ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայոց եկեղեցւոյ կողմէ սրբագործուած Վարդանանց հերոսներու աւանդը քրիստոնէութեան, կրօնքի ու խաչի համար մարտնչումի սահմանափակ տեսանկիւնէն կարելի չէ՛ գնահատել:
Յանուն հաւատքի, համոզումներու, խիղճի ազատութեան, յանուն ազգային ինքնորոշման, անկախութեան, հայրենի հողի պաշտպանութեան կռի՛ւ էր Վարդանանց ճակատամարտը:
Յանուն այդ բոլոր սկզբունքներուն, այսօր ալ պարտաւորուած ենք պատրաստ ըլլալու պատերազմի, որովհետեւ մեր խիղճին, մեր հաւատքին, մեր հողին, մեր ինքնորոշման իրաւունքին բռնանալ ձգտող թշնամին ամէ՛ն օր կը սպառնայ մեզի դէմ շղթայազերծել իր բոլոր հնարաւորութիւնները:
Վարդանանցի խորհուրդն ու պատգամը այնքան պարզ են ու այնքան այժմէական, որ 451 թուականէն ի վեր, դարձած են մեր ազգային ինքնութեան անքակտելի մաս, մեր ներշնչումներու աղբիւր, մեր վճռականութեան խորհրդանիշ, գերագոյն արժէքներու համար ինքնանուիրումի յանձնառութեան խոստում ու յայտարարութիւն:
Կարդացէ՛ք մեր պետութեան օրհներգի այս տողերը.
«Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ մեռնի, բայց երանի ով իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»,
Ապա կարդացէ՛ք ֆետայական արշաւախումբերու դրօշին վրայ արձանագրուած՝ «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը,
Ապա կարդացէ՛ք Վարդանանքի հերոսապատումը փոխանցողներուն կտակած՝ «Մահ իմացեալ անմահութի՛ւն է» նշանաբանը:
Մահուան փառաբանութիւն չէ՛ այս բոլոր տողերուն ընդմէջէն փոխանցուած միտքը, այլ շեշտադրումն է հայրենասիրութեան, ազատութեան, անոնց անվիճելիօրէն գերակայ արժէքին… արժէք, զոր պահպանելու, կենսագործելու համար, գիտակից զոհաբերութի՛ւնն է որ կրկին ու կրկին կը նշանաւորուի:
Ամէնէն թարմ օրինակով, եկէք փորձենք պահ մը մտաբերել այն հոգեվիճակը, այն մտածումները, զորս ունեցան քառօրեայ պատերազմի հերոս տղաքը, երբ որոշեցին փախուստ տալով, նահանջելով, ապահով դիրքեր փնտռելով չփրկե՛լ իրենց կեանքը, այլ մինչեւ վերջին շունչ, մինչեւ վերջին փամփուշտ, մինչեւ բազուկի վերջին հարուած դէ՛մ դնել թշնամիին, եւ սեփական կեանքի գնով պաշտպանել հայրենի հողը: Աւարայրը Թալի՛շն էր, Արցախի սահմանն էր, իսկ վտանգուածը՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, արցախցիներուն ազատութիւնը: