ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Մերձաւոր պալթեան երկիրներու մէջ յայտնի ճանբորդական «պլակ»ը՝ travelblog.lv-ը, նուիրած է յօդուած մը Արցախին՝ ուշադրութեան հրաւիրելով անոր զբօսաշրջութեան գրաւչութեան վրայ։
Յօդուածը վերնագրուած է. «Հանգիստ՝ Գոյութիւն Չունեցող Երկրի Մը Մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն»:
«Կովկասեան Զուիցերիա. նման անուանում ստացած է աշխարհի ոչ մէկ երկրի կողմէ ճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Անդրկովկասի մէջ գտնուող Արցախի (հայերը այդպէս կ՛անուանե՛ն ԼՂՀն) լեռները 40 տոկոսով պատուած են անտառներով», կը գրէ յօդուածին հեղինակը՝ նշելով, որ թէեւ երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման մէջ է եւ ունի տարածքային խնդիր, սակայն կառավարութիւնը սկսած է աշխուժօրէն զբաղելու զբօսաշրջութեան զարգացումով:
«Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին օտար զբօսաշրջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի նկատմամբ, թիւը աւելցած է աւելի քան 4 անգամով՝ հասնելով տարեկան 16 հազարի», կը նշէ «պլակ»ը՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանի վերականգնման ծրագիրին նպատակով զանազան երկիրներու մէջ բնակող հարուստ հայրենակիցներու միջոցներով կառուցուած են հարիւրաւոր քիլոմեթրերով ճանապարհներ, վերակառուցուած են դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ բնակելի թաղամասեր, վերանորոգուած են ճարտարապետական կոթողներ:
Կայքը կը նշէ, որ Արցախ մուտքը կարելի է միայն Հայաստանի ցամաքային տարածքով:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն մուտք գործելու ատեն ձեզ կը դիմաւորեն քանի մը սիրալիր զինուորականներ, կը խնդրեն ցոյց տալ անձնագիրները եւ պարտադիր արձանագրուիլ Ստեփանակերտի մէջ, ինչ որ, ինչպէս յետոյ պարզուեցաւ, կը տեւէ ընդամէնը 10 վայրկեան ու անհրաժեշտ է միայն վիճակագրութեան համար», կը գրէ հեղինակը:
Ան կը ներկայացնէ 53 հազար բնակչութիւն ունեցող մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը, Գանձասարի վանքը, Տիգրանակերտն ու այնտեղ իրականացուող հնագիտական պեղումները, Շուշին՝ Ղարաբաղի հայերու ազատագրման ու անկախութեան խորհրդանիշը, Ճտրտուզը, «Զոնդիկներ» փոքր-ջրվէժը, Դադիվանքը եւ այլն: Հեղինակի ուշադրութենէն չի վրիպիր նաեւ «ժենգէալով հացը»:
«Արցախի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը հաստատուած է համաշխարհային առաջատար պարբերականներուն կողմէ: Ատոնցմէ կարելի է առանձնացնել «The New York Times»ի լրագրողին յօդուածը՝ «Տաք Ընդունելութիւն Կովկասի Մէջ», ինչպէս նաեւ բրիտանական «The Guardian»ի կողմէ Արցախը ամառնային արձակուրդները անցընելու լաւագոյն երկիրներու մէջ ներառելու փաստը», եզրափակած է հեղինակը: