ԵՓՐԵՄ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Յիշողութենէս կը վրիպի ճշգրիտ տարեթիւը, սակայն վստահաբար գիտեմ, որ եօթանասունական թուականներուն էր, երբ տակաւին չէին սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տխուր օրերը, եւ երկրին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքը եթէ ոչ նախանձելի՝ գէթ տանելի, բնական պատկեր մը կը պարզէր, երբ մանաւանդ արեւելեան Միջերկրականի ափին թագուհիի մը պէս շքեղօրէն բազմած Պէյրութ քաղաքը, իր շքեղ պանդոկներով, զբօսավայրերով եւ հարուստ շուկաներով կը մրցէր եւրոպական առաջնակարգ քաղաքներու հետ. իսկ հայկական կեանքը մեղուափեթակի մը աշխոյժ երեւոյթը կը պարզէր կրօնական, կրթական, մշակութային, միութենական բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Երանելի օրեր էին, իսկապէս երանելի, որոնք այսօր դժբախտաբար կը պատկանին պատմութեան:
Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը որոշած էր կազմակերպել ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը Պէյրութի առաջնակարգ պանդոկներէն՝ «Պրիսթոլ»ի սրահին մէջ, վարչութեան անդամներէն ոմանք՝ Յակոբ Գըլընճեան, Աւագ Աւագեան, Ներսէս Պէրպէրեան, իմ մտերիմ բարեկամներս էին, ինծի առաջարկեցին ընկերանալ իրենց եւ միասին երթալ՝ խնդրելու համար պաղտատահայ մեծահարուստ ուրֆացի պրն. Գրիգոր Պագալեանէն, որպէսզի ստանձնէ նախագահութիւնը ճաշկերոյթ-պարահանդէսին:
Գացինք, հայու վայել ասպնջականութեամբ այդ հայորդին, հիւրընկալեց մեզ եւ ինչ որ աւելի ուրախալի ու քաջալերական էր մեզի համար, սիրով ընթացք տուաւ մեր առաջարկին:
Բաւական երկար նստանք. մեր հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ զրոյցի, եւ ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ մը, հայրենիքի, հայ ժողովուրդի, Հայկական Դատի, հայապահպանման թեմաներու շուրջ:
Տղա՛ք,— ըսաւ պրն. Պագալեան,— այս վայրկեանիս երբ կը խօսինք կորուսեալ մեր ծննդավայրերու եւ անոնց անուններով կազմուած հայրենակցական միութիւններու գործունէութեանց մասին, միտքս ինկաւ պարզ բայց շատ իմաստալից դրուագ մը, պատմեմ եւ մտիկ ըրէք։ Պատմեց եւ մենք մտիկ ըրինք մեծ հետաքրքրութեամբ իր պատմութիւնը. «Թուականէս տասնամեակ մը առաջ, Պաղտատի մէջ հագուստեղէնի վաճառատուն մը ունէի, որակաւոր կերպասներով կարուած պատրաստ համազգեստներու ճոխ մթերքով: Գործիս բերումով բարեկամական բաւական լայն եւ սերտ ծանօթութիւններ ունէի պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց հետ:
Օր մը, գրասենեակիս մէջ օրուան թերթերը աչքէ կ՛անցընէի, երբ ներս մտան զինուորական համազգեստով երկու անձեր, իրենց զինեալ թիկնապահներով: Անոնցմէ մին ինծի ծանօթ Պաղտատի ոստիկանապետն էր, իսկ իր ընկերակիցը՝ Անգարայի Թուրք ոստիկանապետը, որ եկած էր քանի մը ձեռք համազգեստ գնելու: Շատ հաւնեցաւ, գնեց, իսկ ես իմ կողմէս իրեն նուէր տուի զինուորական մէկ ձեռք համազգեստ մասնաւոր նպատակով:
Թուրքի վայել «փոլիթիքա»ով իր շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք, գրպանէն հանեց իր այցետոմսը, ստորագրեց, յանձնեց ինծի, աւելցնելով հետեւեալը. «Գրիգոր էֆէնտի, եթէ պատահի որ օր մը Թուրքիա այցելես գործով կամ պտոյտի, չմոռնաս գալու Անգարա եւ զիս գտնելու պահին, այս քարտը ցոյց կու տաս հանդիպած առաջին ոստիկանիդ, մնացեալը իմ գործս է»: Եւ կրկին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, հրաժեշտ առնելով, մեկնեցան:
Անցաւ բաւական ժամանակ, տարիներու բեռը սկսաւ ծանրանալ ուսերուս, զգալի դարձնելով ծերութեան մօտալուտ գալուստը:
Յառաջացեալ տարիքիս, միտքս կը դառնայ կեդրոն այլատեսակ եւ տարօրինակ մտածումներու, մասնաւորաբար առանձնութեանս ժամերուն. օր մըն ալ փափաք մը արթնցաւ մէջս, կեանքիս վերջալոյսին չհասած, այցելել իմ ծննդավայրս՝ Ուրֆա, տեսնել պապենական այն տունը, որուն պատերը արձագանգեցին նորածին մանուկի իմ առաջին ճիչերուս, որուն եկեղեցւոյ երկնասլաց գմբէթին տակ դրոշմուեցաւ ճակատս սրբալոյս միւռոնով:
Որոշեցի երթալ, քաջ գիտնալով, որ Ուրֆան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արեւելեան կողմը գտնուող հայկական վիլայէթներու շրջանը պետութեան կողմէ հռչակուած էր զինուորական արգիլեալ գօտի: Տխրութիւն մը պատեց էութիւնս. պիտի կարենա՞յի արդեօք իրականացնել փափաքս: Այս մտորումներուս մէջն էի, երբ յանկարծ միտքս ինկաւ Անգարայի թուրք ոստիկանապետը: Թերեւս անոր միջոցով կարենայի արտօնութիւն ձեռք բերել եւ հասնիլ նպատակիս:
Նախապատրաստական աշխատանքներս կատարելէ ետք, ճամպրուկներս պատրաստեցի եւ ճամբայ ելայ դէպի Պոլիս: Հետաքրքրական ճամբորդութիւն էր: Պոլիս մնացի մէկ շաբաթ, պտըտեցայ պատմական տեսարժան վայրեր, բայց ժամանակիս մեծ մասը յատկացուցի այցելելով պատրիարքարան, Ս. Փրկիչ հիւանդանոց եւ հայկական այլ հաստատութիւններ եւ գերեզմանատուներ, ուր կը հանգչին աճիւնները երբեմնի հայկական կեանքով ծաղկեալ Պոլսոյ մտաւորական ընտրանիին: Հայկական անկիւնէ դիտուած, տխուր էր պատկերը եւ յուսահատական, ինչպէս է նաեւ նոյնը առաւել կամ նուազ չափով արտերկրի հայկական բոլոր գաղութներուն մէջ: Այստեղ հայութիւնը կ՛ապրի վախի եւ անապահովութեան մթնոլորտի մը մէջ: Շատեր կը ծածկեն իրենց ինքնութիւնը, թրքատիպ յաւելումներ կատարելով իրենց անուններուն եւ ազգանուններուն վրայ: Այսպէս, բացասական մտածումներով եւ միտքս չարչրկող մտածմունքներու մէջ, ետիս թողնելով Պոլիսը, գնացք առի դէպի Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարա:
Անգարա հասայ գիշերուան ուշ ժամերուն: Պանդոկի կարգադրութիւններս ըրի ու քնացայ: Արթնցայ ժամը 10ին, նախաճաշս ըրի ու դուրս ելայ: Քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջն էի: Շուտով հանդիպեցայ երթեւեկին հսկող ոստիկանի մը. մօտեցայ եւ քովս գտնուող այցեքարտը ցոյց տալով, յայտնեցի որ կ՛ուզէի ոստիկանապետը տեսնել: Ոստիկանը առնելէ ետք քարտը, երեսիս նայեցաւ, պահ մը շուարած մնաց, թերեւս մտածելով, որ ո՞վ կրնայ ըլլալ այս անծանօթը, որ իրեն կը ներկայացնէ իր մեծաւորին կողմէ ստորագրուած այցեքարտը:
Հեռաձայնեց ուր որ պէտք էր եւ ինքնութիւնս յայտնելէ ետք, ինծի փոխանցեց ընկալուչը. ոստիկանապետն էր, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, թելադրեց սպասել: Ես ոստիկանին մօտ կը սպասէի: Տասը վայրկեան չտեւեց, ահա ոստիկանական ինքնաշարժ մը կանգ առաւ մեր մօտ, ուրկէ վար իջաւ ոստիկանապետը իր թիկնապահներով, Գրիգոր էֆէնտի բացականչելով, ուրախութեամբ յառաջացաւ դէպի ինծի, ողջագուրուեցանք եւ ինքնաշարժ բարձրանալով ուղղուեցանք դէպի իր գրասենեակը: Սուրճը խմեցինք միասին, ապա ընկալուչը վերցնելով ճաշի կարգադրութիւնը ըրաւ: Այնուհետեւ սկսանք մտերմօրէն զրուցել: Հարցուց առողջութեանս, գործիս, ընտանիքիս, երկրի ընդհանուր կացութեան մասին, եւ կրկին անգամ իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք զիս տեսնելուն համար, յարեց, այս վայրկեանէս սկսեալ պատրաստ եմ օգտակար ըլլալու քեզի ամէն տեսակէտով, միայն ինծի յայտնէ ծրագիրդ, ո՞ւր կ՛ուզես երթալ, ինչպէ՞ս կ՛ուզես անցընել ժամանակդ: Պատշաճ պատասխաններ տալէ ետք իր բոլոր հարցերուն, ըսի. «Էֆէնտիմ, այս շրջապտոյտիս որոշումը շատ արագ առի: Կ՛ուզէի մէյ մը առօրեայ զբաղումներէս եւ մտահոգութիւններէս ձերբազատուիլ, դուրս ելլել երկրէն, այս մտածումներուն մէջն էի, երբ միտքս եկաւ Պաղտատի մէջ մեր ունեցած հանդիպումը ձեզի հետ: Այդ վայրկեանին որոշումս տուած էի արդէն եւ ճշդած ուղեւորութեանս ճանապարհը: Այցելելիք երկիրս պիտի ըլլար Թուրքիան, իսկ տեսնելիք քաղաքներս՝ Պոլիս, Անգարա, եւ… վերջին կայանս՝ Ուրֆա, այո՛, Ուրֆա իմ ծննդավայրը: Ոստիկանապետը, որ մինչ այդ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՛ընէր զիս, յանկարծ ցնցում մը ունեցաւ եւ զարմանքի հարցականով մը ըսաւ. Ուրֆա՞: Այո՛, Էֆէնտիմ, Ուրֆա, կրկնեցի՝ շեշտելով որ իմ բուն նպատակս Պոլիս, Անգարա կամ այլ քաղաքներ տեսնել չէ, այլ այցելել իմ ծննդավայրը՝ Ուրֆա: Գիտէի որ Ուրֆան կը գտնուի Թուրքիոյ պետութեան կողմէ հռչակուած զինուորական արգիլեալ գօտիին մէջ: Ահաւասիկ առանց բառերը ծամծմելու յայտնեցի ձեզի իմ փափաքս: Արդ կը խնդրեմ ձեզմէ որ օգտակար հանդիսանաք ինծի՝ հասնելու իմ նպատակին:
Ոստիկանապետը խոստացաւ իր կարելին ընել արտօնագիր ձեռք ձգելու համար, եւ յաջողեցաւ: Յաջորդ օրն իսկ իմ տրամադրութեանս տակ դրաւ յատուկ ինքնաշարժ մը իր վարիչով միասին եւ մենք ճամբայ ելանք դէմի Ուրֆա:
Հաճելի ճամբորդութիւն մը չէր եղածը, ամրան կիզիչ արեւը, փոշին, ճամբաներու անկանոնութիւնը տաղտկալի կը դարձնէին զայն: Ըստ երեւոյթին, վարիչը լաւ տեղեակ էր շրջանին, ճամբու ընթացքին մեր հանդիպած գիւղերուն ու քաղաքներուն մասին, բաւական լաւ տեղեկութիւններ կու տար ինծի: Ճամբորդութիւնս նկարագրել այստեղ երկար պիտի ըլլար, երրորդ օրուան յետմիջօրէին հասանք Ուրֆա: Յոգնած էինք, քրտինքներու եւ փոշիներու մէջ: Պանդոկ մը գտանք գիշերելու եւ հանգստանալու համար: Առաւօտեան նախաճաշէն ետք, առաջին գործս եղաւ երթալ այն թաղամասը, ուր կը գտնուէր պապենական մեր տունը. գտայ զայն, դիտեցի երկա՜ր եւ յուզում մը պատեց ամբողջ էութիւնս: Տխրութեան եւ յուսախաբութեան հոգեվիճակի մը մէջ գտայ ինքզինքս, իմ մանկական երեւակայութեանս մէջ դրոշմուած «Ապարանքի մը պէս մեծ էիր ու շքեղ» իմ պապենական տունս ա՞յս էր միթէ, այս փոքրիկ խեղճուկ, խարխլած հիւղա՞կը. հաշտուիլ չէի կրնար տեսածիս հետ. երկու փայտեայ ձօղեր իրար կապող պարանի մը վրայ կին մը իր օրուան լուացքը փռելով էր զբաղած: Երբ զիս տեսաւ, պահ մը կանգ առնելով՝ հարցական եւ հետաքրքիր նայուածքով մը սկսաւ զիս դիտելու: Համարձակութիւնը ունեցայ այդ պահուն եւ իրեն մօտենալով անթերի թրքերէնով մը ըսի. «Գատընըմ, գիտեմ որ կը հետաքրքրուիս այս անծանօթով, որ ես եմ: Ես հայ եմ եւ անունս Գրիգոր Պագալեան է, եկած եմ Պաղտատէն, ուր կ՛ապրիմ ներկայիս: Բայց բնիկ ուրֆացի եմ, եւ ծնած եմ այս տան մէջ, ասիկա իմ պապենական տունս է, ուր հիմա կ՛ապրիք դուք»:
Կինը երբ այս խօսքերս լսեց, այլայլեցաւ, դիտեց չորս կողմը աւելի ապահով ըլլալու համար: Քիչ մը եւս մօտենալով ինծի շշնչաց. «Եաւրում, ես լսած եմ որ ժամանակին հայեր եւ թուրքեր միասին կ՛ապրէին այս եւ այլ քաղաքներու մէջ, 1915ին թուրքերը ջարդած են հայ ժողովուրդը եւ մնացեալները աքսորած են դէպի Սուրիոյ եւ Միջագետքի անապատները: Իմ ծնողքս ալ հայեր էին, անոնք եւս թուրքի եաթաղանին զոհ գացին: Ես հազիւ 10 տարեկան, առեւանգեցին եւ փոքր տարիքիս ամուսնացուցին թուրքի մը հետ»: Յուզուեցաւ, արցունքոտ աչքերով շարունակեց. «Տղաս, երբ ըսիր որ հայ ես, արիւնս սկսաւ եռալու երակներուս մէջ, ամէն անգամ որ հայ մը տեսնեմ կամ հայու մը մասին լսեմ, ներքին ուրախութիւն մը կը համակէ ամբողջ էութիւնս: Ի՞նչ ընեմ եաւրում, հաշտուած եմ ներկայ, կեանքիս հետ, այս մէկն ալ իմ ճակատագիրս է եղեր», ըսաւ եւ արտասուաթոր աչքերով հեռացաւ:
Այդ դժբախտ հայուհիին պատմութիւնը պահ մը անհաւատալի թուեցաւ ինծի, ես իրմէ աւելի յուզուած ու թուրք կոչուած մարդակերպ գազաններուն հանդէպ առաւել եւս ատելութեամբ լեցուած՝ վերադարձայ ինքնաշարժին մօտ, ուր անհամբեր ինծի կը սպասէր թուրք վարիչը:
Այլեւս ուրիշ տեղեր այցելելու ոչ մէկ փափաք ունէի. վարիչին ըսի. «Բռնէ վերադարձի ճամբան դէպի Անգարա»:
Ինքնաշարժը կը յառաջանար դէպի արեւմուտք, բաւական դանդաղ եւ զգուշաւոր ընթացքով, քանի որ ճամբան չափազանց անկանոն էր եւ բազմաթիւ փոսերով ծածկուած: Ես կտրուած էի արտաքին աշխարհէն եւ յանձնուած մօտիկ անցեալին հայ ժողովուրդին վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան տխուր մտածումներու յորձանքին…
Այսպէս, կէս քուն կէս արթուն վիճակի մէջ, ականջիս հասաւ վարիչին արտասանած էֆէնտիմ բառը: Ան կը խնդրէր ինձմէ պահ մը կանգ առնել սառնորակ աղբիւրի մը մօտ, ուր հասած էինք արդէն: Վար իջանք, մօտեցանք ջուրին, որ ժայռի մը արանքէն դուրս կը ժայթքէր: Խմեցինք, լուացուեցանք եւ զովացանք: Ջուրը փոքրիկ վտակ մը կազմելով, հանդարտ կը հոսէր մարգագետնի մը ընդմէջէն: Մարգագետնի տարածքին կը տեսնուէին կենդանիներ, որոնցմէ ոմանք կ՛արածէին, իսկ ուրիշներ, մակաղած իրենց ճարակած խոտը կ՛որոճային: Վտակին մէջ մօրէ մերկ թուրք լաճեր, լողալով կը զբօսնէին: Ակին մօտ, խոտին վրայ, կիզիչ արեւուն տակ նստած ծերունի մը կար, որ միջօրէի իր կտոր մը հացն ու պանիրը կը ճաշակէր:
Այս ընդհանուր տեսարանին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալը. ջուրը՝ առատ, մարգագետինը՝ կանանչապատ, բայց աչքիս տեսողութեան սահմանէն ներս, մանաւանդ աղբիւրի բոլորտիքը, մարդու ձեռքով տնկուած ոչ մէկ ծառ գոյութիւն ունէր: Չկրցայ անտարբեր մնալ այս երեւոյթին առջեւ: Ծերուկին մօտենալով, առանց բառերս ծամծմելու, կարճ եւ յստակ հետեւեալը ըսի անոր. «Հեմշերի, ամրան այս հեղձուցիչ արեւուն տակ սառնորակ այս ջուրի եզրին նստած պատառ մը հացդ կը ճաշակես, անուշ ըլլայ: Բայց ինչո՞ւ քանի մը ծառ չէք տնկեր այստեղ, որոնց զովասուն հովանիին տակ նստած աւելի հանգիստ եւ համով-հոտով ուտէք ձեր կերակուրը: Ծերունին յանկարծակիի եկած իրեն ողղուած այս հարցումէն, բերնին պատառը կուլ տալով, կարճ ու կտրուկ հետեւեալ պատասխանը տուաւ ինծի. «Էքենլեր չօխթան կեթմիշլեր պուրտան օղլում, պունլար հեփ եըխանլար (ցանողները վաղուց մեկնած են ասկէ, տղաս: Ասոնք բոլորը քանդողներ են)»:
Ծերուկին ինծի տուած այդ պատասխանին վրայ, պահ մը կտրուեցայ ներկայէն, եւ փոխադրուեցայ 1915 թուականին թուրք վայրենաբարոյ գազաններուն կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած Ցեղասպանութեան անպատմելի ջարդերուն անմարդկային մթնոլորտին մէջ եւ ես ինքզինքիս կու տամ պատասխանը այդ թուրք ծերուկին, կարճ ու կտրուկ եւ անվիճելի:
«Լսէ՛ թուրք ծերուկ, ցանողները, երկիրը շէնցնողները չգացին, այլ բռնագաղթուեցան, ջարդուեցան Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան ձեր կողմէ, թուրք կոչուած մարդակերպ անասուններուն ազգին, որ դուք էք, քու նախահայրերն են: Անոնք չյաջողեցան իրենց նպատակը իրագործել, «թանգարանի համար մէկ հայ իսկ որպէս նմոյշ չձգել»: Մնացորդացը հրաշքով ապրեցաւ եւ հրաշալի երկիր ու պետութիւն կառուցեց, իսկ այսօր անկախ է եւ կենսունակ»:
Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ շարժավարը յիշեցուց, որ վերադարձի ճամբան պէտք է բռնենք:
Վերադարձանք ինքնաշարժ եւ շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Անգարա, ուր ոստիկանապետին հանդիպելով յայտնեցի անոր իմ խորին շնորհակալութիւններս: Յաջորդ օր Պոլիս եւ անկէ՝ Պաղտատ»:
Հոս վերջ գտաւ պրն. Պագալեանին ճամբորդութեան պատմութիւնը եւ գիշերը յառաջացած ըլլալով, մենք ալ, մեր կարգին, հրաժեշտ առնելով պատուական հայորդիէն, վերադարձանք մեր տուները:
Ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ որոշեալ թուականին՝ նախագահութեամբ պրն. Գրիգոր Պագալեանին, որ, իր կարգին, կոկիկ գումար մը նուիրեց Ուրֆայի հայրենակցական միութեան չքաւոր սաներու ֆոնտին:
Լո՛յս մշտնջենի պատուական հայու իր ամբասիր հոգւոյն:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Estate Jewelers
OF SOUTH PASADENA
Vartan, Boghos, Kevork Kazanjian and Family
We will never forget
Մէկուկէս միլիոն
նահատակներու
յիշատակը վառ պահել պահանջատիրական ոգիով
Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի
Ֆրեզնօ
Արիզոնա
ՀՅԴ
«Գէորգ Չաւուշ» Կոմիտէ
ՀՕՄի
«Արարատ» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Գետաշէն» Ուխտ
ՀՄԸՄ Ֆինիքս
Արիզոնայի Հայ Դատի Յանձնախումբ