ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
…Նորէն Ապրիլ, նորէն՝ համախմբում, նորէն՝ քայլարշաւ հայ աշխարհի բոլոր ծագերուն: Կրկին ու կրկին պահանջատիրութեան պաստառներ, բարձրագոչ հայրենասիրական կոչեր:
Այսպէս՝ վերջին յիսուն եւ աւելի երկա՜ր ու պրկուած տարիներ: Նախորդ հարիւրամեակի առաջին յիսուն տարին մասամբ քալեցին մեր սփիւռքահայ եղբայրներն ու քոյրերը, իսկ Հայաստան աշխարհի մէջ չքալեցինք: Հայրենիքի մէջ մեր երիտասարդ սերունդը սովետական եղբայրական ժողովուրդնե-րու թմբիրին մէջ, անուշ քուն մտած ըլլալու երեւոյթը ունէր եւ գաղափար անգամ չունէր, թէ ինչ ըսել է ԵՂԵՌՆ:
Հիմնականին մէջ, Եղեռնէն ճողոպրած հայերու մնացորդաց, օտար հողերու վրայ կերպով մը բոյն շինած, հայրենիքի տեսլականով տառապած եւ անոր հովանիին տակ նոր բոյն, հայրենի օճախ ունենալու երազանքով ներշնչուած, ներգաղթած հայերու (աղբարիկներու) շնորհիւ հայաստանաբնակ հայերը գիտցան, հասկցան, թէ ինչպէ՞ս է, որ այդքան մեծաթիւ հայեր յայտնուած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, նոյնիսկ՝ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ:
Հասկցան՝ եւ սկսան քալելու՝ արդարութիւն փնտռելով, եւ ահա քանի տարի է կը քալէ հայը արդարութեան ետեւէն: Սկիզբը՝ կորսուած հողերը պահանջեց հայը, առանց հասկնալու, որ հողը չեն տար, կ՛առնեն, կ՛առնեն ուժով, պայքարով:
Եկաւ պահը եւ հայը հասկցաւ, որ ոճրագործ թուրքին նախ պիտի դնել ցեղասպանութեան փաստին առջեւ եւ յետոյ նոր միայն անցնիլ պահանջատիրութեան խնդիրին:
Առաջինի պարագային մենք որոշ յաջողութիւններու հասանք: Աշխարհի 28 պետութիւն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Երկրորդ պարագան, որ անմիջականօրէն կապ ունի առաջինին հետ՝ տեղքայլի մէջ է եւ առերեւոյթ դժուար լուծուելիք:
– Ի՞նչ ընենք, նորէ՞ն քալենք, նորէ՞ն պոռանք, կանչենք: Լաւ, նորէն քալենք, թող այս սրբացած օրը՝ Ապրիլ 24ը մնայուն ըլլայ մեր ողջ կեանքին ընթացքին: Թէեւ բոլորս ալ գիտենք, որ տարուան ընթացքին մէկ օր քալելով հարց չի լուծուիր:
– Քիչ մը շատ չեղա՞ւ մեր քայլքին երկարութիւնը, ուրիշ նոր ուղիներ չփնտռե՞նք: Եթէ հաշուելու ըլլանք այսքան տարիներու ընթացքին աշխարհածաւալ մեր քայլքին երկարութիւնը, բոլորս միասին երկրագունդին շուրջ գէթ պտոյտ մը գործած կ՛ըլլանք: Եւ չմոռնանք, որ մեր ամէն մէկ քայլարշաւին ի պատասխան, թուրքը եւ ազերին միասնական ուժերով օրէօր կ՛աւելցնեն Հայոց պետականութիւնն ու ժողովուրդին բնաջնջելու մամլիչ մեքենային արագութիւնը: Եւ այսքան տարիներ ետք, մենք կարելի միջոցներով պիտի ջանանք գէթ դանդաղեցնել այդ չարագուշակ մեքենային արագութիւնը, լաւագոյն պարագային ալ՝ կեցնելու անոր ընթացքը:
Սա անամօթ, լկտի Էրտողանին նայեցէք: Այնքան առաջ գացած է իր անասնական կիրքին յագուրդ տալու մոլուցքին մէջ որ, ոչ միայն իր իւրայիններուն, այլեւ ողջ աշխարհի մահմեդականներուն կը յորդորէ քէֆեր, խրախճանքներ ընել Գերմանիոյ եւ մնացեալ եւրոպական երկիրներուն մէջ:
– Կերէք, խմեցէք Եւրոպայի մէջ, ջանացէք կոտրել-թափել ամէն ինչ՝ ինչ որ քրիստոնէական աշխարհին կը պատկանի, միեւնոյնն է, վաղը միւս օր աշխարհը մահմեդական պիտի դառնայ, Եւրոպան մերը պիտի ըլլայ,- այս կոչն է, որ կը հնչեցնէ արնածարաւ Թուրքիոյ նախագահը: Եւ, զարմանալիօրէն աշխարհ գրեթէ լուռ կը մնայ այս ձաբռտուքներուն դիմաց, հաւանաբար մտովի յիշելով ռուս բանաստեղծին ըսած թեւաւոր արտայայտութիւնը, որ է՝ «Յիմարին մի առարկեր»:
Առարկութիւն չընենք՝ յիմար է ըսողը, հասկցանք, բայց անկարելի է մտավախութիւն չունենալ, թէ այդ ապուշը խենթ պահու մը կրնայ գործել այնպիսի աննկարագրելի յիմարութիւններ, որոնց արդիւնքէն հազարներու, նոյնիսկ միլիոններու մահուան փաստին առջեւ կրնանք կենալ: Յիշեցէք, թէ ինչի վերածեց օրեր առաջ Էրդողանի ձաբռտուքներէն ոգեւորուած խուժանը Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի բարեկարգ փողոցներն ու պուրակները, երբ երկրին իշխանութիւնները փորձեցին օրէնք հանել անօրէն գաղթականներուն երկրէն վտարելու վերաբերեալ:
Եւ այս աշխարհակուլ երեւոյթներու կողքին եկուր եւ պահանջատիրութեան նոր ուղիներ փնտռէ: Սակայն մենք հայ ենք, տանջուած, չարչարուած, ոտնահարուած՝ նոյնիսկ իւրայիններու կողմէ, բայց ունինք բարձր, վսեմ արժանապատւութիւն եւ ոչինչ պիտի խանգարէ մեզի մշտապէս եւ մշտանորոգ միջոցներով հետապնդելու մեր արդար դատը:
Հայաստանի պատկան մարմիններուն եւ ժողովուրդին դաս տալու յաւակնութիւնը չունինք բնաւ սոյն գրութեամբ, քաւ լիցի, միայն լուրջ մտահոգութեան եւ մտածումներէ յառաջ եկած է այս յօդուածը:
Թուարկենք ուրեմն այն միջոցներն ու հնարաւորութիւնները, որոնց շնորհիւ աւելի կամ նուազ չափով մօտեցած կրնանք ըլլալ վերջնական նպատակին: Խնդրեմ սոյն յօդուածը ընդունիլ որպէս անձնական կարծիք:
ԱՌԱæԻՆ. Եթէ կ՛ուզենք մեր հայրենի ժողովուրդին լաւագոյնս ներգրաւել պահանջատիրութեան համար մղուող պայքարին մէջ՝ անոր ապրուստը, օրուան հացը պէտք է ապահովել: Ամէն տեսակ դժբախտութիւն, դաւաճանութիւն, անհանդուրժողականութիւն մարդուս քով կը յառաջանայ հացի պակասէն: Եւ եկուր այսօր հացի կարօտ մեր հայրենի ժողովուրդին դաս կարդայ պահանջատիրութեան մասին: Չ՛ըլլար, չի կրնար ըլլալ մեր ուզածին պէս: Այս կը նշանակէ, թէ պահանջատիրութեան պայքարի առիւծի բաժինը, թող ներուի, դարձեալ ինկած է սփիւռքահայու ուսերուն:
Ինչպէս կեանքը ցոյց տուաւ, անգամ մը եւս հացի սիրոյն հայրենի մեր ժողովուրդը ընտրութիւն չըրաւ խիղճով եւ մնաց նոյն անհեռանկար վիճակին մէջ: Այդ նոյն օրերուն, ազերի Ալիեւը տօնախմբութեան վերածեց Ապրիլ 2ը՝ որպէս Ղարաբաղի դէմ տարած յաղթանակի օր:
\Ես դեռ անցեալ տարի գրեցի, որ ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը մեզի համար պարտութիւն էր, որովհետեւ հող կորսնցուցինք, հող, զոր ձեռք բերած էինք հայու արիւնով: Եւ, չես գիտեր, թէ ինչ տրամաբանութեամբ էին որոշած հայրենի իշխանութիւնները, յատկապէս այդ օրը շինծու խորհրդարանական ընտրութիւններ իրագործել, փոխանակ այդ օրը նշելու որպէս յիշատակի օր հոգիներուն համար այն հարիւր, գուցէ թէ աւելի անպեխ, անմորուք, անփորձ հայ զինուորներու, որոնք զոհ գացին անիմաստ չորսօրեայ պատերազմին ընթացքին: Մեղմ ըսած՝ բարոյական չէ այդ օրը շինծու տօնական տրամադրութիւն ստեղծելը:
ԵՐԿՐՈՐԴ գործօնը պահանջատիրութեան պայքարին մէջ հիմնական մասը վերապահուած է Սփիւռքին: Եւ այդ գործօնը ա՛լ աւելի շարժուն դաձնելու համար, տարիներ շարունակ շեփորուած ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմեր պատրաստելու գործը տեղէն շարժեցաւ: Կան այլեւս այդ թեմային հետ առնչուող նուազ կամ աւելի արժէքաւոր ֆիլմեր եւ գրականութիւն: Ահա խնդրեմ, Ամսոյս 21էն սկսեալ, Միացեալ Նահանգներու ողջ տարածքին սկսաւ ցուցադրուելու համբաւաւոր միլիարատէր Գըրգ Գրգորեանի 100 միլիոն տոլարով պատրաստուած «Խոստումը» ֆիլմը, զոր անպայմանօրէն պէտք է նայի իւրաքանցիւր մարդ աշխարհի բոլոր ծագերուն, գաղափար ունենալու համար, թէ ի՞նչ ըսել է Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւն:
Սակայն, հիմա կարգը եկած է Ամերիկայէն զատ, ուրիշ համայնքներու մէջ աշխուժացնելու պահանջատիրութեան գործօնը: Եւրոպայի հայ համայնքներուն մէջ օրէ-օր ալ աւելի կ՛աւելնայ թիւը Հայաստանէն արտագաղթողներու, որոնք արդէն լաւագոյնս գիտեն Հայոց Եղեռնի պատմութիւնը, եւ անոնց՝ տեղական պայմաններուն քիչ թէ շատ հարմարկուելէն ետք, հայկական հաստատութիւններու եւ եկեղեցւոյ, ինչո՞ւ չէ, Բարեգործականին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հոգատար մօտեցումով անոնց ներգրաւել Պահանջատիրութեան պայքարին մէջ:
Արտագաղթին պատճառով այսօր վերակենդանացած են ժամանակին պարպուած Եւրոպայի բոլոր հայկական գաղութները (Լեհաստան, Հունգարիա, Աւստրիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Յունաստան, Բուլղարիա, եւ այլն), որոնց մէջ կը գործեն հայկական բազմաթիւ, բազմաբնոյթ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Դեռ չենք խօսիր Ռուսիոյ մասին, ուր երկու միլիոնի հասնող հայութիւնը, սպասելով երջանիկ լուրերու Մայր Հայրենիքէն՝ կ՛ապրի հայաբար, հայօրէն, մեր սովորոյթներուն, աւանդութիւններուն հաւատարիմ վարք ու բարքով:
Հսկայական ոյժ մըն է Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հայութիւնը, որուն ամէն գնով պէտք է ներգրաւել մեր պահանջատիրութեան պայքարին մէջ: Հոս է որ խոշոր ընելիք ունին Հայ եկեղեցին, Հայ Դատը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Աջէն-ձախէն, ժամանակ առ ժամանակ կը լսենք, կը կարդանք, կ՛իմանանք որոշ սփոփիչ լուրեր նշեալ հայ գաղութներէն: Սակայն եղածը քիչ է: Արտագաղթած հայերը պէտք ունին դպրոցներու, եկեղեցիներու, կրթական-մշակութային կեդրոններու, որոնց մէջ մեր մատաղ եւ երիտասարդ սերունդը կարենայ դասախօսներու, մանկավարժներու եւ դաստիարակներու կողմէ իրենց տրուած դասերուն շնորհիւ հոգւոյն մէջ զգալ, հասկնալ պահանջատիրութեան էութիւնը:
ԵՐՐՈՐԴ. այս օրերուն համար կարեւորագոյն կէտը Պահանջատիրութեան ցանկին մէջ, ըստ իս, թշնամիին հետ «բարեկամութիւն» խաղալն է,- այո, այո, բարեկամութիւն, որ շատ աւելի դիւրին է իրականցնել եւրոպական երկիրներու մէջ: Ես իմ փորձառութեամբ գիտեմ , թէ որքա՜ն դիւրին է թուրքին խօսք հասկցնելը՝ անոր հետ հաց կիսելով, հետը նարդի (թաւլու), ընկեր-բարեկամ խաղալով, որոնց ընթացքին դուն մտերմիկ ձեւով մէջտեղ կը բերես նիւթեր՝ անցեալ դարու մեր ժողովուրդի գլխուն իրենց պապերու բերած չարագործութիւններուն մասին:
Իմ ուղեւորութիւններուս ընթացքին բազմաթիւ անգամներ հանդիպած եմ թուրք մտաւորականներու, որոնցմէ եւ ոչ մէկը խրտչած է երբ իմ կողմէս որպէս զրոյցի նիւթ ընտրած եմ Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը:
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի օդակայանի ճաշարանին մէջ, Պոլիսէն ինծի հետ ճամբորդող թուրք պրոֆեսէօրը, որ իմ պատմածներէս բաւարար չափով պատկերացում ունէր Ղարաբաղի մասին, ճաշէն ետք, սուրճի ատեն ակնյայտ մտահոգութեամբ հարցուց.
– Կրնա՞ս ինծի ճշգրտօրէն ըսել, թէ ուր կը գտնուի Ղարաբաղը:
Ես առանց վարանումի, գրիչս հանեցի եւ ձիւնի պէս ճերմակ կերպասէ անձեռոցիկին վրայ գծեցի Ղարաբաղի քատէսը՝ ապշահար ձգելով մարդուն, որ հաւանաբար այդ վայրկեանին մտածած էր, թէ այս ինչ անկիրթ երաժիշտի հետ է գործը: Քանի մը վայրկեան քարտէսը քննելէ ետք ըսաւ.
– Եւ հոն, Ղարաբաղի մէջ, միայն հայե՞ր կ՛ապրին…
– Այո, միայն հայեր, եւ ինչպէս կը տեսնէք Հայստանին փակած է երկիրը:
– Է՜…, այդ պարագային ինչո՞ւ Հայաստանին չեն տար…
Իմ բոլոր ջանքերս բաւական շքեղ սեղանին ծախսը գոցելու համար անկարելի եղաւ, մարդը ինձմէ աւելի ճարպիկ գտնուեցաւ:
Ես վեց անգամ Թուրքիա եղած եմ: Ճիշդ է, մշտապէս հանդիպումներս եղած են մտաւորականութեան հետ, որոնք դիմացս նստած, ժպիտը դէմքերնուն վրայ ըսած են. «Մոռցէք անցեալը, վերջապէս այսօրուան մեր մե՞ղքը ինչ է…»:
Իրենք շատ լաւ գիտեն իրենց մեղքը, Ապրիլ 24ը եւ հատուցման չափը իրենց ոճրագործութեան: ՉՈՐՐՈՐԴ կէտը Պահանջատիրութեան պայքարին մէջ, ըստ իս, հետեւեալն է.
– Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ. «Կ՛ուզե՞ս յաղթել թշնամիիդ, ուրեմն գործածէ նոյն զէնքը»: Մենք ոչ միայն նոյն զէնքը չենք օգտագործեր, այլեւ ոչ մէկ տեսակ զէնք կը գործածենք պատասխան հարուած տալու թէ՛ ազերիին եւ թէ թուրքին: Ահա քանի տարի անցած է հայ սպայ Գուրգէնին Հունգարիոյ մէջ ազերի Սաֆարովին կողմէ գազանային սպանութիւնէն ետք, բայց առ այսօր ատոր պատասխանը չենք տուած: Նոյնը՝ Հրանդ Դինքի պարագային: Տասը տարի է Թուրքիոյ դատարանը դեռ յանցագործներ «կը փնտռէ»: Ասկէ աւելի նուաստացուցիչ պարագայ չէ եղած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ի՞նչ եղաւ մեզի, ո՞վ խլեց մեզմէ վրեժխնդրութեան ոգին: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ այսքան տկար եւ ստորնաքարշ եղան մեր երկրին տէրերը: Ո՞ւր են մեր քաջարի հերոսները:
– Ի՞նչ կը մտածէք, ժամանակը չէ՞ արդեօք նոր ՆԵՄԵՍԻՍ մը մէջտեղ հանելու…
Պարապ-սարապ, մեր անփորձ հռետորաբանութեամբ, դիւանագիտական խակ իմացութեամբ հազիւ թէ տեղ մը կարենայ հասնիլ մեր հայրենիքը: Եթէ երկրին տէրերը մտադիր են վերատիրացած հողերը յանձնել իբր թէ խաղաղութեան սիրոյն, ըսել է թէ բնաւ պէտք չէ զարմանալ Հայաստան աշխարհին օրէ-օր պարպուելուն համար: Հոս, տեղին է յիշել հայկական մէկ առած մը, որ կըսէ. «Ախորժակը ուտելէն ետք կը բացուի»: Ազատագրուած հողերը տալէն ետք, ազերին աչքը պիտի տնկէ Հայաստանին պատկանող հողերուն վրայ,- եւ այսպէ՜ս տարիներ շարունակ:
Հայաստանի ժողովուրդը եռակի անգամ յուսախաբ է իշխանութիւններէն եւ, ցաւալիօրէն, օրուան գոյութեան պայմանները չեն արտօներ, որ ան ալ սփիւռքահային պէս կարենայ լրջօրէն զբաղիլ պահանջատիրութեան հարցով:
Մենք միայնակ ենք, բարեկամ չունինք: Մեր հիւսիսի դրացի-հարեւան, իբրեւ թէ քրիստոնեայ յորջորջուող պատեհապաշտ վրացին թոյլ կու տայ, որ հայաբնակ æաւախքի շուկային մէջ վաճառքի հանուի թրքական արտադրութեան կօշիկներ, որոնց ներբանին եւ կրունկին վրայ ստորնաբար արտացոլուի Տիրոջ խաչի պատկերը: Ասկէ աւելի ցինիկ, այլամերժ մօտեցո՞ւմ քրիստոնեայ ազգին նկատմամբ անկարելի է երեւակայել: Մենք ինչո՞ւ նման «պարապ» բաներով չենք զբաղիր, -որովհետեւ մեզ հայ են ասում, եւ մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում,- ասում է բանաստեղծը:
Այս օրերուն համար համահունչ չեն բանաստեղծին այս հանճարեղ տողերը:
Ինչպէս վերը նշեցի, թշնամիիդ հետ պիտի կռուիս նոյն զէնքով, թէ՛ իրական կռիւի պահուն, թէ՛ կեանքի եւ թէ կենցաղի մէջ:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
BERKSHIRE HATAWAY
Home Services
Golden Properties
Hovig & Aida Dimejian
Pasadena
Mr. & Mrs. Neshan & Roubina Peroomian