ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքին՝ Պոլսոյ հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան մեծամասնութիւնը «ոչ» քուէարկած է Թուրքիոյ նախագահին լիազօրութիւնները ընդարձակելու նպատակով կազմակերպուած հանրաքուէին:
Հայաշատ Պեշիքթաշի, Գատըգիւղի (Գատըքոյ), Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի (Պաքըրքոյ) թաղամասերուն մէջ «ոչ» քուէն ընդհանրապէս 70-80 տոկոս եղած է։
Պոլսոյ կղզիներուն մէջ, ուր կը գերակշռէ հայ, յոյն եւ հրեայ բնակչութիւնը, կառավարման նախագահական համակարգին դէմ քուէարկած է բնակիչներուն մօտաւորապէս 74 տոկոսը:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին կողմէ առաջ մղուող հանրաքուէն պարտութիւն կրած է Պոլսոյ մէջ, հակառակ անոր որ Էրտողան նախապէս եղած է Պոլսոյ քաղաքապետը:
Էրտողանին դէմ հանդէս եկած է նաեւ քրտաբնակ շրջաններուն մեծ մասը: «Ո»չ քուէները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ յաղթած են յատկապէս Տերսիմի, Շըրնաքի, Տիգրանակերտի եւ Հաքքարիի մէջ։
Երկրի այլ մեծ քաղաքներու մէջ եւս (Անգարա, Իզմիր, Անթալիա, եւ այլն) մեծամասնութիւնը նախագահական դրութեան անցնելու գաղափարին դէմ քուէարկած է։
Սակայն, սահմանադրական փոփոխութիւններուն ի նպաստ քուէարկած են գլխաւորաբար երկրին կեդրոնական նահանգները, որոնց բնակիչներուն մեծ մասը ագզայնամոլ կամ կրօնամոլ հայեացքներով ծանօթ է։