ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Փետրուար 18ն տարեդարձն է համայնավար վարչակարգի խժդժութիւններուն դէմ հայութեան համաժողովրդային ծառացումին:
Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ բոլշեւիզմի քարոզչութեան ձայնակցողներ անոր տուին «արկածախնդրութիւն» յորջորջումը: Չեմ հասկցած, սակայն, թէ ինչո՛ւ դաշնակցական պատմագրութիւնը զայն կը համարէ «ապստամբութիւն», երբ իր բնոյթով ու փաստական յաջող ելքով՝ համայնավար տարեգրութեանց մէջ արձանագրուած առաջին յեղափոխութիւնն էր անիկա, որ յաջողեցաւ տապալել ահաբեկչական վարչակարգը Սարգիս Կասեանի, կազմեց «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»՝ Ս. Վրացեանի գլխաւորութեամբ, եւ 45 օրերու տեւողութեամբ վերազատագրուած շրջան մը բոլորեց մեր հայրենիքը (18 Փետր.էն 4 Ապրիլ 1921):
Փետրուարեան յեղափոխութեան շնորհիւ, բանտերը նետուած շուրջ 600 քաղաքական, մտաւորական թէ յեղափոխական գործիչներ ստուգապէս փրկուեցան մահէ կամ աքսորուելու ճակատագիրէ: Անոնցմէ շատեր Հայաստանէն անցան Պարսկաստան եւ դառնալով Սփիւռքի բնակիչ՝ իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեցին սփիւռքահայութեան կազմակերպման այնքա՜ն կարեւոր գործին: Հետագային, երբ համայնավարները կրկին երկրի ղեկին տէրը դարձան, չգործեցին նախընթաց վայրագութեամբ, այլ, զգուշաւոր ու խոհեմ՝ անոնք իշխանութիւնը վստահեցան աւելի բանիմաց, յարաբերաբար աւելի՛ խոհուն ու զգաստ կառավարիչներու…:
Համայնավարական ամբողջատիրութեան փլուզումը պատճառ չէ՛, պէտք չէ՛ ըլլայ, որ մոռացութեան տրուի յիշատակելի տարեդարձը Փետրուար 18ի, նոյնիսկ եթէ քաղաքական հաշուարկէ, բանականութենէ եւ տեւելու երաշխիքէ զուրկ՝ զգացական տարերային պոռթկում մը միայն նկատուի անիկա:
Զգացական պոռթկումները թերեւս կը սխալին յաճախ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չեն դաւաճաներ: Հայ ժողովուրդի զգացողութիւնը, սակայն, չէր սխալած Փետրուար 18ին: Վկայ՝ ամբողջատիրական այդ վարչակարգին փլուզումը:
Այդ փլուզման ազդանշանը շատոնց տուած էինք մենք, 1921ին, Փետրուարեան յեղափոխութեամբ:
Ըսենք նաեւ, որ ժողովրդային ընդվզումով սկիզբ առած ինքնաբուխ ըմբոստութիւնը անգլուխ չմնաց: Անոր տիրութիւնն ու ղեկավարութիւնը ստանձնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն շնորհիւ՝ տարերային այդ պոռթկումը յանգեցաւ յեղափոխութեան ու վարչակարգի տապալման:
Տարիներ առաջ կը պանծացուէր Փետրուար 18ի յեղափոխութիւնը, անոր տարեդարձը կը տօնուէր հպարտութեամբ, հոծ բազմութեամբ, հանդիսութիւններով, խրախճանքներով…
Այդ տարիները անցան, ու տարիներուն հետ ըմբռնումներն ալ փոխուեցան: Հիմա կայ Facebook-ը, որ յաճախ կը փոխարինէ հանդէս ու խրախճանք: Ուրեմն, մենք ալ գէթ Facebook-ի վրայ նշենք-տօնենք յիշատակելի տարեդարձը Փետրուար 18ին…:
(Քաղուած Միհրան Քիւրտօղլեանի Facebook-ի էջէն)