ՊՈԼԻՍ.- Գերմանիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանտարկուած համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշը հրաւիրած է Պերլին: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Կապրիէլ Տեմիրթաշը հրաւիրած է Մարտ 12-13ին Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք՝ «Կառուցելով մեր ապագան. Յանուն ազատ, արդար եւ համերաշխ աշխարհի» խորագրեալ խորհրդաժողովին: Յունուար 30 թուակիր նամակին պատասխանած է քրտամէտ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, փոխնախագահ Հիշիար Էօզսոյ: Վերջինս ըսած է, թէ քանի որ Տեմիրթաշ կը գտնուի բանտի մէջ, անոր փոխարէն խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին կուսակցութեան այլ ներկայացուցիչներ: Ան նաեւ յայտնած է, որ նամակը փաստաբաններու միջոցով պիտի ուղարկուի Տեմիրթաշին: Յիշեցնենք, որ քրտամէտ կուսակցութեան երկու համանախագահները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան անդամ 10 այլ երեսփոխաններ, ներկայիս բանտարկուած են՝ «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» ամբաստանութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.