Մանուշակ Բրուտեան
(Ծնեալ՝ Օգոստոս 17, 1924ին, Հալէպ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Մանուշակ Բրուտեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Մարտ 11, 2017ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Oakwood Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 22601 Lassen Street, Chatsworth, CA 91311:
Սգակիրներ`
Զաւակները՝ Զապէլ Բրուտեան
Վեր. Եսայի եւ Սեզա Սարմազեան (Թորոնթօ)
Պերճ եւ Սոնա Բրուտեան եւ զաւակները՝ Արեգ եւ Սարին
Վաչէ եւ Սալբի Բրուտեան եւ զաւակը՝ Րաֆֆի
Թոռները՝ Սեւակ եւ Արփի Սարմազեան եւ զաւակները (Թորոնթօ)
Սարօ եւ Քէյթ Սարմազեան եւ զաւակներե (Նիւ Եորք)
Սարմէն եւ Արազ Սարմազեան (Թորոնթօ)
Տագրը՝ Վարդգէս Բրուտեան եւ զաւակները իրենց ընտանիքներով
Տալերը՝ Մարի Բրուտեան եւ դուստրը
Գասպար եւ Անուշ Գասպարեան եւ զաւակները (Ռալի, Նորթ Քարոլայնա)
Եւ համայն Բրուտեան, Սարմազեան, Փալանճեան,
Մուրատեան եւ Սահակեան ընտանիքներն եւ բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել
«Շ. Եւ Է. Մերտինեան» Հայ Աւետարանական վարժարանին:
Սիրելի Սգակիրներ
Մանկութեան օրերու յիշատակներով լեցուն, կը մասնակցիմ Տիկ. Մանուշակի մահուան սուգին: Մեծ ընտանիքի պատասխանատու տանտիկին էր եւ մտերիմ իմ մօրս՝ երէցկին Վարդուհիին, որ դարձեալ իր նման մեծ ընտանիքի հոգատարութեան պարտականութիւնը վերցուցած էր: Յիշատակելի օրերէն կը յիշեմ, երբ դրացիներով կը հաւաքուէինք միասնաբար, գարնան, պանիրի ( երեք տեսակ պանիր՝ Թէլ, Աշոտի ու Հալէպի պարզ) ու վարդի պաշարներ կը պատրաստէին, ապա ամառնային զանազան պաշարները .. մանկութեան օրեր ..
Մեծ ուրախութեամբ կարդացի ցաւակիրներու ցանկին մաս կազմող, Տիկ. Մանուշակի զաւակներու, թոռներու ու ծոռերու անունները: Մեծ ընտանիքը դարձած է նահապետական ընտանիք. ահաւասիկ այդ նահապետական ընտանիքը կը համախմբուի մեծ մօր հանգստացած մարմնին շուրջ, իր վերջին մարդկային ու հոգեւոր եկեղեցական յարգանքը մատուցելու:
Սիրելիներ
Մեր սրտաբուխ աղօթքներն ալ միացուցէք կատարուած թաղման արարողութեան: Ան այժմ մաս կը կազմէ քրիստոնեաներու յաղթանակած խումբին, որոնք իրենց կեանքի պայքարը տարին քրիստոնեայի վայել ընթացքով ու հայ հոգիին յատուկ բոլոր մտորումներով, թախիծով ու մարտունակութեամբ: Յիշատակը անթառամ մնայ եւ յիշատակը օրհնութեամբ մնայ. ամէն:
Աղօթարար՝
Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան
Սիրելի ընկեր Վաչէ, տխրութեամբ կարդացի մորդ մահազդը: Ցաւալի է սիրելի մը կորսնցնել, ան ալ մայր մը: Խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ քեզի եւ սգակիր հարազատներուդ: Աստուափ հոգին լուսաւորէ եւ ձեզ մխիթարէ:
Խորազգաց ցաւակցութիւններս սիրելի Վաչէ եւ հարազատներ…Աստուած հոգին լոյսերու մէջ պահէ…
Շատ շնորհակալ եմ, Տէր Արտակ, մխիթարական խօսքերուդ և աօթքներուդ համար. մանաւանդ երբ յիշեցուցիր այդ անուշ օրերը երբ երկու դրաձուհիներ՝ հարազատ քոյրերու նման մեղուի աշխատանք կը տանէին և իրարու ձեռք կ’երկարէին։ Տակաւին երէկ էր, երբ Սագօն նկար մը ղրկած էր, ուր մեր երկուքին ծնողները կային, զաւակներուս և հարսերուս ըսի, որ միայն վեց տարի դրաձի եղած ենք և որքան սիրով կապուած ենք իրարու…
Թո’ղ Տէրը բոլոր ննջեցեալներուն յիշատակը օրհնէ և մեզի ալ երախտապարտ սրտեր պարգևէ։