ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Նոր Զելանտայի մէջ, հայ համայնքի եւ հիւրերու ներկայութեամբ, համայնքի փոխատենապետ եւ նորաստեղծ ծխական խորհուրդի անդամ Զաւէն Փանոսեան հանդիսաւոր կերպով ազդարարեց հայ եկեղեցւոյ հիմնադրման սկիզբը: Ծխական խորհուրդը հիմնուած է կատարելու համար եկեղեցւոյ հիմնադրման աշխատանքները։
Նոր Զելանտայէն Գոհար Պաղտասարեան կը գրէ, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական պահպանման գործին մէջ եւ կը շեշտէ անոր կարեւոր դերը Սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ: Ան կ՛աւելցնէ, որ առ այժմ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի ամիսը անգամ մը, տարբեր եկեղեցիներու մէջ, մինչ հայ եկեղեցւոյ կառուցումը:
Աւելցնենք, որ Շաբաթ, 18 Մարտին, Սիտնիէն ժամանած Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի կողմէ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: