
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու Ազգային ազգագրական կազմակերպութիւններու համախմբումը հրապարակած է 2017ի «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին արժանացողներուն անունները, որոնց մէջ կան եօթը հայեր:
Այս տարուան հայ շքանշանակիրներն են՝ բարերար Վարանդ Ֆրենք Մելքոնեան, միզաբան տոքթ. Կարօ Դերձակեան, արուեստներու ջատագով Ճօէն Աղաճանեան-Քուին, բարերար Ռութ Պետեւեան, երգիչ Էնտի Անդրանիկ Մատատեան, բժշկական կրթութեան դասախօս դոկտ. Արա Թէքեան եւ Օրլանտոյի (Ֆլորիտա) Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծուխի նուիրեալներէն՝ Լուսին Մարտիրոսեան-Հարվի։

Նոպէլեան մրցանակ շահողներ, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ, ինչպէս նաեւ գործարարներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, մարզիկներ եւ զանազան պաշտօնատարներ ցարդ արժանացած են այս պատիւին: Շքանշանը կը տօնէ ամերիկեան կեանքի այլազանութիւնը եւ կը մեծարէ անհատներ, որոնք կարելիութիւններ կ՛ընծայեն ազգային տարբեր ինքնութեանց ներկայացուցիչներու ինքնութիւնը պահպանելու եւ միաժամանակ զանոնք ամերիկեան կեանքին մէկ մասնիկը դարձնելու:
Նշեալ համախմբումին հաստատումէն ի վեր (1986), սոյն շքանշանը ամէն տարի կը շնորհուի Մայիս ամսուն կազմակերպուող յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Նիւ Եորքի Էլիս կղզիին վրայ:
hargank yev pative arjanavayel gnahatanki arjani hayerin …..
Hargank yev pative gnahatanki arjani hayerin….