Ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» յայտնի երգիծաթերթը 1 Դեկտեմբեր 2016էն ի վեր լոյս կը տեսնէ նաեւ գերմաներէն տարբերակով:
Իր գերմանական հրատարակութեան վերջին թիւի կողքի նիւթը կը վերաբերի հայութեան:
Երգիծանկարը կ՛ակնարկէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ վերջին լարումին եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութեան, որ գերմանական իշխանութիւններուն վարքը կը բնորոշէ որպէս «նացիական սովորութիւններ»: Արդարեւ, զայրացած Էրտողանին նացի զինուորականը կ՛ըսէ.
«- Նացիական սովորութիւննե՞ր: Հայերը (ջարդողը) մենք չէի՞նք…»: