ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի գծով պատասխանատու Ալեքսանտր Պոթսան Հարշենքօ, մեկնաբանելով այն հարցումը, թէ Ռուսիա ի՞նչ դիրքորոշում ունի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Սուրիոյ մասնաճիւղը նկատուող «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ» կազմակերպութեան նկատմամբ, ըսած է, որ Մոսկուա քրտական այս երկու կազմակերպութիւնները ահաբեկչական խմբաւորումներ չի նկատեր։
«Այս երկու խմբաւորումները Ռուսիոյ մէջ պաշտօնապէս չեն ընդունուիր իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորումներ։ Ասոր առընթեր, Ռուսիա զգայուն վերաբերում որդեգրած է ահաբեկչական արարքներու դէմ։ Ռուսիան իր արժեւորումները կը կատարէ ահաբեկիչներու նկատմամբ բացուած հետաքննութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ», նշած է ան. միաժամանակ, ան դրական նկատած է այն իրողութիւնը, որ վերջին ամիսներուն Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւն սկսած է, եւ որ երկու երկիրներն ալ կը զօրակցին Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման։