ԵՐԵՒԱՆ.- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան Չորեքշաբթի, 5 Ապրիլին հանդիպած է «Գլորիա» ընկերութեան տնօրէն Բագրատիօ Դարբինեանի հետ, քննարկելու համար ընկերութեան զարգացման ծրագիրները:
Կարի գործարանի տնօրէնը նախարարին ներկայացուցած է այս տարի իրականացուող ներդրումային նոր ծրագիրը, որուն շնորհիւ մինչեւ 2017ի աւարտը 600 աշխատատեղ պիտի ստեղծուի:
Նախարարը Բագրատիօ Դարբինեանի հետ քննարկած է կարի ընկերութեան տրուելիք պետական աջակցութեան սահմանաչափը եւ ձեւաչափը:
Սուրէն Կարայեան հետաքրքրուած է նաեւ ընկերութեան արտադրանքի ծաւալներու մասին եւ տեղեկացած, որ 2016ին ընկերութիւնը արտադրած է 2.1 միլիառ դրամի արտադրանք, որ ամբողջութեամբ արտածուած է: