ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան մեղադրած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վրայ մնալ շարունակող Արամ արք. Աթէշեանը՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ Պոլսոյ նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին տեղեկութիւները խեղաթիւրելուն համար:
Ըստ «Ակօս»ի՝ Սահակ եպս. Մաշալեան ըսած է հետեւեալը. «Թուրքիոյ պետութիւնը օրինական ձեւով չի կրնար միջամտել Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն, քանի որ ատիկա բացառապէս եկեղեցական կարգով լուծուող խնդիր է, եւ Աթէշեանի՝ պետութեան արգելքներուն ու «անյարմար հանգամանքներուն» մասին պնդումները անհեթեթ են։ Քրիստոնեայ համայնքները այս երկրին մէջ պէտք է ունենան կրօնական ազատութիւն եւ իրենց կրօնական ծէսերը կատարելու իրաւունք: Ատիկա ամրագրուած է նաեւ սահմանադրութեամբ»։
Նշենք, որ օրեր առաջ Արամ արք. Աթէշեան ու Սահակ եպս. Մաշալեան հանդիպում ունեցած էին Պոլսոյ փոխնահանգապետին հետ: Պոլսոյ պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահը դրական եւ արդիւնաւէտ գնահատած էր տեղի ունեցած հանդիպումը ու շեշտած, որ անիկա անցած է բարիդրացիական մթնոլորտի մէջ:
Իսկ երբ Գարեգին արք. Պէքճեան Պոլիս ժամանած է, Արամ արք. Աթէշեան հրաժարած էր ընդունելէ զայն որպէս Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ եւ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին Աթէշեան երկու անգամ լքած էր ժողովի սենեակը:
Հանդիպման ընթացքին ժողովը համաձայնած է պատրիարքարանին կողմէ Էջմիածին պաշտօնական նամակ ուղարկել: