ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի եւ Ռուսիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանթուրովի միջեւ 3 Մարտիին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ Ուղղակի ներդրումներու ռուսական հիմնադրամը եւ Հայաստանի «ՓՄՁ ներդրումներ» համշխարհային վարկային կազմակերպութիւնը 15 Մարտիին, Մոսկուայի մէջ համաձայնագիր ստորագրեցին՝ հիմնելու հայ-ռուսական ներդրումային հիմնադրամ մը:
Կողմերը մտադրութիւն ունին մշակելու ներդրումային գրաւչութիւն ունեցող ծրագիրներ՝ նպաստելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան խորացման եւ Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական տարածքին մէջ ներգրաւման: Համապատասխան համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ռուսիա կատարած այցի շրջանագիծին մէջ:
Ուղղակի ներդրումներու ռուսական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քիրիլ Տմիթրեւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք ուրախ ենք ողջունելու ԱՊՀ երկիրներեն մեր առաջին համաներդրող միջազգային գործընկերը: Հայաստան Ռուսիոյ կարեւոր առեւտրատնտեսական գործընկերն է, նաեւ՝ ԱՏՄի: Հիմնուելիք հիմնադրամը պիտի նպաստէ մեր երկիրներու տնտեսութեան յետագայ զարգացման տարբեր նախագիծերու իրականացման շնորհիւ այնպիսի գերակայ ոլորտներու մէջ, ինչպիսին են գիւղատնտեսութիւնը, արդիւնաբերական արտադրութիւնը, փոխադրամիջոցները եւ ենթակառուցուածքները»:
«Ուրախ ենք համագործակցել Ուղղակի ներդրումների ռուսական հիմնադրամի հետ, որի միջազգային փորձը ներդրումային փոխգործակցութեան ոլորտում հայ-ռուսական համատեղ ծրագրերի արդիւնաւէտութեան բարձրացման տեսանկիւնից շատ կարեւոր է: Վստահ ենք, որ մեր համատեղ ներդրումները կը խթանեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի տնտեսութեան յետագայ ինտեգրումը (ներգրաւումը-Խմբ.), առեւտրաշրջանառութեան աճը եւ երկու երկրներ բարիդրացիական յարաբերութիւնների ամրապնդումը», նշեց «ՓՄՁ ներդրումներ»ու գործադիր տնօրէն Արթուր Բադալեան: