ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Կնքուած դուռը՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի ապագան» խորագրեալ գիտաժողովի զեկոյցները նոյն խորագիրին տակ հաւաքուած են հատորի մը մէջ: Հրանդ Տինք հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ 2014ի Նոյեմբեր ամսուն, «Անգարա» համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժինին մէջ կայացած գիտաժողովին, Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, ակադեմականներ, ուսումնասիրողներ մասնակցած եւ երկօրեայ նիստերով իրենց զեկոյցները ներկայացուցած էին:
Գիրքը կ՛ընդգրկէ գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած 26 զեկոյցները:
Ալթուղ Եըլմազի խմբագրութեամբ լոյս տեսած հատորին մէջ, բացի զեկոյցներէ, տեղ գտած են նաեւ Հրանդ Տինք հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինքի, «Անգարա» համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի Տնտեսագիտութեան բաժինի պետ Օնուր Էօզսոյի, Հրանդ Տինք հիմնարկի վարչութեան անդամ Ճենկիզ Աքթարի, քաղաքապետ Ժերար Լիպարիտեանի, ընկերաբան Նեշէ Էօզկենի, քաղաքագէտ Քեմալ Քիրիշճիի եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» Հիմնարկի Հայկական բաժինի վարիչ Ռազմիկ Փանոսեանի ուղերձները: