ԵՐԵՒԱՆ, «Թերչ».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու թիւ 14 դատարանին մէջ, Ապրիլ 12ին շարունակուեցաւ պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նիստը:
«Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, որ այս նիստին ընթացքին աւարտեցաւ մեղադրեալ՝ Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Ալի Ֆուատ Եըլմազերի հարցաքննութիւնը:
Եըլմազեր, պատասխանելով Տինքի ընտանիքի փաստաբաններու հարցումներուն՝ նշած է, որ ըստ իրեն՝ Տինքի սպանութեան նախապատրաստման փուլին, հետախուզական գործընթացի խափանում տեղի ունեցած է Պոլսոյ ոստիկանութեան կողմէ, «որ մեղաւոր է կատարուածին համար», ըսած է ան։
«Եթէ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը ընէր իր պարտականութիւնը, Տինքի սպանութիւնը անկասկած կը կանխուէր», նշած է ան:
Նախօրէին, Ապրիլ 11ի նիստին, ամբաստանեալը նշած էր, որ Տինքի սպանութեան գծով հարցաքննութեան ենթարկուող Տրապիզոնի հետախուզական մարմինի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները ամբողջական ճշմարտութիւնը չեն պատմած դատարանին: «Կայ կէտ մը, որուն վերաբերեալ անոնք լո՛ւռ կը մնան», ըսած էր ան:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Եըլմազեր յայտարարած էր նաեւ, որ Տինքի սպանութեան գործը որեւէ կապ չունի կիւլենականներուն հետ, եւ հաստատած էր այն տեսակէտը, թէ Տինքի սպանութեան ետին կանգնած էր ծայրայեղ ազգայնամոլներու «Էրկենեքոն» ահաբեկչական խումբը։ Ան նշած էր, որ «Էրկենեքոն»ի հետ կապուած հետաքննութեան շուրջ, ինք օրին պարբերաբար կապ հաստատած էր Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որ այդ օրերուն երկրի վարչապետի պաշտօնը կը վարէր: