ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կրկին Ապրիլ 24 է, ու իբրեւ պահանջատէր հայեր մեզի կ՛իյնայ, որ մենք դարձեալ ու լրջօրէն պրպտենք պատմութեան էջերը՝ անկէ դասեր վերցնելու, սորվելու, ուսուցանելու եւ նոյն ատեն քննելու եւ արժեւորելու ցարդ մեր կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները:
Այս թուականը նաեւ մեզի յիշեցնել կու տայ, թէ մենք ամէն օր տակաւին գործ ունինք թուրքին եւ Թուրքիոյ հետ: Որովհետեւ այս վերջինը այլեւս աշխարհի գիտցած կամ մեզի ծանօթ քեմալական թուրքը կամ Թուրքիան չէ, այլ իր ինքնութիւնը օսմանեան անցեալին մէջ փնտռող պետութիւն մը:
Միւս կողմէ սակայն, տեսանելի է, թէ ներկայիս Թուրքիոյ նախագահը կ՛ուզէ գլխաւոր դերեր ստանձնել միջազգային բեմին վրայ, որովհետեւ «պաղ» պատերազմի հալեցումով, իր երկիրը՝ Թուրքիան, կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնն ու նշանակութիւնը: Հոն իշխող վերնախաւը լրջօրէն կը հաւատայ օսմանեան կայրսրութեան մը վերակենդանացման հնարաւորութեան:
Երազ է: Եւ մի մոռնա՛ք, որ նման երազներ ունին նաեւ Իրանն ու Ռուսիան:
Տակաւին մեր յիշողութեան մէջ թարմ է, որ մեր ժողովուրդի կենսական շահերը միշտ բախում ունեցած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ շահերուն հետ: Այս երկուքն ալ վտանգաւոր են մեզի համար, որովհետեւ ծածուկ կամ բացայայտ, երկուքն ալ ախորժակներ ունին եւ նոյն վերաբերմունքը՝ որ է կուլ տալ իրենց հարեւանները, որոնք կանգնած են իրենց շահերուն դէմ:
Գիտենք, որ միշտ հզօր պետութիւնները կը փորձեն ընկճել եւ ներքնապէս ու արտաքնապէս թուլացնել փոքրերը, որպէսզի կարենան ղեկավարել, իշխել, գերեվարել: Միւս կողմէ, Արեւ-մուտքն ալ իր շահերէն մեկնած լրջօրէն կը հետեւի նման բոլոր շարժումներուն: Կը կարծեմ, որ այս օրերուն, համայն աշխարհն ալ շուարած՝ կը սպասէ թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ պատերազմի, եւ այս սպասումին մէջ է, որ փոքր ազգեր անդադար կը զինուին, գալիք օրերու անստգութեան դէմ: Բոլորն ալ կը հաւատան, որ խաղաղութիւնը միայն զէնքով կը պահպանուի:
Վերջ ի վերջոյ, այն եզրակացութեան կը յանգինք, որ ցարդ աշխարհի վրայ խաղաղ կեանք չկայ, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը նաեւ կը տառապի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, բարոյական ճգնաժամերու մէջ, որմէ դուրս գալու համար անհրաժեշտ եւ արագ փոփոխութիւններ պէտք են:
Իսկ մենք՝ մեր պարագային գիտենք, որ ցարդ ո՛չ ոք կոչուած է մեզ փրկելու: Ո՛չ մէկը նպատակ ունի մեր սեւ աչքերուն համար, մեզի ձեռք երկարելու: Ո՛չ մէկը մտահոգ է մեր քրիստոնեայ փոքր ածուի ճակատագիրով: Ընդհակառակը, բոլորն ալ իրենց քաղաքական ախորժակներէն մեկնած, կ՛ուզեն կլանել մեզ: Կ՛ուզեն եւ կը փորձեն կրճատել մեր տեսակը: Մեզի համար այլեւս նորութիւն մը չէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը աշխարհի հզօրները միշտ կ՛օգտագործեն Թուրքիոյ դէմ, իբրեւ ճնշում գործադրելու լծակ:
Այլ խօսքով՝ կը շահարկեն մեր հարցը: Արեւու նման այլեւս յստակ է այս մէկը:
Արդ, ինչ կը վերաբերի հայկական պահանջատիրութեան իրաւական դաշտ մուտք գործելու նախաձեռնութիւններուն, նախ պէտք է լաւ հասկնանք, թէ հիմա ո՞ւր ենք մենք, եւ մեր գործը որո՞ւն հետ է: Արդեօք ճիշդ ուղիով կ՛ընթանա՞նք կամ արդեօք իրաւ ու հարազատ դաշնակից ունի՞նք, թէ ո՛չ…: Որովհետեւ, լաւ պէտք է գիտնանք, որ միայն մեր պահանջատիրութեան աշխատանքներն են, որոնք մեզի նոր յոյսեր կրնան բերել:
Տեսնուած է, որ մեր բոլոր յուսախաբութիւններէն վեր, մեր յոյսն է, որ մեզ ապրեցուցած է:
Ուրեմն, սորվինք պատմութեան դասերէն: Հետեւինք պատմութեան տողերուն: Անկէ բան մը ընդօրինակենք:
Լաւ յիշեցէ՛ք. առողջ ազգերը նման ընտրանքին առջեւ չեն կենար: Անոնք կը կառուցեն իրենց երկիրը: Կեցուածք կը դրսեւորեն: Զիրար կը յարգեն: Հեռանկար կ՛ունենան եւ կը տեսնեն: Ծրագրուած կ՛աշխատին: Միակամ եւ միախորհուրդ կը գործեն:
Ճիշդ է, որ ցարդ, Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը հայկական հարցի ջաղացքին նոր հոսանք տուաւ, բայց այս մէկը բաւարար չէ, որ մենք կարենանք մեր պահանջատիրութեան սայլը աւելի յառաջ քշենք: Ներկայիս Թուրքիան մտահոգուած է, որ իր ժողովուրդը կը վիրաւորուի ճշմարտութենէն: Բարեբախտաբար սակայն, թուրք հասարակութեան մէջ հետզհետէ մարդիկ կը փորձեն հաշտուիլ իրենց սեփական եւ մեր ընդհանուր պատմութեան հետ:
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ անոնք փոքրաթիւ են, բայց խոհեմ, եւ համարձակ մարդիկ ալ են: Տեսանելի է, որ անոնք ոգեշնչուելով Հրանդ Տինքի նուիրումէն եւ առաջնորդուելով սեփական բարոյականութեամբ, անոնք կ՛աշխատին նուազեցնել մեր միջեւ եղած անջրպետը:
Չեմ կարծեր, որ այս մէկը արագ եւ հեշտ գործընթաց կրնայ ըլլալ: Բայց եւ այնպէս…:
Ուստի, մեր «պէտք է»ները շատ են: Բազմաթիւ: Անոր համար է, որ ամէն բան կախուած է մեզմէ, մեր ձեռք ձգած կամ ձգելիք յաջողութիւններէն: Մեր աշխատանքներէն: Մեր գործելու եւ մտածելու եղանակներէն: Մեր իրաւ բարեկամ եւ դաշնակիցներէն: Աւանդական մտածողութենէն անդին անցնելով, պէտք է անկէ դուրս գանք: Այս բոլորը կարելի են, եթէ մեր քաղաքական ուժերը կարենանք միաւորել: Մեր ազգային գիտակցութեան կողքին սէր, ոգեւորութիւն եւ անձնուիրութիւն է պէտք:
Այսինքն՝ «կարճ խօսքով», մեր ճակատագիրը մեր ձեռքն է: Ամէն յոյս Ռուսիոյ կամ Արեւմուտքին վրայ պէտք չէ դնենք: Չմոռնանաք՝ ռուսը իր տեղը, եւ Արեւմուտքն ալ՝ իր: Աշխարհին բացուինք: Եւ ասոր իրականացման համար նուազագոյնը պէտք է դառնանք միակամ եւ անկախ թէ՛ միտքով եւ թէ՛ սիրտով ապա համերաշխ՝ աշխարհին դիմաց պարզենք մեր պահանջները: Այս բոլորը կը կարծեմ, որ կարելի են, եթէ կարենանք ամրացնել, լայնցնել մեր արտաքին շրջանակը, միաժամանակ ու մանաւանդ պահպանելով մեր ունեցած առաւելութիւններն ու դիրքը: Սրտէն աւելի եւ առաջ, մեր միտքը գործածենք:
Համահայկական ոգի է պէտք, կը կրկնենք ու կը շեփորենք միշտ: Շարժիլ՝ նոյն այդ ոգիով եւ գործել՝ միայն համահայկական շահերէն մեկնելով: Ասոնց վրայ աւելցուցէ՛ք նաեւ հանրային կարծիք ստեղծելու առաւելութիւնները: Այսինքն՝ յարատեւօրէն շարունակել Հայ Դատը օտարին ծանօթացնելու գործընթացը: Մեզի համար շատ յստակ է, թէ մենք միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում չէ որ կը պահանջենք, այլ՝ արդարութիւն եւ հատուցում:
Վերջ ի վերջոյ, պէտք է ձգտինք միասնութեան: Ու այս մէկը ոչ թէ խօսքով, այլ գործնական ձեւով, որպէսզի ամրապնդած մնանք մեր հայրենիքի անկախ պետականութեան ազգային դիմագիծը:
Կը հաւատանք, որ Հայաստանի ազատ եւ անկախ հանրապետութիւնը, միակ իրաւատէրն է միջազգային ատեաններուն մէջ, հնչեցնելու հայոց պահանջատիրութեան ձայնը: Բայց էական է, որ Սփիւռքն ալ իր լծակը դառնայ: Աջակիցը: Գործընկերը: Խորհրդակիցը: Թուրքը լաւ գիտէ Սփիւռքի ուժն ու կարեւորութիւնը եւ կարողականութիւնը: Հայսատանն ալ այս մէկը լաւ պէտք է գիտնայ: Ուստի, անպայմանօրէն եւ անսակարկ, Սփիւռքն ալ պէտք է մասնակից դառնայ ու նպաստէ հայկական դիւանագիտութեան հզօրացման:
Մեզի համար, ըլլա՛նք հայրենիք եւ կամ Սփիւռք՝ Ցեղասպանութեան յաղթահարման մարտահրաւէրը կը մնայ միշտ այժմէական: Այդ մարտահրաւէրին ընդառաջ, մենք նաեւ չմոռնանք շարունակել պայքարիլ յանուն մեր լեզուի գոյութեան, մաքրութեան, յարատեւութեան եւ յանուն մեր մշակոյթի պահպանման:
Ուստի, հետեւողական աշխատանք է պէտք, ու նաեւ հզօրացումը Հայաստանի պետականու-թեան եւ յատկապէս իր արտաքին քաղաքականութեան:
1915ին, մեծ ոճիր մը գործուած էր: Ոճիր մը, որ կը հատուցուի միայն հայկական բոլոր իրաւունքներուն տիրանալու կամ անոնց վերադարձով:
Վստահ եմ, որ մեր նոր սերունդները ներշնչուած են հաւաքական ինքնագիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ: Բայց եւ այնպէս, յատկապէս այս օրերուն, էականը պահանջատէր մնալն է:
Էականը եւ անսակարկելին:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
CAROUSEL
Glendale & Hollywood
Primex Laboratories