ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուրբաթ, Փետրուար 10ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի մէջ պելոռուսական արտադրանքի վաճառքով զբաղող խանութին առջեւ:
Ցոյցի մասնակիցները կը մերժեն Հայաստանի մէջ պելոռուսական ապրանքներու վաճառքը՝ համարելով, որ վերջին շրջանին Պելոռուսի Հանրապետութեան վարած ատրպէյճանամէտ քաղաքականութիւնը կը հակասէ Հայաստանի շահերուն եւ կ՛անտեսէ մարդու ազատ տեղաշարժման իրաւունքը:
Ցուցարարները պելոռուսական խանութին դիմաց պարզած են պաստառներ՝ «Արցախ այցելելը յանցանք չէ», «Ո՛չ պելոռուսական արտադրանքին», «Հակահայ Պելոռուս», «Պելոռուսը Ատրպէյճանի կցորդն է» գրութիւններով: