ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ո՞վ կրնայ անտարբեր նայիլ Եռագոյնին: Երկու օր առաջ տեսայ սպիտակ մեքենայի մը առջեւի երկու կողմերուն ալեկոծուող եռագոյն փոքր դրօշակներ: Ապրիլը ազդարարող առաջին նշաններն էին անոնք, երիտասարդ հայորդիի մը ինքնաշարժին վրայ: Յաջորդ օրը արդէն բազմացան փոքրիկ եռագոյններ պարզած ինքնաշարժներուն թիւը:
Հոյակա՛պ զգացում է: Այդ դրօշակները յայտարարութիւններ են, որ՝ «կը պատրաստուինք Ապրիլ 24ի ոգեկոչական եւ պահանջատիրական ցոյցերուն ու ձեռնարկներուն», եւ որ՝ ներկա՛յ պիտի ըլլանք կազմակերպուած քայլարշաւին՝ դէպի թրքական դեսպանատուն: Ես ալ ներկայ պիտի ըլլամ, պիտի մասնակցին այդ քայլարշաւին եւ միւս ձեռնարկներուն, եթէ հնարաւոր ըլլայ, եթէ կարենամ՝ բոլո՛ր ձեռնարկներուն, եռագոյնո՛վ, որուն նայելուս՝ երբեք, երբեք չեմ կրցած զսպել յուզումս:
Յաղթանակ
Յաղթանակները մեծ կամ փոքր դասելու սովորութենէն պէտք է հրաժարինք հաւանաբար… Յաղթանակի բերկրանքը լիուլի վայելենք, անոր բարիքներէն օգտուինք, խանդավառութիւնը նոր եռանդի աղբիւր դարձնենք ու անցնինք առաջ:
Քանի մը օր առաջ, մեր Օրենճ Քաունթիի համայնքը յաղթանակ մը արձանագրեց (տես մեր երէկուան առաջին էջով տրուած լրատուութիւնը), Ըրվայնի մէջ ձախողութեան մատնելով Ապրիլ 23ը թրքական ժառանգութեան օր հռչակելու մասին քաղաքապետարանին նախագիծը:
Օրենճ Քաունթիի համայնքը՝ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին ղեկավարութեամբ, արագ կողմնորոշուեցաւ, հակազդեցութեան յստակ ծրագիր կազմեց եւ շարժեցաւ առաջ, աշխատեցաւ համակարգուած, միասնակա՛ն ոգիով, եւ՝ յաղթեց: Համայնքի երիտասարդ ղեկավարներէն Կարօ Մատէնլեանի բառերով. «Անգամ մըն ալ ցոյց տուինք, որ մեր միասնականութիւնը մեր ուժն է, մեր յանձնառութեան եւ նուիրաբերումի ոգին մեզ կը հասցնէ վերջնակէտի, եւ միասնական աշխատանքը կ՛ապահովէ մեր յաղթանակը»: