ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սփիւռքի նախարարութենէն ի՞նչ կ՛ակնկալուի: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ որոշակի բանաձեւում մը տուած է իր կառավարութեան սպասումներուն՝ նշեալ նախարարութեան աշխատանքներէն.
«Մենք ձեր օղակները, հարթակը պէտք է օգտագործենք, որպէսզի ստանանք մուլտիպլիկատիւ էֆեկտ (բազմապատկուած արդիւնք-Խմբ.): Մեզ պէտք է կառավարման մշակոյթ, շփում մեր հայրենակիցների հետ: Որպէս պոտենցիալ դեսպաններ՝ յայտնի, յաջողակ հայերի միջոցով պէտք է բարձրացնենք մեր երկրի ճանաչելիութիւնը, զարգացնենք կառավարման մշակոյթը»:
«Սփիւռքահայութեան հետ կապի ամրապնդում» ընդհանուր նպատակին տակ այս ենթաբաժինը մեզմէ շատերուն չի վերաբերիր: Տարբեր բնագաւառներու մէջ «յաջողակ» սփիւռքահայերն են, որոնք առաջադրանք ունին դեսպանի դեր կատարելու եւ Հայաստանի ճանաչելիութիւնը ընդլայնելու: Նաեւ՝ կառավարման մշակոյթին քաջածանօթ մասնագէտները: Գոնէ այդպէս է՝ կառավարութեան ղեկավարին պատկերացումներուն մէջ: Հասարակ մահկանացուներս՝ մենք, պէտք է ձեւը գտնենք մեր աջակցութիւնը ցոյց տալու հայրենիքին:
Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան դաշտը բաւական ընդարձակ է, եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի աշխատասիրութեան մասին առասպելներ կարելի է հիւսել: Ներքնապէս, սակայն, կը զգանք որոշ անբաւարարուածութիւն մը, որուն հիմնական պատճառը այն համոզումն է, թէ Սփիւռքի հնարաւորութիւններու ճանաչման, ամբողջական գոյքագրման եւ այդ հնարաւորութիւններուն՝ դէպի հայրենիք ուղղորդման գործին մէջ կազմակերպակա՛ն խնդիր կայ:
Աշխատանքի ընդունուած մշակոյթը եւ այդ աշխատանքը քարոզելու մտահոգութիւնը որոշ ճնշումներու տակ կը դնեն նախարարութեան անձնակազմը՝ չափուող, տեսանելի գործեր կատարելու: Հանդիպումներ, խորհրդաժողովներ, ընդունելութիւններ, պարգեւատրումներ, հաւաքներ, «Արի Տուն»ի տարեկան ծրագիրներ եւ բազում այլ կարեւոր, նոյնիսկ՝ էական գործեր, որոնք բարենիշներ կ՛ապահովեն նախարարին ու նախարարութեան:
Այս բոլորը լա՛ւ են, սակայն չենք կարծեր, որ բաւարա՛ր են: Շատ աւելին կարելի է ընել, լո՛ւռ աշխատանքներ, որոնք քարոզչական նպատակի չեն ծառայեր, սակայն կը նպաստեն Սփիւռքի դժուարութիւններու եւ հնարաւորութիւններու ամբողջակա՛ն տիրապետման, առանց որուն՝ անկարելի պիտի ըլլայ այս աշխարհատարած իրականութեան բարիքները լիարժէքօրէն ներգրաւել հայութեան ազգային ձգտումներու իրականացման գործին, առաջնահերթաբար՝ անշո՛ւշտ, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման նպատակին մէջ:
Այո եւ Ուղղագրութիան Հարցը եւ Արեւմտահայերէնի ուսուցումը