ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միջազգային ֆինանսական ընկերութիւնը (IFC), որ Համաշխարհային դրամատան մասնաճիւղերէն է, կազ-մած է 140 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով միջազգային ֆինանսաւորման փաթեթ մը՝ «Որոտան» ջրաելեկտրակայան համալիրին համար, որ կը հանդիսանայ ուժանիւթ արտադրող Հայաստանի ամէնէն մեծ հաստատութիւններէն մէկը:
Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտի առաջին մեծ միջազգային պարտքի ֆինանսաւորման այս փաթեթը կը տրամադրուի «Կոնտուր Գլոբալ» միջազգային ընկերութեան դուստր կազմակերպութիւն հանդիսացող «Կոնտուր Գլոբալ հիդրօ կասկադ» միջազգային ընկերութեան, զոր 2015ին սեփականացուցած էր «Որոտան» ջրաելեկտրակայանի համալիրը:
Ֆինանսաւորման փաթեթը կազմուած է հետեւեալ ներդրումներով. IFC կը մասնակցի իր սեփական միջոցներէն յատկացուած 45 միլիոն ԱՄՆ տոլարի վարկով, 65 միլիոն ԱՄՆ տոլար վարկ կը յատկացնէ Գերմանական զարգացման դրամատունը, եւս 30 միլիոն ԱՄՆ տոլար կը յատկացնէ Գերմանիոյ ներդրումներու եւ զարգացման ընկերութիւնը:
Վարկային այս միջոցներով «Կոնտուր Գլոբալ» ընկերութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ վերանորոգելու 404 մեկաուաթ հզօրութիւն ունեցող «Որոտան» համալիրը, որու կազմածներու մեծ մասը գրեթէ չորս տասնամեակի հնութիւն ունի:
Նորոգութենէն ետք, համալիրը կրնայ արտադրել տարեկան 1,150 կիկաուաթ-ժամ ելեկտրականութիւն, որուն օգտագործումով հնարաւոր կը դառնայ կանխել տարեկան մօտաւորապէս 55,000 թոն ջերմոցային կազերու արտանետումը՝ 60,000 սպառողի կայուն կերպով մաքուր ուժանիւթ մատակարարելով:
«Շատ ուրախ ենք այս նորարարական, երկարաժամկէտ ֆինանսաւորման փաթեթը Որոտանին տրամադրելու աշխատանքներն աւարտելու կապակցութեամբ, ուստի ցանկանում ենք շնորհակալութիւն յայտնել IFC-ի, ԳԶԲի եւ ԳՆԶԿի մեր գործընկերներին՝ ծրագրին պատրաստակամօրէն մասնակցելու համար», յայտնեց «Կոնտուր Գլոբալ հիդրօ կասկադ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արա Յովսէփեան:
«Ցանկանում եմ նմանապէս շնոր-հակալութիւն յայտնել Հայաստանի կառավարութեանը՝ այս աշխատանքները մեծապէս դիւրացնելու համար: Վերջինս տրամադրում է կայուն, երկարաժամկէտ կապիտալ կառուցուածք, որը մեզ հնարաւորութիւն է տալիս շարունակել մեր աշխատանքը՝ միեւնոյն ժամանակ հաստատութեան համար ապահովելով համաշխարհային չափանիշներին համահունչ կատարողականութիւն, անվտանգութիւն, վստահելիութիւն եւ արդիւնաւէտութիւն», շեշտեց Յովսէփեան:
Նշենք, որ «Որոտան» ջրաելեկտրական համալիրը բաղկացած է երեք ջրաելեկտրակայաններէ, որոնք Հայաստանի մէջ արտադրուած ելեկտրականութեան 15 տոկոսը կը մատակարարեն: