ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ստեփանակերտի Հայկաւան թաղամասին մէջ, Կրկժանի հարեւանութեամբ՝ պատերազմի տարիներէն յայտնի «Կոբրա» անունով բլուրին վրայ, հայ ազգի գոյատեւման պայքարի զոհերու յիշատակին նոր ու ժամանակակից յուշահամալիր կը կառուցուի:
Յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքներ իրականացնող «Կոբրա» ընկերութեան տնօրէն Արմէն Առստամեան ըսած է, որ անիկա կը կառուցուի ծնունդով արցախցի, պատերազմի մասնակից, մոսկուայաբնակ բարերար Սիմոն Պետրոսեանի մտայղացումով եւ օժանդակութեամբ:
«Ստեփանակերտի գրեթէ բոլոր հատուածներէն երեւցող այս համալիրի շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան 2007 թուականէն ի վեր: Ընդհանուր առմամբ, համալիրը՝ իր օժանդակ կառոյցներով, կը զբաղեցնէ մօտ 3000 քառ.մ. տարածք: Ծաւալատարածական կառուցուածքով անիկա խաչաձեւ է, իսկ խաչի թեւերը կը ներկայացնեն եռանկիւն կտրուածքով սիւնաշարեր: Հատման կեդրոնէն վեր կը խոյանայ յուշակոթողը: æուրի հոսքին համար պիտի կառուցուի շատրուան, որ այնտեղէն պիտի հոսի դէպի փոքր ջրաւազաններ: Յուշակոթողը շուրջ 20 մեթր բարձրութիւն ունեցող զարդաքանդակներով 2 կոթողներ ունի: Կը նախատեսուի անոնց միջեւ կառուցել պատեանի մը մէջ պահուած թուր, ինչ որ կը խորհրդանշէ, որ հայ ժողովուրդը յաղթանակած թուրը դրած է պատեան, բայց պատրաստ է վտանգի պահուն զայն դարձեալ հանելու:
Յուշահամալիրի տարածքին նաեւ զբօսայգի պիտի ըլլայ՝ քարէ նստարաններով, ծաղկանոցներով եւ տաղաւարներով: Յուշահամալիրը երկու գլխաւոր մուտք ունի. առաջինը՝ Հայկաւան թաղամասէն, երկրորդը՝ Կրկժանի կողմէ:
«Ուրախալին այն է, որ ամէն բան յարմարեցուած է սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար: Համալիրի տարածքին, առաջին եւ երկրորդ յարկերուն վրայ, առանձին մուտքերով կը կառուցուի ճաշարանային համալիր, հարաւ-արեւելեան կողմէն՝ հիւրանոց: Հիմնական աշխատանքները աւարտած են. արդէն սկսած են ներքին յարդարման աշխատանքները:
«Ամենագլխաւորը՝ համալիրը իր ճարտարապետական կառոյցներով եւ աշխարհագրական դիրքով որեւէ այլ կառոյցի չի նմանիր: Այս յուշահամալիրը հայ ժողովուրդի յարատեւութեան եւ անցեալի յիշողութեան իւրօրինակ խորհրդանիշ պիտի դառնայ», ըսած է Ա. Առստամեան: