ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Փաստաբան Դաւիթ Գիւրջեան այցելած է արդէն 20րդ օրը հացադուլի մէջ գտնուող «Հաց բերող» Արթուր Սարգսեանին:
Գիւրջեանի համաձայն՝ Սարգսեան անցեալ Շաբաթ օրուընէ ի վեր անկողինէն չէ ելած, օր օրի կը հիւծի եւ հացադուլէն դուրս գալու մասին չի մտածեր: Գիւրջեանի խօսքով՝ «Հայց բերող»ի աջ ոտքի ծունկի այտուցը աւելի մեծցած է եւ արիւն փսխած է: