ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիա ռազմական խարիսխներ սկսած է հիմնելու Սուրիոյ շարք մը շրջաններուն մէջ. այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ քրտական ուժերուն նեցուկ կանգնող Ժողովրդավարական Սուրիոյ խորհուրդի անդամ Ռեզան Հատտու, ըստ «Սփութնիք»ի թրքական ծառայութեան։
Հատտու կը պնդէ, որ նշեալ խարիսխները սկսած են հաստատուելու «Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրէն ներս Սուրիա ներխուժած թրքական ուժերուն կողմէ։
«Մենք հեռու կը մնանք Պապ քաղաքէն, որովհետեւ հոն կան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ազատ բանակի ուժերը: Սակայն մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Թուրքիա Շէյխ Աքիլի մօտ (Պապի մօտերը-Խմբ.) խարիսխ կը հիմնէ: Նման ծրագիր մը կ՛իրականացուի նաեւ Ազազի մօտերը», ըսած է ան՝ շեշտելով, թէ այս խարիսխները կապ չունին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին հետ: «Թուրքիա կը փափաքի իրեն կցել Հալէպէն, Ճարապլուսէն եւ այլ շրջաններէ տարածքներ: Ա՛յս է Թուրքիոյ ծրագիրը», աւելցուցած է Հատտու: