ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երեքշաբթի, 28 Մարտին, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի միջոցներով Արցախի ազատագրուած Միջնաւան քաղաք հասան վերամբարձ մեքենաներ, շրջանի գիւղացիներուն երկրագործական աշխատանքներուն օգնելու համար:
Մեքենաները Արաքսի ափին գտնուող Արցախի վերոնշեալ ազատագրուած տարածքի հողերը պիտի հարթեն, մաքրեն եւ ցանքի պատրաստեն: Միջնաւան հաստատուած գիւղացիները այդ հողերուն վրայ ցորեն, գարի եւ եգիպտացորեն պիտի ցանեն: Համայնքը ունի 480 հեկտար անջրդի եւ 327 հեկտար ոռոգելի վարելահողեր:
Նշենք, որ 1995ի Օգոստոս 8ին Միջնաւանը վերաբնակեցումը սկսած է 15 հոգիով: Այսօր Միջնաւանի մէջ կը բնակի 123 ընտանիք, 483 հոգի: Բնակչութիւնը կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ, անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:
Քաղաքի միջնակարգ դպրոցին մէջ կ՛ուսանի շուրջ 80 աշակերտ:
Միջնաւանի մէջ կը գտնուի համանուն անունով երկաթուղային կայարանը. այնտեղէն կ՛անցնի այժմ չգործող Ջուղա-Հորադիզ եւ Միջնաւան-Կապան երկաթուղային գիծերը: