ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք չէ արտօնեն, որ երրորդ ուժեր միջամտեն Արցախի տագնապի կարգաւորման. Թեհրանի մէջ այսպէս յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հոսէյն Տեղան, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին։
Հասանով Թեհրան ժամանած էր Կիրակի, Ապրիլ 16ին, բազմամարդ պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ:
Իրանցի պաշտօնատարներու հետ Հասանովի քննարկումներուն հիմնական նիւթերէն մէկը եղած է ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումը:
«Յոյս ունիմ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ կարգաւորման կը մօտենան վճռական կերպով եւ երրորդ ուժերու միջամտութեան ու ճգնաժամի խորացման առիթներ չեն տար», նշած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարը:
Տեղան Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ տարածաշրջանային շարք մը տագնապներ՝ մատնանշելով այն ուժերը, որոնք, ըստ Թեհրանի, կը վտանգեն տարածաշրջանային ապահվութիւնն ու կայունութիւնը:
«Ոչ միայն մեր տարածաշրջանը, այլեւ ամբողջ աշխարհը այսօր կ՛ենթարկուի այն ահաբեկչական սպառնալիքներուն, որոնց աղբիւրներն են «Իսլամական պետութիւն» ու «Ճապհաթ Նուսրա» ծայրայեղական խմբաւորումները, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ սիոնիստական վարչակարգը (Իսրայէլ)», յայտարարած է Տեղան:
Հասանովի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Իրանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ըսած է, որ վերոյիշեալ ուժերէն քանի մը հատը ջանք կը թափեն վնաս հասցնել Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացման:
«Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ արտաքին ուժերը խաթարեն Ատրպէյճանի եւ Իրանի ռազմական համագործակցութիւնը: Մեր երկու ժողովուրդները սերտ յարաբերութիւններ ունին ցեղային, պատմական, մշակութային եւ կրօնական կապերու ընդմէջէն: Մեր յարաբերութիւնները օրէ օր աւելիով կը խորանան: Շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այդ յարաբերութիւնները զարգանային նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ», նշած է Տեղան:
Իր կարգին, Հասանով ըսած է. «Ատրպէյճան եւ Իրան բարեկամական կապեր ունեցող եղբայրական պետութիւններ են: Իրանի հետ ռազմական համագործակցութեան ծաւալումը կը բխի նաեւ Ատրպէյճանի շահերէն»։