Պուէնոս Այրեսի Սերվանթեսի անուան ազգային թատրոնի գլ-խաւոր տնօրէն նշանակուած է Ալեխանտրօ Տանտանեանը:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ Արժանթինի մէջ մեծ համբաւ ունեցող Սերվանթեսի անուան թատրոնը առաել յայտնի է իբրեւ Պուէնոս Այրեսի Ազգային թատրոն եւ այստեղ հանդէս եկած են սպանախօս աշխարհի յայտնի բազմաթիւ արուեստագէտներ:
Այդ յայտնիներէն մէկն է երգիչ, դերասան, բեմադրիչ, արուեստագէտ, թատերական գործերու հեղինակ Ալեխանտրօ Տանտանեան: Ան հիմնադիրն է «Հարաւային համայնապատկեր» նախագիծին, որուն ծիրին մէջ, ի թիւս այլ գործերու, կը կատարուի արուեստագէտներու փորձի եւ աշխատանքներու փոխանակում: Նոյն ժամանակ, ան միշտ իր գործունէութեան մէջ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է երգարուեստին՝ ոչ միայն անձնապէս հանդէս եկած է իր կատարումներով, այլ կազմած է առանձին ծրագիրներ, որոնք յաջողութեամբ իրականացուած են Պուէնոս Այրեսի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Իբրեւ բեմադրիչ, ան տասնեակ գործեր ներկայացուցած է հանդիսատեսին՝ Շէյքսփիրէն մինչեւ Պերթոլտ Պրեխթ եւ սպանացի Ալպերթօ Կոնսեխերօ: Իբրեւ բեմագիր եւ բեմադրիչ՝ յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է եւ բեմ բարձրացուցած Ֆրանս Քաֆքայի «Ամերիկա»ի իր տարբերակը:
Բազմաթիւ են օփերայի իր գործերը, զորս ներկայացուցած է ոչ միայն Պուէնոս Այրեսի մէջ, այլ երկրէն դուրս: Ան մասնակցած է աւելի քան 60 միջազգային տարբեր փառատօներու՝ արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու: Անոր առանձին գործերը թարգմանուած են փորթուկալերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի: