ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը պէտք չէր մեզ այսքա՛ն ցնցէր: Այսուհանդերձ, մեր տուած թանկագին նահատակները հաստատեցին ազգային կեանքին մեր մասնակցութիւնը գնահատելու անհասանելի նոր նշանաձող, մեր հայրենիքին ու ազգին ի նպաստ մեր գործունէութեան արժեւորման խստագոյն չափանիշ:
Այս չափանիշները կրնան ընկճել մեզ, մանաւանդ՝ Սփիւռքի մէջ, ուր մեր առօրեան, որքա՛ն ալ գիտակից ճիգով մխրճենք ազգային իրականութեան մէջ, դժուար թէ մեզ բաւարարէ ու զոհաբերութիւն կատարած ըլլալու հոգեկան գոհունակութիւնը պատճառէ:
Բայց եւ այնպէս, այստե՛ղ ենք ու կեանքի պարտադրանքները չենք կրնար հաշուի չառնել: Այս իրականութեան լոյսին տակ եկէք փորձենք իմաստաւորել մեր առօրեան, ուր գործունէութեան բաւական լայն դաշտ կրնանք գտնել, օգտակար՝ ազգին ու հայրենիքին, Արցախին ու Հայաստանին:
Ապրի՛լ է, ուրեմն սկսինք՝ շեշտելով մեր մասնակցութեան կարեւորութիւնը Մեծ Եղեռնի ոգեկոչական ձեռնարկներուն, պահանջատիրական երթերուն ու քայլարշաւներուն:
Ապրիլին եւ մնացած ամբողջ տարուան ընթացքին հնարաւորութիւնն ունինք նիւթապէս աջակցելու Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքներուն: Կրնանք, անշուշտ, բարոյական աջակցութիւն ալ ցոյց տալ՝ մասնակցելով, ո՛չ միայն ներկայ ըլլալով, այլեւ յանձնառութիւններ վերցնելով, պարտականութիւններ ստանձնելով:
Քաղաքական գործունէութիւնը, սակայն, առանձնաշնորհեալ իմաստ չի կրնար ունենալ, մանաւանդ՝ Սփիւռքի մէջ, ուր այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուելու ոգին ու մթնոլորտը կը ստեղծուին ու մեզ կը ներարկուին մշակութային, ընկերային այն միջավայրէն, զոր մեզ կը պարգեւուի՝ ի գին մեծ զոհողութիւններու գործող ազգային կառոյցներու, դպրոցներու ու մշակութային, մարզական, բարեգործական միութիւններու ճիգով: