«Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տեղի տուած է մեծ մոլորութեան մը: Շուարումի մէջ են համայնքային շրջանակները, որովհետեւ որքա՛ն լուծումը կը յապաղի, այնքա՛ն եւ աւելի կը խորանայ մտահոգութիւնը: Աւագ շաբթուան ընդառաջ, դժբախտաբար, հնարաւոր չէ եղած յաղթահարել տագնապալի կացութիւնը: Առկայ իրավիճակին մէջ համայնքէն ներս ալ լարուածութիւնը կ՛աճի, բեւեռացումներու դրսեւորումները կը դառնան ա՛լ աւելի մտահոգիչ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը տօնական օրերու ընդառաջ կը ջլատուի ակնյայտօրէն», կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Հինգշաբթի առաւօտ, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ առանձնազրոյց մը ունեցան ընտրեալ-տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանը եւ ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը: «Նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ երկու սրբազանները նոյնիսկ ժամադրուելու եւ տեսակցելու ուղղութեամբ թիւրիմացութեան մէջ էին, այդ թիւրիմացութիւնն ալ անխուսափելիօրէն ստեղծեց չկամութեան մը տպաւորութիւ-նը, Հինգշաբթի ա-ռաւօտեան առանձնազրոյցը եղաւ յու-սադրիչ երեւոյթ մը: «Գարեգին արք. Պէքճեան եւ Արամ արք. Աթէշեան գլուխ գլխի տուին՝ ելք մը գտնելու համար առկայ փակուղիէն: Կէսօրուան ժամերուն Գարեգին արք. Պէքճեան հրաժեշտ առաւ պատրիարքարանէն եւ այդ փուլին յարմար չդատեց տալ որեւէ բացատրութիւն՝ մեր հարցումներուն փոխարէն: Նոյնպէս, Արամ արք. Աթէշեանն ալ նախընտրեց պահել լռութիւն», կը պատմէ «Ժամանակ»ը:
Ըստ «Ժամանակ»ի՝ աւելի ուշ անպաշտօն աղբիւրներէ հասած են լուրեր, թէ երկու սրբազանները վերջին պահուն ձախողած են վերջնական արդիւնքի մը հասնելու ճանապարհին եւ այս պատճառով նախընտրած՝ ոչինչ հաղորդել մամուլին: Արամ արք. Աթէշեան Գարեգին արք. Պէքճեանին ներկայացուցած է համաձայնութեան նախագիծ մը: «Ըստ երեւոյթին, սա այն նախագիծն է, որուն մասին օր մը առաջ Արամ արք. Աթէշեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ տեղեկացուցած էր մամլոյ ներկայացուցիչներուն, սակայն յարմար չէր նկատած հրապարակել անոր բովանդակութիւնը՝ նախքան Գարեգին արք. Պէքճեանին տեսնելը: Երկու սրբազանները Հինգշաբթի օրուան առաջին կէսին յաջողած են որոշ չափով զարգացնել իրենց երկխօսութիւնը: Պատրիարքարանի կողմէ պատրաստուած նախագիծը հետամուտ եղած է մեր եկեղեցական իրաւունքը, կարգ ու կանոնը եւ պետութեան սպասումները համադրել: Բանաձեւը նախատեսած է մինչեւ պետութեան հետ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մեկնարկին համաձայնեցումը՝ ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնավարութեան շարունակումը: Ընտրական գործընթացի մեկնարկին զուգահեռ, ըստ նախագծին՝ Արամ արք. Աթէշեան պատրիարքարանի ղեկը պիտի փոխանցէր Գարեգին արք. Պեքճեանին, որպէսզի այս վերջինը առաջնորդէ ընտրութեան աշխատանքները: Այս ընդհանուր առանցքին շուրջ ծաւալուած են քննարկումներ: Գարեգին արք. Պէքճեանի պահանջով կարգ մը յաւելումներ կամ փոփոխութիւններ ալ կատարուած են նախագիծին մէջ: Բաւական յուսադրիչ հունի մը մէջ շարունակուած են քննարկումները: Ըստ նոյն անպաշտօն լուրերուն, Արամ արք. Աթէշեան Գարեգին արք. Պէքճեանին առաջարկած է անգամ մըն ալ միասնաբար այցելել Իսթանպուլի կուսակալութիւն՝ խնդրելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի աջակցութիւնը: Տրամաբանութիւնը եղած է այն, որ Արամ արք. Աթէշեան անձամբ պատկան իշխանութիւներուն ներկայացնէ, ծանօթացնէ ընտրեալ-տեղապահը եւ այսպէսով ձեւով մը անոր ալ կարգավիճակը վերահաստատւած կամ ճանչցուած ըլլայ: Երկու սրբազաններուն համատեղ աշխատանքը կարգ մը փուլերու մէջ ընթացած է շատ հեզասահ: Այդ պայմաններուն ներքեւ շրջանառութեան մէջ մտած լսումներով երէկ հաղորդած էինք, թէ Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ նոր շփում մը դարձած է հաւանական: Բայց եւ այնպէս, Գարեգին արք. Պէքճեան վերջին պահուն զերծ մնացած է այդպիսի համաձայնութենէ մը եւ Արամ արք. Աթէշեանէն խնդրած է ունենալ պատրաստուած նախագիծին պատճէնը, որպէսզի քիչ մը եւս մտածէ անոր վրայ: Գարեգին արք. Պէքճեան վաղը արդէն պիտի մեկնի Մարսէյ եւ յառաջիկայ շաբթըւան սկիզբին պիտի վերադառնայ քաղաքս», կացութիւնը կը նկարագրէ «Ժամանակ»ը:
Նշենք, որ պատրիարքական աթոռին շուրջ ստեղծուած փակուղիին վերաբերեալ աշխատանքը պիտի վերսկսի Գարեգին արք. Պէքճեանի Մարսէյէն վերադարձէն ետք:
Screw them both. Nobody needs fat rich men to pray. We can all pray by ourselves if necessary. These people, and not foreign powers, have enslaved the Armenian nation for well-night 2,000 years.