ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ահապեր» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ 1990ականներու սկիզբը, Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկուտ Էօզալի եւ անոր օրերուն վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Սուլէյման Տեմիրելի միջեւ տարակարծութիւնները պատճառ դարձած են, որ Արցախի հակամարտութեան ընթացքին Թուրքիա բաւարար ռազմական օժանդակութիւն չտրամադրէ Ատրպէյճանին։
Կայքը կը պնդէ, թէ Տեմիրել ընդդիմացած է Ատրպէյճանին առաւելագոյն քանակութեամբ օժանդակութիւն տրամադրելու Էօզալի առաջարկին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ «Հայաստան գրաւած է Լեռնային Ղարաբաղը, եւ Ատրպէյճան տուած է հազարաւոր զոհեր»։