ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Զանգուածային լրատուական միջոցները լայնօրէն կը ծանուցեն «Տը Փրոմիս» շարժապատկերի մօտալուտ ցուցադրութիւնը (Ապրիլ 21), եւ միայն հայկական միջավայրին մէջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը, կը կարծեմ, պիտի բաւէ առաջին օրերուն լեցնելու համար սրահները:
Ֆիլմի ծանուցումը արդէն իսկ քարոզչական հսկայական գործ կը կատարէ մեզի համար, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ակնարկը հասցնելով միլիոնաւորներու ականջին:
Նախ եւ առաջ, ազգովին պէտք է մեր երախտագիտութիւնը կրկին ու կրկին յայտնենք այլեւս մեզմէ յաւերժ հեռացած այն մեծ մարդուն՝ Գըրգ Գըրգորեանին, որուն բարեգործութիւնները հսկայական դեր կատարեցին թէ՛ մեր համայնքին մէջ դպրոցներուն կատարուած նշանակալի յատկացումներով, թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրականացուած վերականգնումի ու զարգացման խոշոր ծրագիրներով:
Այս Մե՛ծ Հայը, իր մահէն ետք իսկ, ապահովեց հոլիվուտեան մեծ մաշտապով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գեղարուեստական շարժապատկեր մը պատրաստելու այնքա՜ն ցանկալի ծրագիրին իրականացումը:
Շարժապատկերը արդէն իրողութի՛ւն է եւ շուտով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսի դատողութեան։
Անկախ այս շարժապատկերի գեղարուեստական արժանիքներէն, մենք մեր կարելին պիտի ընենք անոր տարածումը ապահովելու համար: Արդէն իսկ բարեկամ, հարազատ ու հարեւան սինեմա հրաւիրելու տենդը զգալի՛ է մեր համայնքին մէջ, եւ վստահ ենք, որ աշխարհով մէկ նոյն մթնոլորտը կը տիրէ:
Անոնք, որոնք արդէն իսկ ֆիլմը տեսնելու առիթը ունեցան, ես ալ՝ անոնց շարքին, ունին իրենց անձնական գնահատումը անոր որակին, բովանդակութեան, բեմագրութեան եւ գեղարուեստական այլ արժանիքներու կամ թերութիւններու մասին: Ներքին գրաքննութեամբ, մեր ենթակայական տպաւորութիւններու հրապարակումը կրնանք յետաձգել, մինչեւ որ անցնի ֆիլմի ցուցադրութեան առաջին փուլը: Եթէ այս նշումը որոշ վերապահութիւն կը թելադրէ, ապա պէտք է անմիջապէս հաստատեմ, որ ֆիլմը դիտող մեր փոքրիկ խումբին 80 տոկոսը հիացած էր, տասը տոկոսը՝ սիրած, իսկ մնացած տասը տոկոսը ունէր որոշ վերապահութիւններ։
Առայժմ, եկէք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ֆիլմին հանդէպ հետաքրքրութեան տարածման վրայ եւ քաջալերենք անոր յաջողութիւնը: Վերջ ի վերջոյ, ասիկա առաջին մեծ աշխատանքն է, եւ դեռ կը յուսանք, որ՝ վերջինը չ՛ըլլար: