ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, Կիրակի, Մարտ 26ին, կ.ե. ժամը 1ին, «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 126ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը՝ աւելի քան 300 ներկաներով: Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Երրորդութիւն, Ս. Պօղոս եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, կեդրոնի բարերարներ՝ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, «Վարդանանց Ասպետներ»ու «Եփրատ» դահլիճի եւ «Ալիծ» օթեակի ներկայացուցիչները, Չարլի Քէյեան Համագաղութային դպրոցի տնօրէնուհի Զար Մկրտիչեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայկական բաժինի վարիչ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, շրջանի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամները եւ կոմիտէի հովանիին ներքեւ գործող բոլոր միութիւնները՝ իրենց ներկայացուցիչներով՝ Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» եւ «Սոֆիա», ՀՄԸՄի՝ «Սասուն», Համազգայինի՝ «Դանիէլ Վարուժան», Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան՝ «Գէորգ Չաւուշ» մասնաճիւղերը եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկանը։ Կար նաեւ մեծ թիւով համակիրներու բազմութիւն:
Հանդիսավար Լեւոն Էսքիճեան, իր բարի գալուստի խօսքը արտասանելէ ետք ըսաւ. «Աւանդաբար, ամէն տարի կատարուող ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութիւնը, տարիներէ ի վեր վերածուած է հաշուետուութեան օրուայ, սակայն այս տարի անիկա տարբեր հմայք պիտի ունենայ, որովհետեւ այսօր, մեր միտքի պաստառին պիտի տողանցեն ՀՅԴի 126 տարիներու վրայ երկարող հերոսական դրուագները՝ իրենց քաջակորով մարտիկներուն եւ ընկերներուն հետ»: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտները, դրօշակի արարողութիւնը կատարելու համար։ Սկաուտները համաչափ քայլերով բեմ բարձրացան, ապա բեմ բարձրացաւ նաեւ Հայկօ Օհաննէսեան, որ իր դիւթիչ ձայնով մեկնաբանեց ամերիկեան քայլերգը։ Երբ ան սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգները մեկնաբանելու, ներկաները խանդավառ ընկերացան անոր:
Հանդիսութիւնը գործադրուեցաւ կոկիկ եւ բաւական բարձր մակարդակով։ Ճոխ յայտագիրին մէջ կային արտասանութիւն, երգ, պար եւ տեսանիւթի ցուցադրութիւն՝ Արցախի քառօրեայ պատերազմի դրուագներէն եւ պատգամներէն:
Ծափերու տարափին տակ բեմ բարձրացաւ Նունէ Խաչիկեան- Պետրոսեան, որ ապրումով եւ սքանչելի առոգանութեամբ մեկնաբանեց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը՝ արժանանալով բոլորի ծափերուն: Ներկաներուն զգացումները աւելի ջերմացան, երբ արցունքոտ աչքերով հետեւեցան պաստառին վրայ տողանցող Քառօրեայ պատերազմի սրտաճմլիկ տեսարանները:
Այս սրտայոյզ մթնոլորտին մէջ բեմ բարձրացան ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան 15 ընկեր-ընկերուհիները՝ իրենց երդումը կատարելու։ Անոնք երգեցին «Զարթիր Որդեակ» եւ «Պիտի Գնանք» երգերը: Ապա, օրուան կնքահայրը՝ Մանաս Սաղտըճեան, բեմ բարձրանալով գործեց երդման արարողութիւնը։ Պատանիները հպարտ քայլերով բեմէն վար իջան եւ գրաւեցին իրենց տեղերը:
Կարօտ Քարօղլանեան ապա բեմ բարձրանալով՝ անգլերէնով փոխանցեց ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի խօսքը:
Իսկ հանդիսավար Էսքիճեան բեմ հրաւիրեց Խաչիկ Հաւաթեանը՝ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը ներկայացնելու: Հաւաթեան այսպէս սկսաւ իր խօսքին. «Առաջին անգամն է, որ համախմբուած ենք հոս, վերանորոգուած «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» մշակութային կեդրոնի «Ռոզ Մկրտիչեան» սրահին մէջ, վերակոչելու համար 126րդ ամեակը ՀՅԴին։ Այս մեծ կազմակերպութիւնը, որ ծնունդ առաւ 1890 թուականին, Թիֆլիսի մէջ, երկար ժողովներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք։ Քրիստափոր Միքայէլեան յաջողեցաւ միացնել միւս խմբակցութիւնները եւ կազմել Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը»:
Ընկերը անդրադարձաւ այդ ազգային կուսակցութեան նկարագրային յատկութիւններուն, սկզ-բունքներուն, գործելաձեւին, նուիրումին եւ նկարագիրին, նշելով, որ վերոյիշեալ տուեալներով՝ ՀՅԴն հայ ժողովուրդի անկեղծ համակրանքին արժանացաւ, եւ հո՛ն, ուր հայկական օճախ գոյութիւն ունի, հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին, ան ներկայ եղաւ՝ իր լաւագոյն հայորդիներով:
Հաւաթեան ապա խորասուզուեցաւ տարիներու ելեւէջներուն մէջ եւ հանդիսականներու աչքերուն դիմաց բացաւ 126 տարիներու վրայ երկարող ՀՅԴի պատմութեան պաստառը՝ ըսելով. «Հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, «ջան ֆետայիներ»ը ազգային իղձերու գոյնզգոյն օղակներով ընդելուզած են հայ ժողովուրդի պատմութեան մանեակը, ինչպէս վերջերս այս սրահին մէջ հաստատեց Կեդր. կոմիտէի ընկերը»:
Անդրադառնալով ՀՅԴ ծնունդի պատճառներուն՝ ան թուեց հետեւեալները. սուլթան Համիտի վայրագութիւնները, ռուս-թրքական պատերազմը, Պերլինի վեհաժողովէն Խրիմեան Հայրիկի ձեռնունայն վերադարձը եւ անոր «Երկաթէ Շերեփ»ի պատգամը։ «ՀՅԴի վրիժառու հայորդիները, Խրիմեան Հայրիկի պատգամը իրենց սիրտերուն եւ զէնքերը ձեռքերուն՝ 126 տարիներ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն տէր կանգնեցան», ըսաւ ան:
«Եթէ պահ մը մեր մտածումներով շրջինք երկրագունդի ցամաքամասերը, անկասկա՛ծ կը տեսնենք, որ հո՛ն, ուր հայ գաղութներ կան, հոն ներկայ է ՀՅԴն՝ իր կազմակերպութիւններով եւ ակումբներով, ուր դաշնակցականի սկզբունքներով եւ յատուկ նկարագիրով հասակ կ՛առնէ հայ նորահաս սերունդը՝ միշտ նորոգուելով, նորոգելով ու զարդարելով ՀՅԴ մանեակին օղակները», եզրափակեց Հաւաթեան, կոմիտէին անունով խոստանալով սոյն կեդրոնը վառ ու կենսունակ պահել:
Հայոց պատմութեան դէպքերու թուարկումներով ջերմացած սրահին բեմը բարձրացաւ պարուսոյց Կարինէ Յովհաննէսեանի «Ֆրեզնօ» պարային միաւորը, իր հեզաճկուն շարժումներով «Հայեր Միացէք» երգը ներկայացնելով, մինչ երգը կատարեց Գայիանէ Պետրոսեան, ապա յաջորդեցին ուրիշ պարեր՝ նուագի ընկերակցութեամբ: Գերգնահատելի աշխատանք մըն է, զոր կը կատարէ պարուսոյց Կարինէ Յովհաննէսեան։
Այնուհետեւ, հանդիսավարը բեմ բարձրանալով հրաւիրեց օրուան պատգամաբերը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, իր պատգամը փոխանցելու:
Ստորեւ՝ յարգոյ պատգամաբերին խօսքը՝ ամբողջութեամբ.
«Ողջոյն քեզ, հայ ղեկավար սերունդներ պատրաստած Ֆրեզնօ:
Ողջոյն քեզ, Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ի օրրան եւ The California Courier-ի եւ Մելիք-Շահի «Արշալոյս» տարեգիրքի Ֆրեզնօ:
Ողջոյն քեզ, իր մօտ ձեռնբաց Սողոմոն Թեհլիրեանն ու զօրավար Անդրանիկը հիւրընկալած Ֆրեզնօ:
Ողջոյն քեզ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Գըրգ Գրգորեանի եւ շարք մը այլ նշանաւոր սփիւռքահայերու ծննդավայր Ֆրեզնօ:
Ողջոյն քեզ, Սասունցի Դաւիթի իսկական չափերով պարզած արձանի եւ 800ամեայ փրփուրի աւանդութիւնը կանգուն պահած Ֆրեզօ:
Սիրելիներ, Դաշնակցութիւնը 1890ին ծնաւ հայ ժողովուրդի աննկարագրելի տարապանքէն, եւ առաջին իսկ օրէն արձագանգեց անոր կանչին իր ֆետայական գործունէութեամբ եւ աւելի քան 25 տարիներ Երկրի կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ թէ այլուր:
Ապա Դաշնակցութիւնը գիտցաւ ինքզինք վերստեղծել եւ ներկայացաւ իբրեւ հայ ժողովուրդի ներուժին առաջնորդ եւ ուղղուածութիւն եւ ղեկավարութիւն տրամադրեց 1918ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումին մէջ, ու գիտցաւ զայն այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ զարգացնել իր բանակով, իր պետակա՛ն կառոյցով, Ալեքսանտրապոլի իր համալսարանով, իր ժողովրդավար եւ բազմազանութեան վկա՛յ խորհրդարանով, եւ թիավարել փոթորկոտ այդ ջուրերուն մէջ:
Դաշնակցութիւնը գիտակցեցաւ յետ-Ցեղասպանութիւն տարասփիւռ հայութիւնը կազմակերպելու կարեւորութեան, եւ պատասխանեց հայ ժողովուրդի կանչին՝ անոր համասփիւռքեան կառոյցներ տրամադրելով, ուսուցիչ, կղեր ու դաստիարակ հասցնելով, հայ գիրն ու մշակոյթը պահպանելով եւ զարգացնելով, ապա Սփիւռքը քաղաքականացնելով եւ յեղափոխականացնելով, Ցեղասպանութեան իրաւատէր կանգնելով, հայ ժողովուրդի անժամանցելի Դատը յետապնդելով եւ նպատակաուղղուած ցուցական պայքար առաջնորդելով:
Ապա Դաշնակցութիւնը անսաց հայ ժողովուրդի տենչին եւ վերընձիւղուեցաւ Մայր Հայրենիքէն ներս, թէկուզ երբ տակաւին կը յամենային խորհրդային կարգերը, եւ ղեկավարութիւն (leadership), արիւն եւ մերօրեայ թիւֆենկ տրամադրեց մեր երրորդ հանրապետութեան՝ Արցախի գոյամարտին մէջ, իր լուման տրամադրելով հայ ժողովուրդի դարերով կեղեքուած հոգեհարազատ արցախեան հողատարծքներու վերադարձին:
Եւ այսօր, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր երթը, կը ցոլացնէ հայ ժողովուրդի կամքը, կը ծառայէ հայ ազգին Հայաստանի մէջ, անոր տրամադրելով տեսլական՝ աւելի փայլուն ապագայի մը, կը բանի հայը իր հողին վրայ պահելու եւ զարգացնելու նշանաբանով, ներգործօն կերպով կը մասնակցի ժողովրդավար խորհրդարանային գործընթացի մը պատկերացումին եւ ընդլայնման, ու կը ծառայէ իր նախարարներով աւելի բարւոք հայրենիքի մը իրագործման համար: Եւ Արցախի մէջ, մեր այս 126ամեայ կաղնին, իբրեւ հիմնական ուժ եւ խորհրդարանէն ներս երկու բարձրագոյն վարկանիշ ունեցողներէն մէկը, կը տրամադրէ իր ամբողջական ներուժը մեր այս 12,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ անկախ, սակայն արիւնարբու ազերի թշնամիներով շրջապատուած հանրապետութեան, հաստատուն եւ դիմացող ապագայի մը կերտման սրբազան գործին:
Եւ ահա՛ սիրելիներ, կը հասնինք Դաշնակցութեան այսօրուան օրակարգին Սփիւռքի մէջ: Դաշնակցութի՛ւնը, ի տես հայութեան մեծաթիւ հատուածին, որ ակամայ թէ կամովին կը գտնուի Սփիւռքի մէջ եւ լսելով հայ ժողովուրդի կոչը՝ իր օրակարգին վերածած է Սփիւռքը յաւելեալ հայ պահելու, անոր կարողականութիւնը արտահանելու եւ ծառայեցնելու Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքի ծովածաւալ կարիքներուն, լեզո՛ւ գտնելու Սփիւռքի մէջ ծիլ տուող եւ նորարար հայ նոր սերունդի եւ երիտասրդութեան հետ, զայն հասկնալու եւ անոր հետ հասկցուելու, Ցեղասպանութեան երկրորդ հարիւրամեակի շեմին մեր տարասփիւռ հայ ժողովուրդին մէջ ազգային գաղափարախօսութիւնը վառ պահելու եւ զայն խօսքէն գործի վերածելու համար:
Ահաւասի՛կ սիրելիներ, շատ կարճ նայուածքով մը ձեզի կը ներկայացնեմ մեր 126ամեայ կազմակերպութեան ծառայութեան որոշ վերնագիրները, անոր՝ հայ ժողովուրդի կոչերուն, կանչերուն, կարիքներուն հասնելու պարագաները: Եւ այս բոլորը՝ իբրեւ նախաճաշակ նմոյշներ մեր յաջորդ 126 տարիներուն հայ ժողովուրդին ղեկավարութիւն տրամադրելու եւ անոր ազգային եւ ընկերային տենչերուն մեկնաբանն ու միաժամանակ ղեկավարն ու ծառան ըլլալու մեր անհուն տրամադրելիութեան:
Սիրելիներ, իր հիմնադրութենէն 126 տարիներ ետք, 126րդ անգամն ըլլալով, եւ այս անգամ Ֆրեզնոյի մէջ, ՀՅԴն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի իր կառոյցով, կու գայ իր հաշուետուութիւնը կատարելու հայ ժողովուրդին, իր յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները բաժնեկցելու ձեզի հետ, հերթաբար մեր ազգի հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան հատուածներուն դիմաց ծառացող մարտահրաւէրներուն դէմ հանդիման մեր կեցուածքներն ու առաջադրած եւ գործադրած լուծումները բաժնեկցելու:
Հիմա, որ անկախ Հայաստանն ու Արցախը թեւակոխեցին իրենց ներկայի անկախութեան 25ամեակները, եւ որ յետ-Ցեղասպանութիւն կազմուած Սփիւռքը կը գտնուի երկրորդ հարիւրամեակի մը սեմին, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռանկիւնին կը գտնուի լրջագոյն անկիւնադարձի եւ պատասխանատուութեան մը առջեւ:
Հիմա, որ Հայաստանը անկախ է եւ մենք ունինք ինքնուրոյն պետականութիւն, մեզի համար խի՛ստ կարեւոր է որ մեր հայրենի ժողովուրդը ունենայ արդար միջավայր, ժողովրդավա՛ր իշխանութիւն, առո՛ղջ եւ բարգաւաճ տնտեսութիւն, Հայասատանի մէջ կեանք մը վառելու աւելի՛ հաւասարակշռուած տուեալներ, եւ իբրեւ արդիւնաւէտ ղեկավարութեան դրսեւորում՝ Հայաստանէն արատգաղթի վատառողջ երեւոյթի դադրեցում եւ անոնց մէջ ՀՅԴի ազդո՛ւ դերակատարութիւն: Հայը Հայաստանի՛ մէջ պահելը մեզի համար ինքնանպատա՛կ է: Եթէ իբրեւ ազգ պիտի վերականգնինք, ապա Անկախ Հայաստանի ամրապնդումը մեր ազգի գոյութեան եւ վերապրումին լաւագոյն ապահովագրութիւնն է:
Քանի մը օրէն կ՛ամբողջանայ Արցախի քառօրեայ պատերազմի առաջին տարեդարձը: Մենք այդ դաժան պատերազմին գիտցանք հայրենի հողը մեր արեան գնով վճառել եւ ցոյց տալ, թէ արեամբ ձեռք ձգուած հողը չի՛ զիջուիր եւ գիտցանք աւելի քան հարիւր զոհ տալով հանդերձ՝ պաշտպանել փուր մը ազգային տարածքը:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնը բարելաւելը եւ շիտակ հունի մէջ դնելը կը մնայ հրամայական: Հզօր Սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար, իսկ Սփիւռքը առանց հզօր Հայաստանի կը մարի, կը խամրի: Ուրեմն, Սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանին եւ Հայաստանը անհրաժեշտ է Սփիւռքին իբրեւ մէ՛կ ազգի ամբողջականութիւն, իբրեւ մէկ ու միացեալ ապագայ հասկացողութեան ապացոյց, իբրեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք զիրարմով սնանող մէ՛կ էութիւն:
Ուրեմն, Սփիւռքը հզօրացնելը ռազմավարական նպատակ է մեզի համար: Ձուլումի ամէնօրեայ դաշտը աւելիո՛վ կը սպառնայ մեզի ամէն օր, եթէ չգտնենք անոր դէմ պայքարելու նոր բանալիները:
Յատկապէ՛ս Ֆրեզնոյի մէջ, ուր հին ու նոր Սփիւռքը կ՛ապրին կողք-կողքի, պիտի աշխատինք նոր սերունդը աւելի հայ պահել, անոնց մօտ ազգային պատկանելիութիւնը հպարտութեան առարկայ դարձնել, հայ մշակոյթը անոնց առօրեայ կեանքին մէջ պահել: Աւելի՛ն, պիտի աշխատինք պատանեկութիւնն ու երիտասրդութիւնը մեզ մօտ պահել, լսենք իրենց առաջարկները, տեղ տանք անոնց, եւ յաջող աշխատանքները քաջալերելով, ներողամիտ ըլլանք եւ ցուցմունք տանք իրենց սխալներու պարագային: Աւելի՛ն, պատրաստենք անոնց միտքերն ու հոգիները քաղաքականօրէն՝ հասուննալու եւ ծառայելու հայ ազգին՝ մեր կուսակցութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՄԸՄին, ՀՕՄին, Համազգայինին, եկեղեցիին, դպրոցին եւ այլ կառոյցներու հաւաքական գործին ընդմէջէն: Մի՛շտ հոգեկան բաւարարութեամբ գոհանալու, նիւթական ակնկալութիւն չունենալու, եւ անսակարկ ու անսահման ազգին ծառայելու հասկացողութեամբ: Եւ այս բոլորը, որովհետեւ մեր իրաւունքները յափշտակուած կը մնան: Որովհետեւ տակաւին Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանը չէ կերտուած:
Ֆրեզնոյի նման՝ մեր ազգային հոգեվիճակին, մեր ազգային psyche-ին վրայ ազդեցութիւն թողած գաղութի մը մէջ մեր փափաքն է, որ հայերէնը առաւելագոյնս սորվեցուի, տարածուի, խօսուի, գրուի եւ կարդացուի: Մեր փափաքն է, որ հայ մշակոյթի տարբեր երեսները, երգը, պարը, թատրոնը, եւ այլն, պահուին եւ զարգացուին: Իսկ այն հայերուն մօտ, որոնց մատչելի պիտի չըլլան մեր մայրենի լեզուն սորվիլը կամ գիտնալը, ապա պիտի տանինք աշխատանք անոնց մօտ հայ ոգին կանգուն պահելու, հայութեամբ հպարտութիւն ներշնչելու, եւ զանոնք ազգային տարբեր ոլորտներէ ներս ընդգրկելու համար: Հպարտութեան առարկա՛յ է, որ Ֆրեզնոն աւելի քան հարիւր տարիներ իր շրջապատին ճառագայթեց հայութեան եւ Հայաստանի իսկական պատկերը, եւ անկասկա՛ծ որ անիկա ճակատաբա՛ց պիտի շարունակէ այդ ազգային արաքելութիւնը:
Այսօր, աշխարհը նորարարութեան արշաւի մը կ՛ենթարկուի: Անշո՛ւշտ որ մենք նորութենէն վախցողը չենք: Բայց այդ չի՛ նշանակէր, որ ամէն ինչ որ նոր է, կամ օտարէն կու գայ անպայմանօրէն լաւ է: Մենք ունինք մեր մայրենի հողէն արմատախիլ եղած ժողովուրդի հանգամանք եւ պարտինք այս նորարութիւնները եւ օտարէն մեզի հրամցուածը դիտել մեր ազգային նկարագիրի, մեր ազգային արժէքներու, եւ մեր աւանդութիւններու պրիսմակով, որ օգտակար եղած է մեզի՝ հայ մնալու, աւելի քան 2,500 տարիներ:
Մենք անցեալ տարի Ֆրեզնոյի մէջ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան առթիւ յայտարարեցինք ԿԿի պահանջն ու պատկերացումը, որ Ֆրեզնօն վերադառնայ իր նախկին հմայքին: Ահաւաս՛կ, փոքր բայց կարեւոր նախանշաններ կը նկատէք վերաշխուժացման, որ կը տեսնէք Ֆրեզնոյի մէջ վերջին 2-3 տարիներուն ընթացքին, եւ մեր ակնկալութիւնն է, որ յաւելեալ ներքին կազմակերպական հզօրացմամբ, գաղութի ղեկավարման յաւելեալ աշխատանքներով, եւ բոլորէն անխտիր աւելի նեցուկով, 20րդ դարու Սփիւռքի նախակարպետ Ֆրեզնօն նուաճէ նոր փարձունքներ: Մենք, մեր կարգին, կը խոստանանք ձեզի՝ հարիւր տոկոսով զօրակցիլ, ձեր հետ աշխատիլ, ձեր հետ քրտնիլ՝ ի սպաս Ֆրեզնոյի մեր պանծալի հայ ժողովուրդին:
Սիրելիներ, ազգովի՛ն մեր կտրելիք ճամբան դժուարին եւ բարդ ըլլալով հանդերձ, մեր յեղափոխական դէմքերէն Յարութիւն Շահրիկեանի բառերով. «Կ՛ապրին ա՛յն ժողովուրդները, որոնք անցեալի հպարտութիւնն ունին, ներկային պինդ փարած են իրենց ստեղծագործութիւններով ու իտէալներով, եւ որոնք իրաւամբ վստահաբար կը նային ապագային»: Այստեղ, հայ մարդն ու հայ կինը մեծ ընելիքներ ունին: Այն կինը, որուն մասին խօսելով մեր հերոսներէն Գարեգին Նժդեհ 1927ին կ՛ըսէ հետեւեալ խօսքերը, որոնք իրենց արձագանգը կը գտնեն Ֆրեզնոյի մէջ. «Հայ Կինը: Սրա միջոցաւ հոգեփոխենք հայ ընտանիքը: Այդ վերջինի միջոցա՛ւ հայութիւնը։ …Հայրենապաշտօրէն դաստիարակենք հայ կինը եւ նրան թողնենք մեր մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործը: Հայ կնոջ միջոցաւ դարձի եւ զգաստութեան հրաւիրենք ազգայնօրէն տկարացած տարրերը: Նրա պաշտպանութեան եւ գուրգուրանքին յանձնենք մեր մայրենի լեզուն, Եռագոյնը, անկախութեան Մայիսը: Ունենա՛նք առիւծածի՛ն մայրեր…»: Ի՛նչ իմաստալից խօսքեր, որոնք իրենց արձագանգը ունին այսօր թէ՛ մայր հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
Մենք մեր կարգին, Շահրիկեանի եւ Նժդեհի տրամաբանութեամբ, կառչելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու անժամանցելիութեան վրայ, անգամ մը եւս կը վերահաստատենք մեր պայքարի ոգին եւ Դաշնակցութեան դաւանանքը՝ հասնելու Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան կերտելու մեր տեսլականին:
Կեցցէ՛ք դուք, սիրելի՛ Ֆրեզնոյի հայեր,
Կեցցէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը,
Կեցցէ՛ մէկ ու ամբողջական հայութիւնը,
Կեցցէ՛ ամբողջական Հայաստանը»:
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ պարային միաւորի փոքրիկներու խումբը, որ թաթիկներու հաճելի շարժումներով եւ մանկական անոյշ ժպիտով մեկնաբանեց հայկական պարեր՝ արժանանալով ներկաներու բուռն կանչերուն եւ ծափերուն:
Վերջին բաժինով, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանը, որ «Պահպանի»չ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:
Աղօթքէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան:
Իրապէ՛ս գեղեցիկ եւ ուրախալի երեւոյթ էր գաղութիս բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու հոգեւորական դասը մէկ յարկի տակ համախմբուած տեսնելն ու ՀՅԴի 126ամեակը բարձր տրամադրութեամբ վերակոչելը: