ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Խիկար իմաստունին մասին ա-ռածները բաւական տարածուած էին հայոց եւ յատկապէս՝ պոլսահայոց մէջ: Ահա կը ցանկանք պատմել պոլսահայոց բանահիւսութենէն քանի մը ծաղկաքաղ Խիկար իմաստունին մասին:
Օր մը, երբ Խիկար արտին մէջ ցորեն կը ցանէր, թագաւորը իր վեզիրին հետ ծպտուած կը շրջէր ժողովուրդին մէջ: Խիկարը տեսնելուն պէս կը մօտենան անոր եւ կը բարեւեն: Ծպտուած թագաւորն ալ կը հարցնէ Խիկարին.
– Աս ցորենը որ կը ցանես, արդէն կերա՞ծ ես:
Խիկարը կը պատասխանէ, թէ կէսէն աւելին կերած է:
Այդժամ թագաւորը կը հարցնէ.
– Ի՞նչպէս կ՛ապրիս:
Խիկար հողագործը կ՛ըսէ.
– Վեցը տասներկուք ըրի, նորէն երեսուն երկուքը չկրցայ գոհացնել:
Թագաւորը այս որ կը լսէ, կը հարցնէ.
– Եթէ ղազ մը ղրկեմ, կրնա՞ս փետտել:
– Ես անոր վարպե՜տն եմ,- պատասխան կու տայ Խիկարը:
Ասիկա որ կ՛ըսէ, թագաւորը եւ վեզիրը Խիկարէն հրաժեշտ կ՛առնեն, կը շրջին, արքունիք կը դառնան:
Վեզիրը, որ ամբողջ ժամանակ թագաւորին կողքը կանգնած կը լսէր, բան մը չէր հասկացած անոնց զրոյցէն: Ճիշդ անոր բախտին հակառակ՝ յաջորդ օրը թագաւորը վեզիրին կը հարցնէ.
– Երէկ այդ հողագործին հետ ի՞նչ խօսեցանք, կրնա՞ս ինծի բացատրել:
Երբ թագաւորը կը տեսնէ, որ իր վեզիրը ձայն չի հաներ, կը պատուիրէ, որ ան երթայ, մտածէ ու գայ իրեն պատասխան տալու: Վեզիրը շա՜տ երկար կը մտածէ, սակայն այդպէս ալ բան մը չի հասկնար: Վերջը կը դառնայ Խիկարին մօտ.
– Ինծի կրնա՞ս բացատրել երեկուան ձեր հանելուկային զրոյցին առաջին հարց ու պատասխանին իմաստը,- կը հարցնէ վեզիրը:
– Քսան ոսկի տուր՝ ըսեմ,- կը պատասխանէ հողագործ Խիկարը:
Վեզիրն ի՞նչ ընէր, ճար չուներ, կը հանէ քսան ոսկի, կու տայ: Խիկարը կ՛ըսէ.
– Նախ ըսեմ, որ երեկուան ծպտուած մարդը մեր երկրին թագաւորն էր: Ան շատ խելացի մարդ է, բայց դուն՝ ոչ: Եւ քանի որ քսան ոսկի կը վճարես, ես քեզի կ՛ըսեմ: Թագաւորը ինծի հարցուց, թէ այդ ցորենը որ կը ցանեմ՝ արդէն կերա՞ծ եմ: Ան կ՛ուզէր ըսել, թէ ես պիտի օգտուի՞մ այդ ցորենէն, թէ պարտք պիտի տամ: Անոր համար ես ալ ըսի, որ կէսէն աւելին կերած եմ արդէն, այսինքն՝ պարտք եմ արդէն:
Վեզիրը կը լսէ, կու գայ, թագաւորին կ՛ըսէ առաջին հարց ու պատասխանին իմաստը: Բայց թագաւորը կը հասկնայ, որ սա իր խելքով չէ գտած պատասխանը, կը հրամայէ իրեն բացատրել երկրորդ հարց ու պատասխանին իմաստը: Վեզիրը երկար-բարակ մտորումներէ ետք նորէն կ՛երթայ հողագործին քով: Խիկարը նորէն քսան ոսկի կ՛ուզէ, եւ վեզիրը կու տայ ոսկիները:
– «Վեցը տասներկուք ըրի, նորէն երեսուներկուքը չկրցայ գոհացնել», այսինքն՝ ես թագաւորին ուզեցի հասկցնել, որ վեց ամիս արտիս մէջը աշխատելէս զատ, նաեւ վեց ամիս ալ տունիս մէջը ջուլհակութիւն ըրի, նորէն ալ երեսուներկու ակռան, այսինքն՝ բերանը, չեմ կրցած կշտացնել:
Վեզիրը այս պատասխանն ալ կ՛ըսէ թագաւորին:
– Աղէկ,- կ՛ըսէ թագաւորը,- հիմա ինծի կրնա՞ս բացատրել երրորդ հարց ու պատասխանին իմաստը:
Վեզիրը նորէն կ՛երթայ Խիկարին մօտ: Այս անգամ Խիկարը քառասուն ոսկի կ՛ուզէ: Ոսկիները վերցնելէ ետք կ՛ըսէ.
– Գնա՛, թագաւորին ըսէ, որ իր ըսած ղազը դո՛ւն էիր, որ բան մը չհասկցար մեր հարց ու պատասխանէն եւ եկար քովս այդ բոլորը հասկնալու: Այնպէս որ թագաւորին ղրկած ղազը դուն էիր, ես ալ քեզ փետտեցի ու ոսկիներդ առի:
Վեզիրը գլխիկոր կը դառնայ թագաւորին մօտ, թագաւորն ալ իր տգէտ վեզիրին աղուոր դաս մը տալէ ետք կը հանէ իր պաշտօնէն: