ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի
Հայաստանեան մամուլը ընդհանրապէս դրական արտայայտութիւններ ունեցաւ ՀՀ նախագահին Ֆրանսա այցին մասին: Թէեւ տակաւին լուրջ վերլուծութեան չէ ենթարկած զայն:
Նախագահական բարձրագոյն մակարդակի այս այցելութիւնը ունէր երեք թիրախ՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը, Արցախի հարցի կարգաւորման քննարկումը եւ Սփիւռքի ֆրանսահայ հատուածին հետ հանդիպումը՝ անոր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը ապահովելու համար, թէ՛ տնտեսական ներդրումներ քաջալերելու ուղղութեամբ եւ թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ՝ իբրեւ ինքնագովազդումի միջոց:
Ֆրանսական կողմին հետ տնտեսական ոլորտի հանդիպումները ամէնէն սպասուածներն էին, որովհետեւ Արցախի հարցի խաղաղ լուծումի խաղին օրէնքներու փոփոխութիւնը Հայաստանի հասողութենէն վեր է: Եւ մինչեւ հիմա, ազերական բոլոր հակահայ եւ ոխերիմ թշնամական դրսեւորումներուն դիմաց Սերժ Սարգսեանի սպառնալի դիրքորոշումները մնացած են թուղթի վրայ, ըլլայ Արցախի օդակայանի բացումին, ըլլայ Մարգարեանի կացինահարման, ըլլայ ռազմափորձերու ընթացքին ազերիներուն կողմէ ուղղաթիռի խոցումին կամ Ապրիլ 2ի պատերազմին ընթացքին անմարդկային խժդժութիւններուն եւ պատերազմական ոճիրներուն առթիւ: Թէեւ կարելի էր այս թղթածրարին մէջ ալ կարգ մը կէտերու շուրջ որոշ յառաջընթաց արձանագրել. անոնց կ՛անդրադառնանք քիչ ետք:
Ըստ մասնակիցներու՝ MEDEF-ի (Ֆրանսական մեծ գործատիրական կազմակերպութեան) հետ հանդիպումները շատ լաւ պատրաստուած էին. առաջին անգամ ըլլալով ընդհանրական մօտեցումներէ անդին անցնելով՝ ֆրանսացի գործատէրերուն ներկայացուած են տնտեսական այն բոլոր բնագաւառները, ուր ենթակառուցային զարգացման համար լուրջ ներդրումի հնարաւորութիւններ կան: Եւ առաջին անգամ ըլլալով ֆրանսացի մեծագոյն ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ ալ ներկայ գտնուած են հանդիպումին, ինչպէս՝ Էռպիւս, Պուիկ, Ալսթոմ, Լազար դրամատուն…
Միջազգային յարաբերութիւններու ծիրէն ներս Հայաստանի դիրքը՝ Պարսկաստանի սահմանակից եւ Ռուսաստանի դաշնակից, անոր որակեալ բազմալեզու մարդուժը եւ եւրոպական բարքերու փարումը, ապրելակերպը, առաւելութիւններ են, որոնք ներկայիս Արեւմուտքի կողմէ վերոնշեալ երկու երկիրներուն դէմ տնտեսական պատիժներու եւ շրջափակումի պայմաններուն մէջ՝ Հայաստանին կու տան ռազմավարական առաւելութիւն մը՝ միջնորդի դերակատարութեան կարելիութեամբ:
Այն, ինչ ափսոսալի է Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար՝ մինչեւ հիմա յայտարարուած փոխադրամիջոցներու ենթակառուցային ծրագիրներու չգործադրուիլն է, ինչպէս՝ Հարաւ-հիւսիս մայրուղին կամ Պարսկաստան-Հայաստան երկաթուղին, որոնք Սարգսեանի կողմէ անցեալ նախագահութեան օրօք իբրեւ խոստում տրուած էին: Սակայն, մնալով չիրականացած՝ կը վնասեն միջազգային մեծ ընկերութիւններու անմիջական ներդրումներուն:
Գալով երրորդ թիրախին, Հայկական կազմակերպութիւններու հետ կազմակերպուած հանդիպումը անհրաժեշտ քայլ մըն էր, սակայն անիկա բովանդակութեամբ մնաց զգացական, ինքնագովական, ազգագովաբանական հանդիսութիւն: Նորութիւն էր Եւրոպայի տարբեր համայնքներէն անձնաւորութիւններու եւ ղեկավարներու ներկայութիւնը: Սակայն, այն մասնագիտական մօտեցումը, զոր Հայաստանի նախագահութիւնը ցուցաբերած էր MEDEF-ի հետ հանդիպումին՝ հրապուրելու, քաջալերելու եւ փաստացի տուեալներով թիրախային ներդրումային ծրագիրներ ներկայացնելու, կը պակսէր Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հետ հանդիպումին: Սփիւռքի երիտասարդներուն ուղղուած կոչը, որ իրենց մասնագիտական կարողութիւնները ներդնեն հայրենիքի զարգացման, ինչպէս նաեւ գործարարներու ուղղուած կոչը, մնացին շատ ընդհանրական գիծերու մէջ:
Սփիւռքահայ բանախօսներու ելոյթներն ալ մնացին լոկ հայրենասիրական, մինչեւ իսկ գերզգացական: Առիթը չօգտագործեցին միասնական ծրագիրներու շուրջ խորհրդածելու. ինչպէս՝ տնտեսական զարգացման, Արցախի ճանաչման եւ նոյնպէս հայախօսութեան զարգացման թեման երկլեզութեան ծիրէն ներս, նկատի ունենալով նախագահին տեսակցութիւնը Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահուհիին հետ… եւ դեռ՝ հայկական դպրոցներուն նեցուկ կանգնելու պարագան:
Իսկ քաղաքական առումով, նախագահին ներկայութիւնը կրնար յատկանշական թափ տալ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին ի նպաստ քաղաքական շարժումին, առաջին հերթին Արցախի ներկայացուցիչին տեղ տալով պատուոյ սեղանին վրայ Հայաստանի դեսպանին կողքին: Ֆրանսա-Արցախ խորհրդարանական խումբը շատ մեծ ջանք կը թափէ Ֆրանսայի մէջ Արցախի դատը պաշտպանելու. նախագահը պէտք էր նշանակալի քայլերով նեցուկ հանդիսանար այդ շարժումին եւ հայ հասարակութեան: Ժամանակը հասած է վերջ տալու զուտ զգացական քարոզչական քայլերուն, ինչպէս՝ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած քարոզարշաւը՝ «Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար», որ շրջանցելով ու անտեսելով Ֆրանսայի մէջ Արցախի ճանաչման համար քաղաքական գործունէութիւնը եւ դրամահաւաք կազմակերպող միութիւններու աշխատանքը՝ ինքնագլուխ քարոզարշաւ յայտարարած է:
Պէտք չէ մոռնալ, որ նախագահին ի պատիւ ընթրիքը կազմակերպուած էր Հայաստանի դեսպանատան կողմէ: Մէկ խօսքով՝ դրամը կու գայ պետութեան արկղէն: Արտաքին պարտքով ապրող երկրի մը համար արդեօք արդարանալի՞ է նման պերճանք: