ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 9ԻՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութեան Հայկական իրաւանաց դէտ յանձնախումբին կողմէ Փետրուար 1ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ գաղթականներու մուտքը արգիլելու գծով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Յունուար 27ին ստորագրուած հրահանգը խախտում մըն է ամերիկեան օրէնքներու եւ ներհակ է Միացեալ Նահանգներու ստանձնած միջազգային պարտաւորութեանց։
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ ամերիկեան եւ միջազգային օրէնքներու համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է իր սահմանները հասած բոլոր գաղթականներուն արտօնել, որ առնուազն ապաստանեալի դիմում ներկայացնեն՝ աւելցնելով, որ նման գաղթականներու պէտք է տրամադրուի մարդասիրական պաշտպանութիւն եւ իրենց իրավիճակը պատկան մարմիններու ներկայացնելու ազատութիւն։
Յանձնախումբը կ՛աւելցնէ, թէ հաւանաբար բաւարար արդարացումներ չկան կարգ մը երկիրներէ եկած բոլոր գաղթականներուն մուտքը արգիլելու որոշումին համար։ Յատկապէս մտահոգիչ կը նկատուի Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ նախապատուութիւն պիտի տրուի քրիստոնեայ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ՝ այդ անուղղակի միջոցառումները, որոնք գործնականապէս իսլամներու մուտքը արգիլող գործիքի մը կրնան վերածել նշեալ հրահանգը։
Այս մտահոգութիւնները քննարկելու համար, Հայ իրաւաբանական միութիւնը՝ համագործակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀԵԴին, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, Հայ իրաւաբանական ուսանողներու միութեան եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինին հետ, կը կազմակերպէ հանրային հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 9ին, երեկոյեան ժամ 8ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ (2242 E. Foothill Blvd, Pasadena, CA 91107)։