Իսրայէլեան blogTimesofisrael-ը անդրադարձած է յօրինուած «ցեղասպանութիւններ»ուն, որոնց մէջ՝ Խոջալուի դէպքերուն, որոնք կ՛օգտագործուին տարբեր քաղաքական շահեր սպասարկելու համար:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ հրապարակման մէջ կ՛ընդգծուի, որ սոյն յօդուածը ռազմական արդարացումներ գտնելու կամ հակամարտութիւններու նախապատմութիւնը ներկայացնելու նպատակ չունի, այլ, պարզապէս, պիտի փորձէ մերկացնել սուտը:
«1992ի Փետրուարին, Խոջալի մէջ, իսկապէս, մեծաթիւ զոհեր եղած են: Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շուրջ 30 հազար կեանք խլած է: Խոջալուն Պաքուի կողմէ շարունակաբար օգտագործուած է ԼՂ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ռմբակոծելու համար: Որեւէ պատերազմի տրամաբանութիւն կ՛ենթադրէ կրակակէտերու չէզոքացում: Խոջալուի կրակակէտի չէզոքացումը դարձաւ համախմբման կոչ ամբողջովին բարոյալքուած ատրպէյճանական բանակին համար: Ատոր հետեւեցաւ նախագահ Մութալիպովի տապալումը, եւ ամենակարեւորը՝ Ատրպէյճան սկսաւ շահարկել, թէ իբր հայկական կողմը զանգուածային դաժանութիւններ ըրած է: Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ 1988-90ներուն Ատրպէյճանի տարածքին ջարդերու զոհ դարձած հայ ժողովուրդը ստիպուած էր արդարանալու:
«…ատրպէյճանական մամուլը այդ օրերուն չշօշափեց այս թեման: 1992ի Սեպտեմբերին պաշտօնական Պաքուն Human Rights Watch-ին յայտնած էր 159 զոհերու մասին: Այսօր զոհերու պաշտօնական թիւը 613 է: Այստեղ յստակացումներ մտցնելը դժուար է, որովհետեւ Ատրպէյճան չունի յստակ վիճակագրութիւն ղարաբաղեան պատերազմին մէջ կրած կորուստներուն մասին:
Խոջալուի զոհերուն մեծ թիւը կապուած է այն փաստին հետ, որ ատրպէյճանցի մարտիկները ցրուած եղած են տարհանուող բնակչութեան շարքերուն մէջ, որոնց մարդասիրական միջանցք տրամադրած էր հայկական կողմը:
Ատրպէյճան կը կիրառէ վշտահար մօր նկարը՝ իր 5 երեխաներու դիակներուն հետ:
Այս նկարը իրականութեան մէջ 1983ին Էրզրումի երկրաշարժին ժամանակ առնուած եւ տպուած է «Հուրրիէ»չի 30 Հոկտեմբեր 1983ի թիւին մէջ:
Խոջալուի դէպքերէն մէկ տասնամեակ առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնը պատկերող այս նկարը տարիներ շարունակ եղած է Պաքուի հիմնական փաստաթուղթը՝ մինչ իրականութեան պարզուիլը:
Անակնկալ չէր, որ սուտի երեւան գալէն ետք, ատրպէյճանամէտ լրատուամիջոցները մէկը միւսին ետեւէ սկսան հեռացնելու այս նկարը:
Անժամեայ նկարներու օգտագործումը կը ներառէ նաեւ մէկ այլ անգոյն լուսանկար, որ կը ներկայացուի իբրեւ «հայկական բարբարոսութեան» արդիւնք, սակայն անիկա առնուած է 1999ի Յունուարին Քոսովոյի մէջ։
Իսկ ատրպէյճանական լուսանկարներուն մէջ, ուր կան այլանդակուած մարմիններ, չկայ արնահոսում: Սա կը հակասէ մարդու անդամազննութեան: Եթէ մարմինները հաշմուած ըլլային կենդանութեան ատեն, ապա տեղի պիտի ունենար ուժեղ արիւնահոսութիւն: Կենդանի մարդու մը մարմինը հաշմուելէ ետք կ՛արիւնահոսի 6-12 ժամ: Նկարներէն պարզ կը դառնայ, որ ատրպէյճանցի զինուորները տեղափոխած են աւելի առաջ մահացածներու դիակները քանի մը քիլոմեթր, դրած ինչ-որ դաշտի մէջ, այլանդակած, ապա՝ հրաւիրած լրատուամիջոցները»:
Յօդուածին մէջ մէջբերում կայ նաեւ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Մութալիպովի հարցազրոյցին հատուածէն, ուր ան կը պնդէ, որ Խոջալուի դէպքերը կազմակերպուած են զինք պաշտօնանկ ընելու համար: Ան նաեւ խօսած էր հայկական կողմի տրամադրած մարդասիրական միջանցքին մասին:
«Այսպիսով, 25 տարուան ընթացքին Ատրպէյճան կը փորձէ իր շինծու ապացոյցներով մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան զոհի կարգավիճակ ստանալ», կը նշէ յօդուածագիրը: