Հարուստ եւ այլազան են Ջաւախքի նուիրուած Մարտ ամսուան ծրագիրները, որոնք կազմակերպուած են ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն կողմէ: Այս հաղորդագրութեամբ կ՛ուզենք առանձնացնել տարեկան հանգանակային ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, The Queen Mary պատմական նաւուն վրայ:
Հանգանակային այս ձեռնարկի հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄի Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն, ուր ջաւախքահայ երիտասարդութիւնը կը համախմբուի, կը պահպանէ իր ինքնութիւնը եւ կը զբաղի ընկերային եւ մշակութային գործունէութեամբ:
Գեղեցիկ սովորութիւն դարձած ձեռնարկին ընթացքին այս տարի պիտի մեծարուին յանձնախումբի մնայուն անդամներէն Էմմա Սալմասեանն ու Յարութ Մատէնլեանը, որոնք յանձնախումբի ստեղծումէն ի վեր յատկանշական աշխատանք տանելով՝ մեծ ներդրում ունեցած են ջաւախքահայութեան կեանքի բարելաւման ուղղուած բոլոր ջանքերուն:
«Մեր համայնքը թիկունք կանգնելով եւ աջակցելով ՀՕՄի Ջաւախք հիմնադրամի յանձնախումբի գործունէութեան, մեծապէս նպաստեց անոր ծրագիրներու յաջողութեան եւ Ջաւախքի յառաջդիմութեան: Իւրաքանչիւր հայու պարտքն է օգտակար հանդիսանալ ջաւախքահայութեան: Մեր ակնկալութիւնն է, ինչպէս միշտ, որ այս տարի եւս շրջանի հայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ աջակցի յանձնախումբին եւ իր արդար բաժինը բերէ ջաւախքահայութեան ընկերային կեանքը բարելաւելու սրբազան գործին», ձեռնարկին առիթով հաստատեց ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան:
Յայտնենք, թէ եզակի այս ձեռնարկին մուտքի նուէրը 125 տոլար է: Համադամ ճաշին առընթեր պիտի գործադրուի հետաքրքրական ճոխ յայտագիր, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն առիթ պիտի տրուի շրջագայելու նաւուն մէջ: Queen Mary նաւուն հասցէն է 1126 Queens Hwy., Long Beach, Calif.։ Տոմսերու ապահովման համար հաճեցէք կապուիլ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ
office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէով:
Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017ին՝ Queen Mary նաւը թող ըլլայ բոլորիս ժամադրավայրը:
(Հաղորդագրութիւնը՝ միութենէն)