Մարսէյի մէջ, 18 Փետրուարին մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Միսաք Մանուշեանի յուշարձանին մօտ, նացիներու կողմէ Մանուշեանի խումբին մահապատժի ենթարկուելուն 73րդ ամեակին առիթով:
Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի՝ հայկական քանի մը կազմակերպութիւններու աւելի քան 500 անդամներ հաւաքուեցան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու «Կարմիր պաստառ»ի մարտիկներուն:
Եղան խօսք առնողներ, որոնք բոլորն ալ ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է Մանուշեանի եւ անոր ընկերներուն աճիւնները տեղափոխել Ֆրանսական պանթէոն:
Վերջերս պղծուած էր Միսաք Մանուշեանի յուշարձանը, ինչ որ վրդովմունք յառաջացուցած է հայկական կազմակերպութիւններուն եւ բազմաթիւ պատգամաւորներու մօտ:
Միսաք Մանուշեան ծնած է 1906ին, Արեւմտեան Հայաստանի Ատիեաման հայկական գիւղին մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զրկուելով ծնողքէն, յայտնուած է Սուրիոյ ֆրանսական մանկատան մէջ, ուր սորված է ֆրանսերէն եւ ծանօթացած ֆրանսական մշակոյթին: 1925ին տեղափոխուելով Ֆրանսա, ան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է հայերը իր շուրջ համախմբելով, գրական ամսագիրներ հրատարակելով, անմասն չմնալով նաեւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն: Նացիներու զօրքերուն կողմէ Ֆրանսայի գրաւումէն ետք Մանուշեան կազմած է Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման միջազգային խումբ, սակայն բոլորը միասին ձերբակալած են 1943ին եւ երեք ամիս ետք գնդակահարուած: