ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
«Ա՛յսքան չարիք, թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ կարդայ հայուն նախատինք»։
Ըստ չափաւոր թուրքերու՝ Մեծ Եղեռնը «բան մըն էր, որ եղաւ… Պէտք է մոռնալ…» Որքա՜ն հեշտ է այդպէս մտածելը, երբ խնդրոյ առարկայ աղէտը ուրիշին կը պատկանի: Սակայն, ինչպէ՞ս ներել անոնց, որոնք ոճիր գործեցին, ոճիր գործելու սիրոյն, առանց խիղճի դոյզն ափսոսանքի, անգութօրէ՛ն , անասնաբա՛ր եւ նենգութեամբ… Տեղահան ընելով ամբողջ ժողովուրդ մը իր դարաւոր հայրենիքէն, անհիմն սուտեր պատրուակելով եւ յերիւրելով: Ինչպէ՞ս մոռնալ այսքա՜ն չարիք…
Անկարելի՛ է մոռացութեան գիրկը յանձնել այսքա՜ն չարիք… Անոր թողած անջնջելի, ահաւոր դրոշմը տակաւին կը սաւառնի իւրաքանչիւր հայու միտքի ոլորտներուն մէջ: Տակաւին կենդանի են այն սարսափելի պահերը, զորս մեր նախնիները ապրեցան ակամայ՝ պարտադրաբար ընդունելով մահը իբրեւ անբաժան ընկեր:
Չկա՛յ հայ մը, որ չունի՛ պատճառ սգալու կորուստը ընտանիքի անդամի մը, նահատակուած արհաւիրքի այդ դժնդակ օրերուն, այդ մահասարսուռ սպանդին, որ գործադրուեցաւ դար մը առաջ, պատճառելով անիմանալի տառապանք վերապրողներուն: Ահա՛ այդ վերջիններէն էր Մշեցի Մայրիկը, տարագրուած հայուհի մը, որ «բարեբախտաբար» ողջ մնացած էր՝ ամէն օր մահանալու իր կեանքի մնացեալ օրերուն…
Ո՞վ չէր ճանչնար Մշեցի Մայրիկը… Հայոց վանքի բոլոր բնակիչներուն ծանօթ էր ան: Ան Սուրբ Քաղաք եկած էր. հո՛ն ուր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը խաչուեցաւ հայոց «խաչելութենէն» մօտաւորապէս երկու հազար տարի առաջ եւ աւանդեց Իր հոգին միանալու իր Հօր, երեք օր ետք: Սակայն, մենք, նման Մշեցի Մայրիկին, ժառանգորդները տէրզօրեան արհաւիրքին, զրկուած ըլլալով Քրիստոսի տառապանքը մեղմացնող առհաւատչեայէն, տակաւին մինչեւ օ՛րս կը տուայտինք՝ վերյիշելով մեր դժխեմ անցեալը, որովհետեւ չունի՛նք այն առաւելութիւնը, զոր Աստուածորդին կը վայելէ՛ր:
Ես ճանչցայ Մշեցի Մայրիկը, երբ տակաւին շատ փոքր էի. իսկ ինք ութսունի մօտ ծեռունի մը՝ սարսափազդու, անժպիտ ու անհաղորդ: Ժպիտը խոյս տուած էր իր կնճռոտած դէմքէն՝ իր մատղաշ տարիքէն, այլեւս չվերադառնալու վճռականութեամբ, որովհետեւ, ան վաղուց կորսնցուցած էր ամէ՛ն ինչ, որ ժպիտ կ՛առթէ: Ան ունեցած էր ամէ՛ն ինչ, որ խնդութիւն կը պատճառէ:
Մատղաշ տարիքին, ան ամուսնացած էր եւ մայրացած՝ ծնունդ տալով եօթը անուշիկ զաւակներու, ակնթարթի մը մէջ կորսնցնելու համար զանոնք: Թուրքին անողոք եաթաղանը խլած էր զանոնք իր տաքուկ գիրկէն, զինք ալ թողելով կիսամեռ, արիւնլուայ, առիթ չնծայելով իրեն որ ողբայ իր կորուստը… Ծանօթներու օժանդակութեամբ, ինքն ալ բռնած էր գաղթի ճամբան, ամայացած սիրտով, քշուելով Տէր Զօր՝ Սուրիոյ անապատները… ուր, բախտաւոր հայ մայրեր, աւազը թուղթի վերածելով, իրենց երեխաներուն այբենգիմը սորվեցուցին… Բայց ո՛չ ինք… Խոպա՜ն… Այդ անմարդաբնակ վայրին մէջ…
Իր վիշտի բեռին տակ կքած, ան տակաւին կը շարունակէր յամառօրէն կարչիլ կեանքին… Մէ՛կ մտադրութեամբ, սակայն… Անէծք դառնալու այն ամէն ինչին, որ իր անհուն ցաւը կը յիշեցնէր իրեն, յաճախ շփոթելու բարին չարէն, այլազգը թուրքէն: Այնքա՜ն ցասում ու կեղեքում կար իր սիրտին մէջ… Անդադար, ան կ՛անիծէր արաբ ջրկիրները, որոնք համեստ մարդիկ էին եւ ջուր կը հայթայթէին իրեն՝ այնպիսի ատեն մը, երբ Հայոց Վանքը տակաւին օժտուած չէր հոսող ջուրով: Ու, երբ անոնք վարձքերնին ստանալէ ետք կը հեռանային շնորհակալութիւն յայտնելով, ես ու խաղընկերներս զարմանքով կը լսէինք իր միօրինակ յանկերգը.
– Պատանքդ կարեմ… Պատանքդ կարեմ, տղաս…
— Անոնք, անգիտակ այդ բառերու մահաբոյր իմաստին, ժպիտով կը դիմաւորէին այդ անէծքը եւ կը հեռանային…
Այդ ատեն, մեզի՝ փոքրերուս համար, անհասկնալի էին այդ խօսքերը. սակայն, երբ խելահաս դարձանք, ցաւով ըմբռնեցինք անոնց իմաստը… Այդ խոնարհ ծառայողները թուրք չէի՛ն, որ անոնց պատանքները կարելու ցանկութիւնը ունենար Մշեցի Մայրիկը…
Անոր դաժանաբարոյ արտաքինին տակ սակայն, ատենօք փափուկ սիրտ մը կը բաբախէր յանուն իր բալիկներուն, որոնք խողխողուէր էին իր գիրկին մէջ, արիւնարբու գազաններու կողմէ… Ի՛նչ սահմռկեցուցիչ տեսարան՝ մօր մը համար:
Ան շատ անգամ դուրս կ՛ելլէր իր խուցէն՝ մեզ հեռացնելու միտումով: Փոքրիկներու զուարթ աղմկոցը կարծես նեղութիւն կը պատճառէր իրեն: Վստահաբար, անոնք իր անցեալը կը յիշեցնէին… Ի՛ր երեխաները… Նոյնքա՜ն աղմկարար… Բայց… Յաւերժ կորած…
Իր այս վանողական ընթացքը սոսկում կը պատճառէր մեզի եւ խրտչեցուցած էր մեզ, հետեւաբար, մենք հետզհետէ կը խուսափէինք իր հետ շփում ունենալէ: Սակայն մօրս կարծիքը բոլորովին տարբեր էր իր մասին:
Իր վերջին տարիներուն, Մշեցի Մայրիկը գրեթէ կորսնցուցած էր իր տեսողութիւնը եւ օգնութեան կարիք ունէր: Մայրս մէկն էր այն բարեսիրտ անձերէն, որոնք յաճախ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէին անոր, զինք կերակրելով եւ լոգցնելով: Ահա այս մտերմութեան պատճառով, մայրս կրցած էր թափանցել իր էութեան խորքը ու տեսնել, թէ ինչպիսի՛ անոյշ անձ մը եղած էր ան երիտասարդ տարիքին, շրջապատուած իր ամուսինով ու զաւակներով… Իր կրած ցաւը զինք այնպիսի ատելութեամբ մը լեցուցէր էր բոլոր անոնց դէմ, որոնք թուրքին դաւանած կրօնին կը հետեւէին, որ ան, անվարան, չտատամսելով խոցել, անգթօրէն կ՛անիծէր զիրենք…
– Պատա՛նքդ կարեմ… Պատա՛նքդ կարեմ, տղաս…
Այսքա՜ ն չարի՜ք… Ինչպէ՞ս մոռանալ…
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Falafel Arax
5101 Santa Monica Blvd.
Los Angeles, CA 90029
Ի Յիշատակ՝ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն
Տարօն- Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Donoyan Insurance Agency Inc.
1727 N. Vermont Ave. # 207
Los Angeles, CA 90027
323-663-8541