ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Արցախ այցելելուն համար Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած Ալեքսանտր Լափշինի բանտարկութեան պայմանաժամը երեք ամիսով երկարաձգուած է Ուրբաթ, Ապրիլ 7ին, Ատրպէյճանի շրջանային դատարանի մը կողմէ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Լափշինի պաշտպան փաստաբան Էտուարտ Շերնին։
Պելոռուսի իշխանութիւնները Լափշինը ձերբակալելէ ետք՝ զայն յանձնած էին Պաքուին։