ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան Մարտ 21ի նիստին ընթացքին նոր զարգացում մը եւս արձանագրուեցաւ, երբ դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւ պահանջեց, որ Տինքի սպանութեան գծով ձերբակալուի նաեւ այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենը (որ նաեւ Յուլիս 15ի պետական հարուածին հեղինակը կը նկատուի Անգարայի կողմէ), ինչպէս նաեւ՝ նախկին դատախազ Զեքերիյա Էօզ, փաստաբան Հալիլ Իպրահիմ Քոճա եւ լրագրողներ Ֆարուք Մերճան, Էքրեմ Տումանլը եւ Ատեմ Եավուզ Արսլան։
Ինչպէս «Մարմարա» կը գրէ, Տինքի դատավարութեան մանրամասնութիւնները երբե՛ք յստակ ու հասկնալի չեն, այլ եղածը միայն մեղադրանքներու եւ ունկնդրութիւններու անվերջանալի շարան մըն է։
«Սակայն այս անգամուան զարգացումը կարեւոր կը նկատուի, ու այս սպանութեան ամբողջ մեղքը առաջին գիծի վրայ կ՛երթայ Ֆեթհուլլահ Կիւլենին։ Հետաքրքրականօրէն, ինչպէս կը կարդանք այսօր (իշխանամէտ) «Սապահ»ի մէջ, կը պնդուի, թէ Կիւլեն այս ոճիրը գործել տուաւ իբրեւ առաջին քայլ այնպիսի քաղաքականութեան մը, որուն նպատակն է իր հակակշիռին տակ առնել պետական բոլոր կազմակերպութիւններն ու զինեալ ուժերը։ Կազմակերպութեան անդամները, ինչպէս՝ Զեքերիյա Էօզ, իրարու հետ կը հաղորդակցէին «պայլոք»ով, որ կազմակերպութեան հաղորդակցական գաղտնի լեզուն էր», կ՛աւելցնէ «Մարմարա»։
Յիշեցնենք, թէ Զեքերիյա Էօզ այն լրագրողն էր, որ բացայայտած էր նախագահ Էրտողանի մօտ եղող պետական պաշտօնատարներուն զեղծարարութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ 4 նախարարներ հրաժարեցան։