդակ համայնապատկերը ու անոր մասին հիմնաւորուած ու հաստատ իմ համոզումս բաւական մանրամասն պարզուած է այլուր եւ այլ առիթներով:
Աւելին: Ներքին մեր շուկային համար արդեօք չունի՞նք նոր «Հայրիկ»ի մը սուր կարիքը եւս: Ներկայի ու մօտիկ ապագայի համար թերեւս ո՛չ այնքան Ճորճ Ուաշինկթընի մը, Ճիուզէփփէ Կարիպալտիի մը կամ Օթթօ Ֆոն Պիսմարքի մը նման հզօր անհատականութեան մը, որքան Մահադմա Կանտիի մը, Նելսըն Մանտելայի մը ու մանաւանդ՝ Մարթին Լուտըր Քինկի մը նման անդուլ պայքարող, լուսաւորիչ, վերանորոգիչ ու վերազարթուցիչ ձայնի մը, ջահակիրի մը: ՄԼՔը, մեր այս մեծ երկրի սեւամորթ փոքրամասնութեան այդ տիտանական առաջնորդը, «ունէր երազ մը», ուրկէ բխող կիզիչ հռետորութեամբ, թէեւ ի գին իր կեանքին, գրեթէ լման յաջողեցաւ իր արիւնակիցները կարճ ժամանակի մէջ դուրս բերել ընկերային եւ տնտեսական դարաւոր իրենց մեկուսացումէն ու մանաւանդ կրաւորական մտածելակերպի եւ վարուելակերպի լճացումէն, բարձրացնել զանոնք ամերիկեան, այլեւ միջազգային արդի, լայն տեսանելի եւ մնայուն բեմահարթակ:
Գուցէ ուզենք եւ որոշենք գտնել պարթեւահասակ, կամ լայնուս, կամ բամբ ձայնով, կամ եւ այդ բոլորով օժտուած բայց քաղաքական գունաւորումէ ազատ, առինքնող, մտաւոր լուրջ խորքի տէր մէկ նոր «Հայրիկ»: Ես ըսեմ առաքեալ մը, դուք ըսէք առաջնորդ մը: Արդեօք նման անձ մը ինքնի՞ն կու գայ հրապարակ, թէ միասնաբար մե՛նք կը յատնաբերենք ու կը զօրակցինք իրեն, սին ու ճղճիմ հաշիւներով զինք ճզմել փորձելու փոխարէն կը սատարենք որ ան հիմնովին վերափոխէ ու վերակենդանացնէ մեր ներկայի մտածելակերպի, ապրելակերպի, գործելակերպի մեր ամբողջ «մշակոյ»չը, ուժգին լիցքաւորէ եւ դէպի արդիական յառաջը մղէ ընդարմացած, կարծէք անցեալով կապանքուած ներկայի հեւասպառ մեր արագ տեղքայլը:
Մեր ազգային Գանձին հարուստ ժառանգը ու անհատներու անվիճելի յատկութիւնները գրաւականներն են, թէ լրիւ վերակենսաւորուած ու վերաներշնչուած լուրջ յառաջխաղացի մը տեսլականը երազէ մը աւելի մեզի կը թելադրէ հաւատք, կը թոյլատրէ նոյնիսկ համոզո՛ւմ: Հաւանաբար առանց իսկ նոր «Հայրիկ»ի մը, բայց անպայմանօրէն նոր Շերեփով:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեան եւ Ընտանիք
Mr. & Mrs.Vahan & Anoush Chamlian
Fresno