ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2016ի տարեվերջի ամփոփիչ ասուլիսի մը ընթացքին, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշած էր, որ երաժիշտ, յօրինող Տիգրան Մանսուրեան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն նուիրուած ստեղծագործութիւն կը պատրաստէ: Մշակոյթի նախարարը ինք վարպետին պատուիրած է նման ստեղծագործութիւն մը գրել:
Մանսուրեան «Երկիր»ի թղթակիցին յայտնած է, որ կը շարունակէ աշխատիլ ստեղծագործութեան վրայ: Վարպետը տեղեկացուցած է, որ բանաստեղծ Կարէն Անտաշեանի հետ կ՛աշխատի: Բանաստեղծ մը ստեղծագործութեան խօսքերը կը գրէ:
«Ստեղծագործութիւնը մեծ երգչախմբի՝ մանկական երկու երգչախմբերի, սիմֆոնիկ նուագախմբի եւ մենակատար բարիտոնի համար մի գործ է՝ 8-10 րոպէ տեւողութեամբ: Հիմա չափազանց լարուածօրէն աշխատում եմ այդ գործի վրայ, յուսամ՝ մինչեւ Մարտի 15ը կը վերջացնեմ եւ այն իր կեանք մտնելու ճանապարհին կը յայտնուի, այսինքն՝ նոտաները պէտք է արտագրուեն, փորձեր լինեն», ըսած է վարպետը: