ՊԷՅՐՈՒԹ.- 2018 թուականը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի նշանակալի եւ լուսաւոր ամեակներէն մէկուն՝ ՀՄԸՄի 100ամեակին: Այս առիթով, Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2017ին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց ՀՄԸՄի 100ամեակի աշխատանքներուն սկիզբը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, «Ազդակ»ի, «Վանայ Ձայն»ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Մարզիկ»ի խմբագիրը:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները, ապա պաշտօնապէս ներկայացուց ՀՄԸՄի 100ամեակի ընդհանուր ծրագիրը եւ աշխատանքները: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄի 100ամեակի գլխաւոր ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018ին, Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, իսկ բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն ընթացքին, 20էն 29 Յուլիս 2017ին, երբ տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄի Սփիւռքի գաղթօճախներու եւ բոլոր շրջաններու մարզախաղերը: ՀՄԸՄի 100ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքներուն համար կազմուած են հետեւեալ յանձնախումբերը՝ Կեդրոնական յոբելենական մարմին, ՀՄԸՄի 100ամեակի կեդրոնական յանձնախումբ, կեդրոնական գործադիր յանձնախումբ, Կեդրոնական քարոզչական յանձնախումբ, Կեդրոնական ընկերային յանձնախումբ, Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբ, որ պիտի ղեկավարէ 11րդ Համա-ՀՄԸՄական բանակումը եւ 100ամեակի սկաուտական բոլոր ձեռնարկները, իսկ մարզախաղերու յանձնախումբը կազմուած եւ արդէն աշխատանքի մէջ է:
Մկրտիչեան հաստատեց, որ աշխատանքներուն զուգահեռ պատրաստուած է 100ամեակի քայլերգ, որ մօտ օրէն սեփականութիւնը պիտի դառնայ ՀՄԸՄականներուն եւ հանրութեան:
Քայլերգին խօսքը կը պատկանի Ներսեհ Լիպարեանին (Գանատա), երաժշտութիւնը՝ Վահրամ Էմմիեանին (Լիբանան), իսկ կատարողութիւնը՝ Գառնիկ Սարգիսեանի: Նոյն առիթով պատրաստուած է 100ամեակի խորհրդապատկերը՝ Արի Պոյաճեանի կողմէ (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ): «ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»ն 100ամեակի նշանաբանն է՝ Վանիկ Գասարճեանի հեղինակութեամբ (Լիբանան): Խորհրդապատկերն ու նշանաբանը այս պահէն արդէն սեփականութիւնը կը դառնան աշխարհի բոլոր ՀՄԸՄականներուն: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով պիտի ունենայ իր կայքը, որ Մարտէն սկսեալ պիտի գործէ, ինչպէս նաեւ onlineshop, ուր ՀՄԸՄին պատկանող զանազան առարկաներ պիտի ներկայացուին ու վաճառուին: Այս առիթով նկատի առնուած է նաեւ ՀՄԸՄի նուիրուած գիտաժողով մը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Գառնիկ Մկրտիչեան՝ պատասխանելով ներկաներուն հարցումներուն՝ պարզաբանեց, որ Յոբելենական մարմինը ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած յանձնախումբ մըն է, որ պիտի դառնայ բոլոր յանձնախումբերուն վերին մարմինը: ՀՄԸՄի 100ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբը միայն Կեդրոնական վարչութեան հետ պիտի ծրագրէ եւ աշխատանքի բաժանումը պիտի կատարէ: Գործադիր յանձնախումբը Հայաստանի մէջ կատարուելիք ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար աշխատանք պիտի տանի: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ արդէն կազմուած է Կեդրոնական քարոզչական յաձնախումբը, որ պիտի պատրաստէ քարոզչական ծրագիր մը: Իսկ Ընկերային յանձնախումբը գործի պիտի լծուի բոլոր շրջաններէն ՀՄԸՄական քոյրերն ու եղբայրները Հայաստանի մէջ համախմբելու, որպէսզի մասնակցին մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն եւ փակման հանդիսութեան:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ նշեալ ձեռնարկները միայն ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան հետ կապուած կեդրոնական ձեռնարկներն են: Իսկ ՀՄԸՄի 9 շրջանային վարչութիւնները եւ 35 մեկուսի շրջանները աշխարհի տարածքին պիտի կազմակերպեն իրենց տեղական ձեռնարկները՝ 100ամեակին նուիրուած:
Հայաստանի մէջ 2018ին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին խօսելով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ պատմական արժէք ներկայացնող առարկաներու ցուցահանդէս պիտի կատարուի: Գիւմրիի մէջ, ըստ կարելիութեան, պիտի տեղադրուի Վահան Չերազի կիսանդրին, իսկ ՀՄԸՄի բանակավայրին մէջ պիտի զետեղուի նաեւ ՀՄԸՄի երրորդութեան կիսանդրին, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուի ՀՄԸՄի գլխաւոր ձեռնարկները եզրափակող յոբելենական պաշտօնական հանդիսութիւն:
Գառնիկ Մկրտիչեան, եզրափակելով ասուլիսը՝ ըսաւ. «ՀՄԸՄի 100ամեակի նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կատարուած են, կը մնայ զանոնք իրականութիւն դարձնել եւ իրագործել: Այս պահէն մեր ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնենք 2017ի մարզախաղերուն թուականը՝ Յուլիս 20էն 29, երբ ՀՄԸՄի 100ամեակի բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի, իսկ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան պիտի յայտարարուի ՀՄԸՄի 100ամեակի 2018ի ձեռնարկներուն պաշտօնական բացումը:
Թէեւ կը գիտակցինք, որ այս ծրագիրը լուրջ աշխատանք եւ կորովի մարդուժ կ՛ենթադրէ, բայց նոյն ատեն կը հաւատանք, որ ՀՄԸՄականներուն կամաւոր աշխատանքով եւ զոհաբերութեամբ, մենք պիտի յաջողինք եւ արժանավայել կերպով պիտի տօնենք ՀՄԸՄի փառահեղ 100ամեակը մեր հայրենիքին մէջ», հաստատեց Գառնիկ Մկրտիչեան: