ԱԹԷՆՔ.- Յունաստան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 15 Մարտին հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած շարք մը քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ:
Նախարար Միրզոյեան հանդիպեցաւ «Անկախ յոյներ» կուսակցութեան փոխնախագահ Լիանա Քանելիի (Կոմունիստական կուսակցութիւն), Սիլվանա Ռապտիի (ՓԱՍՕՔ Համայունական ընկերվարական շարժում), Էվի Խրիստոֆիլոփուլուի («Դեմոկրատական համախմբում» կուսակցութիւն), Կէորկիոս Քումուցաքոսի («Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւն) հետ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը յոյն խորհրդարանականներուն ներկայացուց Արցախի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն՝ ուղղուած բանակցային գործընթացի վերսկսման պայմաններու ապահովման:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ վերջին զարգացումներուն՝ Միրզոյեան ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն հաստատակամութիւնը՝ ամրապնդելու ժողովրդավարական արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ հիմնուած անկախ պետականութիւնը:
Հանդիպումներուն ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան խորհրդարանական դիւանագիտութեան ձեւաչափով համագործակցութեան հնարաւորութիւններու եւ հեռանկարներու շուրջ: