
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Ապրիլ 4ին կայանալիք տեղական ընտրութեանց մասնակցող հետեւեալ թեկնածուներուն եւս՝ Շանթ Սահակեանի, Կրեկ Գրիգորեանի եւ դոկտ. Արմինա Կարպետեանի։
Շանթ Սահակեան թեկնածու է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան Դ. ընտրատարածքին մէջ։ Ան եղած է քաղաքի «Քիուանիզ» ակումբի փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի երիտասարդ արհեստավարժներու միութեան համահիմնադիր ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցի համաատենապետ։ Ան, այս տարուան սկիզբը, «Տարուան անձանաւորութիւնը» նկատուած էր Կլենտէյլի առեւտուրի գրասենեակին կողմէ։

Կրեկ Գրիգորեան, որ ներկայիս Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան քարտուղարն է, վարչութեան անդամ վերընտրուելու համար իր թեկնածութիւնը դրած է Բ. ընտրատարածքին մէջ։ Ան հիմնադիր անդամ մըն է Կլենտէյլի կրթական հիմնարկութեան եւ առաջին անգամ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ ընտրուած էր 2001ին։ Վերջերս նաեւ Քալիֆորնիոյ կրթաշրջաններու միութեան անդամ նշանակուած էր։
Դոկտ. Արմինա Կարապետեան, որ ներկայիս Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետն է, իր թեկնածութիւնը դրած է Գ. ընտրատարածքին մէջ։ Ան անդամ է կրթաշրջանի վերահսկիչի՝ կալուածներու գծով խորհրդակցական մարմինին, գործօն անդամ մըն է ծնողաուսուցչական մարմինին մէջ, ինչպէս նաեւ «Վըրտուկօ Ուուտլենտզ» նախակրթարանի խորհրդատուական մարմինի անդամ է։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ պիտի զօրակցի քաղաքի գանձապահի պաշտօնին թեկնածու Ռաֆֆի Մանուկեանի, քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանի, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան (երրորդ տարածքի) անդամութեան թեկնածու դոկտ. Արմինէ Յակոբեանի եւ նոյն մարմինի երկրորդ տարածքէն իր թեկնածութիւնը դրած Էնն Հ. Ռանսֆըրտի ընտրապայքարներուն։
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը յորդորէ քուէարկողները, որ «այո՛» քուէարկեն L նախագիծին, որ կ՛առաջարկէ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն պաշտօնավարման շրջանը երեք տարուան վերածել:

Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուները հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու գծով նպաստաւոր դիրքորոշումներ որդեգրած են եւ մօտէն աշխատած Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։
Կլենտէյլ բնակող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները, այս քուէարկութեան մասնակցելու համար, պէտք է արձանագրուին մինչեւ Մարտ 20:
Արձանագրուելու գծով կամ ընտրական որեւէ այլ հարցումի համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու պատասխանատու Մարգարիտա Պաղտասարեանին՝ (818) 243-3444 թիւով կամ margarita@ancaglendale.org հասցէով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancaglendale.org կամ www.glendalevotes.org կայքերը։